Ֆրանսայի Նախագահը Կը Յարգէ Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը
1764
0
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ Երկուշաբթի օր նախագահ Սերժ Սարգսեանի ընկերակցութեամբ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ դրաւ Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յուշարձանին ու խոնարհեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաերժացնող անմար կրակին մօտ: Ֆրանսայի նախագահը նաեւ եղեւնի տնկեց յուշահամալիրի Յիշողութեան պուրակին մէջ: