ԱՆԹԱՔԻՈՅ, ԻՍՔԷՆՏԷՐՈՒՆԻ ԵՒ ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԱՅԵՐԸ

\n

 

\n

\n

Մուսա լեռցիները Փորթ Սայիտի մէջ

\n

Նախապէս հաղորդած էինք, որ պատմաբան Օսման Քէօքէրի նոր նախաձեռնութեամբ բացուած էր քարթ-փոսթալներու նոր ցուցահանդէս մը, որ կը ցոլացնէր հարիւր տարի առաջ Անթաքիոյ, Իսքէնտէրունի եւ Մուսա Լերան հայերու կեանքն ու ազգային հաստատութիւնները։ Օսման Քէօքէր, ինչպէս նախորդ ցուցահանդէսներուն, այս անգամ ալ կ՚օգտագործէր Օրլանտօ Գարլօ Գալումէնոյի քարթ-փոսթալներու անօրինակ կերպով ճոխ հաւաքածոն։ Ցուցահանդէսը արդէն մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էր։ 

Այս առիթով Օսման Քէօքէրի հիմնած «Պիր Զամանլար Եայընճըլըք» մատենաշարէն լոյս տեսաւ նոր հատոր մը, որ հարուստ է ո՛չ միայն ցուցահանդէսի ընթացքին ցուցադրուած քարթ-փոսթալներու նկարներով, այլ նաեւ Անթաքիոյ, Իսքէնտէրունի եւ մանաւանդ Մուսա Լերան մասին պատմական տեղեկութիւններով։ Օսման Քէօքէր այս կերպով դարձեալ շատ կարեւոր նպաստ ու ծառայութիւն մը կը բերէ Հայ մշակոյթին ու անցեալին։ Ան շատ խղճամիտ կերպով պատրաստած ու գրի առած է այդ բնաշխարհին մէջ գտնուող քաղաքներուն ու հայերուն մասին պատմական տեղեկութիւններ, անոնց անգլերէն զուգահեռ թարգմանութիւններով։ Օրինակ, հետաքրքրական է կարդալ որ Հայերը առաջին անգամ Անթաքիա (Անտիոք) եկած են Ք. Ա. 83-64 թուականներուն, Մեծն Տիգրանի առաջնորդութեամբ։ Յաջորդող դարերու ընթացքին, այդ տարածքին մէջ հայերը երբեմն բարգաւաճած են, երբեմն նահանջած են ըստ քաղաքական վերիվայրումներու։ Քէօքէր այս պատմութիւնը կը բերէ մինչեւ մեր մօտիկ անցեալը ու մանրամասնօրէն կը պատմէ նաեւ տեղահանութեան ընթացքին Մուսա Լեռցիներու դիմադրութիւնը, ապա անոնց ֆրանսական նաւերով տեղափոխուիլը։

\n

Գրքին ետեւի կողքին վրայ կայ յուզիչ հատուած մը։ Կը կարդանք. «Ասկէ մօտաւորապէս հարիւր տարի առաջ այսօրուան Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ կային աւելի քան հազար գիւղեր որոնց բնակչութիւնը ամբողջովին կամ մեծ մասամբ հայերէ կը բաղկանար։ Այսօր միայն մէկ գիւղ մնացած է։ Վագըֆլը գիւղը։ Այս գիրքը պատրաստուեցաւ Վագըֆլը գիւղի պատմութեան վրայ լոյս սփռելու նպատակով, բայց վերջին հաշուով երեւան եկաւ Իսքէնտէրունի, Անթաքիոյ ու Մուսա Լերան հայերուն պատմութեան մասին լայն ուսումնասիրութիւն մը»։

\n

\n

Օսման Քէօքէր

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.