ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԷ ԿԱՌՈՒՑԵԼ ՆԱԵՒ 3-ՐԴ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԿԱՅԱՆԸ
\n
\n
Երկու հիւլէական կայաններու կառուցման ծրագիրի հաստատումէն ետք՝ թրքական իշխանութիւնները մտադիր են նախաձեռնելու նաեւ երրորդի կառուցումը։ Մէտիա 365 կայքը կը հաղորդէ, որ երրորդ հիւլէական կայանը կը նախատեսուի կառուցել դարձեալ սեւծովեան Սինոփ շրջանին մէջ, ուր արդէն որոշուած էր մէկ այլ հիւլէական կայան կառուցել։ Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը արդէն սկսած է կառուցուելիք 3-րդ հիւլէական կայանի վայրի ընտրութեան նախապատրաստական աշխատանքները։
Այն մտահոգութեան, թէ երկու հիւլէական նոյն վայրին՝ Սինոփի մէջ կառուցելը արդեօք խնդրահարոյց ու վտանգաւոր չէ, պատկան մարմինները, ըստ նոյն աղբիւրի, պատասխանած են. «Սինոփը ըստ էութեան ունի հիւլէական կայանի կառուցման համար անհրաժեշտ պայմաններ։ Արդէն պատրաստ եղող հնարաւորութիւնները 3-րդ հիւլէական կայանի համար ալ կրնան օգտագործուիլ»։
Թուրքիան ելեկտրականութեան պահանջի աճի ցուցանիշով Եւրոպայի մէջ առաջինը կը համարուի, աշխարհի մէջ՝ երկրորդը, Չինաստանէն ետք։ Այժմ Թուրքիան ուժանիւթի հարցին մէջ մեծ կախուածութիւն ունի արտաքին աշխարհէն։ Տարեկան իր սպառած կազի 98, քարիւղի 92 եւ ածուխի 30 առ հարիւրը Թուրքիան կը ներածէ արտերկրէն։ Մինչեւ Թուրքիոյ հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակը (2023 թուականին) թուրքերը ծրագրած են ունենալ 3 հիւլէական կայան։
Կայքը կը յիշեցնէ, որ նախորդ 2 հիւլէական կայանի կառուցման ծրագիրները Թուրքիան որոշած է իրականացնել Ռուսիոյ, Ճափոնի եւ Ֆրանսայի հետ համատեղ։ Ըստ նախատեսութեան, Միջերկրական ծովու Աքքույու շրջանին մէջ թուրքերը ռուսերու հետ պիտի կառուցեն հիւլէական կայան, որ պէտք է շահագործման յանձնուի 2022 թուականին։ Իսկ Սինոփի մէջ ճափոնցիներու եւ ֆրանսացիներու հետ համագործակցութեամբ պէտք է կառուցուի 2-րդ հիւլէական կայանը։ Հաշուարկուած է, որ նշեալ բոլոր հիւլէական կայաններու կառուցման ու շահագործման իբրեւ արդիւնք՝ Թուրքիան պիտի կարողանայ 16 միլիառ խորանարդ կազ նուազ ներածել՝ այդպիսով խնայելով տարեկան աւելի քան 7 միլիառ տոլար։
\n