Թորոնթոյի մեր հայ ոստանի լուսաշող ապագայի կերտման հեռանկարով
Երիտասարդութիւնը կարիք ունի համախմբման վայրերու, աճելու եւ զարգանալու առիթներուն:
Երիտասարդութիւնը կարիք ունի ստեղծագործելու, աշխատելու եւ ազատ արտայայտուելու առիթներու:
Երիտասարդութիւնը կարիք ունի պարծանքի եւ հպարտութեան պատճառներ գտնելու ոչ միայն անցեալէն, այլ նաեւ` ներկայէն:
Իսկ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը այն առողջ միջավայրն է, որ կը գոհացնէ երիտասարդին պէտքերը եւ այդպիսով կը նպաստէ հասարակական գործունէութեան ծաւալումին եւ երիտասարդութիւնը կը յաջողի հեռու պահել յոռի բարքերէ, ապազգայնացումէ, օտարին յանձնուելու գործընթացներէ:
Այս մէկնակէտով, ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէն ծրագրեց ու կազմակերպեց «Սորվելով անցեալէն, դիմակալել ներկան եւ կերտել ապագան» խորագիրով համաժողով մը, որուն նպատակն էր համախմբել Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ Սբ. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ գործող երիտասարդ անդամները (40 տարեկան եւ վար), անոնց ներկայացնել անցեալի յաջողութիւններն ու դժուարութիւնները, կեդրոններու ու անոնց հովանիին տակ գործող կազմակերպութիւններու ներկայ իրավճակը, մարտահրաւէրները եւ այս բոլորէն ետք երիտասարդներու ներդրումով մշակել ապագայի ծրագիրներ ու ճշդել կառոյցը կանգուն պահելու ու յառաջ տանելու միջոցներու ու ծրագիրներու առաջնահերթութիւնները:
Արդարեւ, 14 յունիս 2014ի առաւօտեան, շուրջ 35 երիտասարդներ, ընդառաջեցին կոմիտէի հրաւէրին եւ ի մի խմբուեցան Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս, մասնակցելու համար համաժողովին, որ ձեռնհասօրէն վարեց Գրիգոր Շահինեան: Ան բացատրեց որ համաժողովը նաեւ կը նպատակադրէ վեր առնել գործունեայ Թորոնթոհայ գաղութի կարեւորութիւնը եւ անոր ընդմէջէն արծարծել գաղութն ու կեդրոնը աւելի բարձր թիրախներու հասցնելու միջոցները եւ հաստատել որ երիտասարդները պատրաստ են գաղութի ղեկավարութեան պաշտօնը ստաձնելու:
Ապա ցուցադրուեցաւ Հայ Կեդրոնի հիմնադրութիւնը ամփոփող տեսերիզ մը, պատրաստուած Թորոնթոյի «Նոր Հայ Հորիզոն» հեռուստաժամի կողմէ, որմէ ետք Լեւոն Հասըրճեան մանրամասնօրէն տեղեկացուց Հայ Կեդրոնի, ՀՕՄի Պապայեան Մանկապարտէզի, Գոլոլեան Նախակրթարանի եւ Երկրորդական Վարռարանի ու Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ կառուցման բոլոր փուլերը, վեր առնելով անձնուրաց ազգայիններու զոհողութիւնն ու անոնց յաղթահարած անհամար դժուարութիւնները՝ ապագայ սերունդին պարգեւելու համար հայակերտ ամրոց մը, ուր հեզասահօրէն կարելի պիտի ըլլար բեղուն ազգային կեանք վարելը: Հասըրճեան նաեւ անդրադարձաւ հայրենիքին օգտակար դառնալու թորոնթոհայութեան բոլոր աշխատանքներուն, սկսելով աղիտալի երկրաշարժէն, անցնելով Արցախեան գոյամարտ, հասնելով մինչեւ մեր օրերը: Աւարտին Հասըրճեան եզրակացուց որ Թորոնթոհայ գաղութը ունի 3 սերունդ՝ Հիմնադիրներու սերունդ, որ յատկաշուած է յաձնառութեամբ, զոհողութեամբ եւ սահմանափակ միջոցներով համարձակութիւնը ունենալու՝ մեծ քայլ մը առնելով, Ընդլայնման սերունդ, որ աւելի բարօր պայմաններու մէջ ծաւալեց կեդրոնի շէնքը ու գաղութի գործունէութիւնը եւ վերջապէս՝ Բարեկարգիչ ու Պահպանող սերունդ՝ որուն արդէն փոխանցուած է այն բոլորը որոնց կը կարօտի եւ որուն կը մնայ զանոնք պահպանել եւ փորձել ընդարձակել: Այս վերջին սերունդը այսօրուան երիտասարդն է եւ իր պատասխանատուութիւնն է կայուն պահել Հայ Կեդրոնը եւ տէր կանգնիլ Թորոնթոհայ գաղութին:
Կարճ դադարէ ետք, Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութեան եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն անդրադարձաւ Վազրիկ Շարապխանեան: Ան վեր առաւ յանձնախումբի յաջողութիւնները՝ Toronto District School Boardի (TDSB) ուսումնական ծրագիրին մէջ ցեղասպանութեըան դասընթացքի ներմուծումը, TDSBի ընտրութիւներուն հայ թեկնածուի յաջողութիւնը, եւ Ճորճթաուն ագարակատան պատմական վայրի նշումը: Ապա խօսեցաւ քաղաքական լոպիինկի կարեւորութեան մասին, նշելով որ այդ ընդարձակ աշխատանքին համար մարդուժի կարիքը էական է: Շարապխանեան աւելցուց որ քաղաքական պաշտօնատարներու ընտրապայքարներուն օգտակար դառնալը մեծապէս կը նպաստէ մեր պահանջները յառաջ մղելու եւ այդ ծիրին մէջ եւս կարիքը կայ երիտասարդ ուժերու, մանաւանդ այս օրերուս երբ թրքական լոպին բաւական յառաջացած է: Ներկայացումի աւարտին, ցուցադրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան դէմ թրքական ուրացման քաղաքականութեան միջոցներուն անդրադարձող տեսերիզ մը, արձանագրուած Թորոնթոյի քաղաքապետական խորհուրդի 23 ապրիլ 2014ի նիստի ընթացքին, երբ կ’արծարծուէր Թորոնթոյի մէջ հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթող կանգնեցնելու հարցըը:
Շարապխանեանի յաջորդեց Րաֆֆի Սարգիսեան որ համապարփակ ձեւով ներկայացուց «Սարա Գորնինկ» Ցեղասպանութեան Դաստիարակութեան Կեդրոնի հիմնումին տուն տուող պատճառները, կեդրոնի կարեւորութիւնը՝ ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու գործընթացին մէջ, գործելադաշտը եւ ձեւերը որոնցմով երիտասարդները կրնան օգտակար դառնալ այս կեդրոնի աշխատանքներուն եւ անոր ընդմէջէն Հայկական Ցեղասպանութիւնը ծանօթացնել Գանատայի տարածքին:
Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի աշխատանքները ներկայացուց Տարօն Քէսքինեան: Ան յատկապէս անդրադարձաւ Թորոնթոյի մէջ տեղի ունենալիք քաղաքական, մշակութային, հանրային-յարաբերական, կրօնական ու կրթական ծրագիրներուն ու կարեւորեց երիտասարդ ուժերու ներդրումը:
Համաժողովին վերջին եւ ամէնակարեւոր բաժինով, մասնակիցները բերին իրենց ներդրումը՝ աշխատանոցներու ընդմէջէն ուսումնասիրելով այսօրուան ղեկավարներուն առջեւ ծառացող ապագայի հիմնական որոշումներն ու ծրագիրները եւ զանոնք առաջնահերթութեան կարգով շարելով: Նշելի են՝ ՀՕՄի վարժարանի ընդլայնումը, Հայաստանէն արտագաղթած եւ Թորոնթօ բնակութիւն հաստատած հայրենակիցներու ներգրաւում, Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբի արհեստավարժ գրասենեակի ստեղծում եւ Հայագիտական Ամպիոնի հաստատում եւ հասութարկում:
Բոլոր երիտասարդները անխտիր օգտաշատ գտան այս համաժողովը եւ խոստացան ջանք չխնայել մասնակցելու բոլոր աշխատանքներուն: Կը մնայ խօսքը վերածել գործի, որովհետեւ Հայ Յեղափոխական Դաշակցութեան հիմնադիրներէն՝ Սիմոն Զաւարեանի «կտակ»ով՝ «խօսքը առանց գործի մեռեալ է»:
ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» Կոմիտէ