Սեբաստացի Մուրատ. Հայկական ազատամարտի դիւցազնական Ֆետային – ծննդեան 140-ամեակ
4 Օգոստոսին, 96 տարի առաջ, Պաքուի հայութիւնը կենաց-մահու կռիւ կը մղէր թրքական զօրքերու եւ անոնց զինակցած մուսաւաթական թաթարներուն դէմ։
Թէեւ Առաջին Աշխարհամարտը մօտեցած էր իր աւարտին, բայց Պաքուի նաւթահորերուն տիրանալու համար կատաղի ու վերջին պայքար մը կը մղուէր մէկ կողմէ թուրք-գերման զինակիցներուն, իսկ միւս կողմէ ռուս-անգլիացի դաշնակիցներուն միջեւ։
1917ի Հոկտեմբերին պոլշեւիկներու իշխանութեան գլուխ գալով եւ ռուսական զօրքին ուղղուած Լենինի տուն-դարձի կոչով՝ ռուսեւթրքական ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքին ծայր առած էր կազմալուծումը. ամէնուր ռուս զօրքի դասալքութիւն ու նահանջ էր՝ պատճառ դառնալով, որպէսզի Հայ Կամաւորական Գունդերն ու ռուսական բանակի հայ սպաներն ու զինուորները առանձին մնան թրքական զօրքերուն եւ անոնց միացած թուրք-թաթար զինեալներուն դէմ, նախիջեւանէն մինչեւ Պաքու։
Փետրուար 1918էն սկսեալ, ռուս-թրքական ռազմաճակատի կազմալուծումէն օգտուելով՝ Նուրի փաշայի թրքական զօրաբանակը ամէն գնով կþարշաւէր դէպի Պաքու, գերման իր զինակիցին նաւթով ապահովելու ռազմավարական պատրուակով համաթրքութեան երազը իրականացնելու համար։ Պաքուի մուսաւաթականները, իրենց թուրք «եղբայրներ»ուն դիմաւորելու նպատակով, ոտքի հանած էին թուրք-թաթար բնակչութիւնը՝ զինելով եւ յատկապէս հայերու դէմ գրգռելով։
Հակադարձաբար՝ ռազմավարական աննախադէպ զինակցութիւն կնքուած էր Պաքուի հայութեան քաղաքական ուժերուն միջեւ։ Ազգային Խորհուրդը՝ Դաշնակցութեան գլխաւորութեամբ եւ ռուս սոցիալիստ-յեղափոխականներուն մաս կազմող հայ գործիչներու աջակցութեամբ, միացեալ ճակատ կը կազմէր հայ-ռուս-թուրք պոլշեւիկներու հետ, որոնց ղեկավարն էր Ստեփան Շահումեան։ Ռուսական բանակի եւ կարմիր ջոկատայիններու հետ կռուի դաշտ կþիջնէին դաշնակցական խումբերու։ Կը ստեղծուէր ընդհանուր հրամանատարութիւն՝ ռուսական բանակի գնդապետ Աւետիսեանի ղեկավարութեամբ եւ հայդուկապետ Համազասպի փոխ-հրամանատարութեամբ։
Առանձին անդրադարձի արժանի է Պաքուի Կոմունայի եւ ընդհանրապէս 1918ի Պաքուի հայութեան հերոսամարտին պատմութիւնը՝ իր դրական նուաճումներով եւ անփառունակ վախճանով։ Բայց անմիջապէս ընդգծումի արժանի է, որ ամիսներու հերոսական դիմադրութենէ ետք, Լենինեան կեդրոնական իշխանութեանց ու գերման-թուրք ճակատի միջեւ կնքուած գաղտնի թէ բացայայտ համաձայնութեանց հետեւանքով՝ Պաքուն լքուեցաւ իր բախտին, Շահումեանի կառավարութիւնը իր կուսակիցներով, ռազմամթերքով եւ պետական գանձով բարձրացաւ նաւերը եւ փորձեց, փախուստ տալով, սեփական գլուխը ազատել, հակառակ անոր որ անգլիական զօրքը արդէն Պարսկաստան կը գտնուէր եւ ի վիճակի էր օգնութեան հասնելու Նուրի փաշայի զօրքերուն եւ մուսաւաթական զինեալներուն կողմէ պաշարուած Պաքուի հայութեան։
Յուլիս 30ին Շահումեան եւ պոլշեւիկները փախուստի դիմեցին եւ Պաքուի Ազգային Խորհուրդը՝ Ռոստոմի ու Աբրահամ Գիւլխանդանեանի ղեկավարութեամբ, ինքնապաշտպանութեան օրհասական կռիւը մղելու պատմական որոշումը տուաւ։ Անշուշտ հայոց դիմադրականութեան օգնեց նաեւ Պարսկաստանէն ստացուած անգլիական զօրքի հրամանատարութեան օգնութեան հասնելու խոստումը բերող ռատիօ-հեռագիրը։ Բայց առանց այդ յոյսին ալ, հայութիւնը տարբեր ելք չունէր։ Թուրքը կու գար ամբողջացնելու իր սկսած ցեղասպանական ոճիրը եւ հայը իր սեփական բազուկով պիտի պաշտպանուէր…
Ահա՛ այդ օրհասական պահուն Պաքուի հայութեան՝ գնդապետ Աւետիսեանի եւ Համազասպի տասը հազարնոց հայկական զօրքին օգնութեան հասան, Ռոստոմի պահանջին ընդառաջելով, դաշնակցական ֆետայիի հերոսական ուղի նուաճած Սեպուհն ու Սեբաստացի Մուրատը իրենց խումբերով։
Եւ Յուլիս 31էն մինչեւ Օգոստոս 5 ահեղ կռիւներ մղուեցան Պաքուի մէջ Նուրի փաշայի աւելի քան 20 հազար զինուոր եւ հազարաւոր մուսաւաթական զինեալ հաշուող զօրքի խուժման դէմ։ Ռազմական գերակշռութիւնը թրքական կողմին կը պատկանէր, անգլիական զօրքը կþուշանար, բայց Պաքուի պաշարուած հայութիւնն ու հայկական զօրքը անտեղիտալիօրէն կը պայքարէին…
Եւ 4 Օգոստոսին, երբ թրքական զօրքերը ուժեղ յարձակողականով մը վերջին ու մահացու հարուածը կը փորձէին հասցնել հայկական ուժերուն, դիւցազնական խոյանքներու անզուգական հերոսը՝ Մուրատ կացութիւն փրկեց, իր ուժերով ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող բլուր մը գրաւելով եւ թրքական ուժերը երկուքի բաժնելով, ընդհանուր խուճապի մատնելով եւ զանոնք փախուստի մղելով։
Յաղթական այդ ճակատամարտին կերտիչն ու նահատակը եղաւ, միաժամանակ, Սեբաստացի Մուրատ, որ Սասնոյ լեռներուն, Վասպուրականի տարածքին եւ Սեբաստիոյ մէջ ընդ հուր եւ ընդ արիւն երկար ճամբայ կտրելէ ետք՝ առյաւէտ փակեց աչքերը Պաքուի մէջ։
Առասպելական տիպար էր Մուրատ՝ քաջ ու յանդուգն ֆետայի, դիւցազնական հերոս։ Ծնած էր Սեբաստիոյ Կովտուն գիւղը, 1874ին, հայ բոշայական ընտանիքի մէջ։ Ինչպէս հայ բոշայական ծագում ունեցող Կոմսն (Վահան Փափազեան) ու գրող Վրթանէս Փափազեանը, Սեբաստացի Մուրատ եւս ամբողջական հայու իր կերպարը ստեղծեց եւ հայ ժողովուրդի յաւերժական հերոսներու փաղանգին մէջ արժանաւոր դիրք գրաւեց։ Իր գիւղի Թէոդիկեան դպրոցին մէջ երկար չդիմացաւ։ Իր ըմբոստ ու ազատութիւնը սիրող նկարագրով՝ հազիւ պատանի, հեռացաւ դպրոցական կեանքէն ու խաշնարածութեան նուիրուեցաւ։ Լեռներու սիրահար եւ վարպետ որսորդ Մուրատի կեանքը կտրուկ փոխուեցաւ, երբ հովիւ եղած ատեն պատահական թուրքեր յարձակեցան վրան՝ զինք սպաննելու եւ հօտը գողնալու համար։ Մուրատ սպաննեց յարձակող թուրքերէն մէկը եւ միւսներուն փախուստի մատնեց։ Ոստիկանութիւնը չկրցաւ Մուրատին ձերբակալել, բայց փոխարէնը՝ հօրը բանտարկեց եւ Մուրատ ստիպուեցաւ յանձնուիլ, որպէսզի փրկէ հօրը։ Բանտարկուեցաւ, բայց կարճ՝ քանի մը ամիս տեւեց բանտարկութիւնը, որովհետեւ անչափահաս էր։ Ազատ արձակուեցաւ, բայց հեռացուեցաւ Սեբաստիայէն։ Անցաւ Պոլիս, ուր Պոմոնթիի գործարանին մէջ բեռնակրութիւն ըրաւ եւ երեկոները դպրոց յաճախեց՝ տարրական ուսման եւ գրագիտութեան տիրանալու համար։
Նոյն շրջանին անդամակցեցաւ Հնչակեան կուսակցութեան, որուն կողմէ նախաձեռնուած Աչըքեան պատրիարքին դէմ ցոյցին մասնակցած ըլլալու մեղադրանքով Մուրատ դարձեալ ձերբակալուեցաւ։ Այս անգամ եւրոպական միջամտութեանց շնորհիւ աքսորուեցաւ Պոլիսէն իր ընկերներով։ Անցաւ Եգիպտոս ու Յունաստան։ Բայց արդէն չէր կրնար Երկրէն հեռու մնալ։ Գնաց Թիֆլիս, ուր նորակազմ Դաշնակցութիւնը ի մի կը խմբէր գաղափարապաշտ հայ երիտասարդները՝ Դէպի Երկիր խումբեր կազմելով։ Մուրատ անդամագրուեցաւ Դաշնակցութեան եւ ուղարկուեցաւ Կարս՝ հոնկէ Երկիր անցնելու համար։
1903ին իրականացաւ Մուրատի տարիներու երազը, երբ Թորգոմի առաջին խումբին հետ, իբրեւ պարզ զինուոր, մտաւ երկիր։
Մուշ եւ Սասուն, Հրայր Դժոխքի եւ Գէորգ Չաւուշի կողքին, Սեբաստացի Մուրատ ոչ միայն կրակէ մկրտութիւն ստացաւ, այլեւ՝ իր բնատուր ֆիզիքական ուժով, մարտիկի խիզախութեամբ եւ դիւցազնական նկարագրով անմիջապէս գրաւեց բոլորին ուշադրութիւնը։ Կարգուեցաւ խմբապետ եւ 1904ի գարնան, երբ Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան հրամանատարական կազմը կþորոշուէր, Մուրատի առաջարկուեցաւ ընդհանուր հրամանատարի պատասխանատուութիւնը։ Բայց Մուրատ կտրականապէս մերժեց եւ պնդեց, որ Անդրանիկն է այդ պաշտօնին արժանաւոր տէրը։ Եւ այսօր արդէն պատմական դարձած է այդ առթիւ Մուրատի արտասանած խօսքը, թէ՝ «Անդրանիկն է այդ առաջնորդը եւ եթէ անգամ նա մեռած լինի, իր դիակը մեր դրօշակին հետ պէտք է տարուի մեր առջեւէն.- դէպի կռիւ ու ազատութիւն»։
Մուրատի անուան շուրջ առասպելներ շատ հիւսուեցան Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան շրջաին՝ իր քաջագործութիւններուն բերումով։ Յատկապէս հռչակ ստացաւ Մուրատի հերոսական գործունէութիւնը՝ 1904ի ամրան, Սասնոյ ապստամբութեան աւարտէն եւ Աղթամար կղզի հաւաքուած ֆետայիներու նշանաւոր ժողովէն ետք, երբ թրքական զօրքերու պաշարման շղթան ճեղքեց, թրքական նաւ մը գրաւեց եւ իրեն հետեւող ժողովուրդն ու ֆետայիները ապահով Պարսկաստան հասցուց։ Այդ առիթով, Ս. Թադէի վանքի պատերուն, ֆետայիներու յատուկ արձանագրութիւն ձգելու սովորութեամբ, Սեբաստացի Մուրատ իր կարգին փորագրեց հետեւեալը.
-«Անցանք մենք ընդ հուր եւ ընդ ջուր, իսկ ես կþաւելցնեմ նաեւ ընդ արիւն եւ նորէն կերթանք դէպի հուր եւ արիւն»։ Այդպէ՛ս հունաւորուեցաւ Մուրատի ողջ կեանքը։
1905ի հայ-թաթարական կռիւներու ամբողջ տեւողութեան, Նիկոլ Դումանի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ մղուած մեր ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան պայքարին յառաջապահներէն հանդիսացաւ Սեբաստացի Մուրատ։ Յատկապէս Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի ճակատներուն վրայ դիւցազնական մարտեր ղեկավարեց, դարձաւ Ղափանի հայութեան պահապան բազուկը։
1906ին վերադարձաւ Սասուն, մասնակցեցաւ 1907ի հերոսական կռիւներուն։ Եւ երբ ապստամբութեան աւարտին, Անդրանիկի գլխաւորութեամբ, Սասնոյ դիւցազունները դուրս եկան արծուեբոյնէն, Մուրատ իր կարգին անցաւ արտասահման եւ մասնակցեցաւ Վիեննայի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին։ Վճռորոշ եղաւ Սեբաստացի Մուրատի ներդրումը Դաշնակցութեան ներքին միասնութիւնը գաղափարական եւ քաղաքական առումներով ամրապնդող այդ ժողովի աշխատանքներուն մէջ, դաշնակցական մարտիկներու կամքը ներկայացնելով։
Ընդհանուր Ժողովի աւարտին եւ ժողովի իսկ որոշումով, Մուրատ ուղղուեցաւ դէպի Պարսկաստան՝ իր պատասխանատու մասնակցութիւնը բերելու համար Սահմանադրական ուժերու կողքին Դաշնակցութեան ծաւալած աշխոյժ գործունէութեան։
1908ին, հռչակուեցաւ Օսմանեան Սահմանադրութիւնը, Մուրատ երկար ժամանակի համար վերադարձաւ Սեբաստիա։ Բնաւ չհաւատաց Սահմանադրութեան եւ տենդագին շարունակեց ժողովուրդի զինման եւ երիտասարդներու պատրաստութեան գործը։ 1910ին, իր ընկերներու եւ շրջապատի ճնշման տակ, ամուսնացաւ՝ Դանիէլ Վարուժանի կնքահայրութեամբ, որ Մուրատի պաշտողներէն էր եւ անոր նուիրած է իր լաւագոյն քերթուածներէն մէկը։
Առաջին Աշխարհամարտի նախօրէին, երբ Իթթիհատական ոճրապետութիւնը ձեռնարկեց հայերու զինուորագրումին, Մուրատ ըմբոստացողներէն մէկը եղաւ՝ իր զինակցներով քաշուելով լեռները, որպէսզի ապստամբ հայերու պատրուակ չտայ թուրքերուն։ Լեռներու վրայ Մուրատ դարձաւ հայկական գիւղերու պահապան հրեշտակը՝ թուրք եւ քիւրտ ասպատակողներու դէմ։ Եւ երբ թրքական ճնշումը սաստկացաւ եւ տարագրութիւնն ու ջարդերը համատարած բնոյթ ստացան, Մուրատ ապրեցաւ իր կեանքին մեծագոյն ոդիսականը։ Հարիւրաւոր գաղթական ժողովուրդի եւ զինեալ երիտասարդութեաան գլուխն անցած՝ Մուրատ դժուարին ճամբորդութիւն մը կատարեց, թուրքերու կողմէ բռնագրաւուած առագաստանաւով, դէպի Պաթում. Մուրատի ոդիսականին պատմականը եւ արժեւորումը այնքան հարազատօրէն ու առասպելական շունչով կատարած է Զապէլ Եսայեան։
Կովկաս հասնելով՝ Մուրատ ամբողջապէս նուիրուեցաւ Կամաւորական շարժման։ Ռազմաճակատներու վրայ, հերոսական իր խոյանքներով, միշտ կացութիւններ փրկեց։ Եւ Արեւմտահայաստան մտնող ռուսական զօրքերուն ու հայ կամաւորներուն հետ՝ Սեբաստացի Մուրատ եւ Կայծակ Առաքել պատմական տարողութեամբ փրկարար գործ կատարեցին, երբ Հայկական Բարձրաւանդակի տարածքին ցիրուցան եղած եւ քրտական ցեղախումբեր ինկած հայ բեկորներու ազգահաւաքին ձեռնարկեցին։ «Մէկ հայ, մէկ ոսկի» կարգախօսով՝ անոնք Կովկասէն նուիրահաւաք կատարեցին եւ հայ բեկորները… «գնեցին» քիւրտերէն։
Ռուսական զօրքի նահանջէն եւ, այնուհետեւ, լենինեան տխրահռչակ «տուն¬դարձ»ի կոչէն ետք, Մուրատ եւ Սեպուհ, որոնք Սասնոյ կռիւներու օրերէն անբաժան դարձած եւ եղբայրացած էին, փութացին հոն, ուր հայութեան վտանգ կը սպառնար։
Այդ ճամբով ալ անոնք՝ Սեպուհ եւ Մուրատ երկուքով, 1918ին, յայտնուեցան Պաքու՝ մեծ ոգեւորութիւն առաջացնելով իրենց երբեմնի ընկերոջ, Համազասպի հրամանատարութեան տակ կռուող հայ քաջորդիներու շարքերուն մէջ։
Բայց ճակատագիրը դասաւորած էր այնպէս, որ Պաքուի հայոց հերոսամարտը դառնայ հայ ազգային-ազատագրական շարժման դիւցազնական այս հերոսին՝ առասպելատիպ Սեբաստացի Մուրատին վերջին խոյանքին ժամադրավայրը։
4 Օգոստոս 1918ին նահատակուեցաւ Մուրատ՝ պատրաստելով յաջորդ օրուան, 5 Օգոստոս 1918ի Պաքուի հայութեան յաղթանակը Նուրի փաշայի թրքական զօրքերուն դէմ։
Եւ հերոսի փառքով հողին յանձնուեցաւ Հայաստանի ինքնատիպ ծնունդ այս դիւցազնը։
Ն.