Աղուան Վարդանեան Համաձայն Չէ Հայ-Թրքական Արձանագրութիւններուն Վերաբերող Սերժ Սարգսեանի Որոշ Դիտարկումներու

\n

\n ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».– «Դեռեւս 2013 թուականի Յունուարին է հանրապետութեան նախագահն ասել, որ մեր ժամկէտն անսահման չի, եւ որոշակի խելամիտ ժամկէտից յետոյ, եթէ Թուրքիան իր պարտաւորութիւնը չկատարեց, մենք կարող ենք ետ կանչել մեր ստորագրութիւնը», «Առաւօտ»ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ Աղուան Վարդանեան: Ան կ՛անդրադառնար պաշտպանութեան նախարարութիւն կատարած այցելութեան ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վերաբերող յայտարարութիւններուն, որոնց ընթացքին ան յայտնած է, որ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վերաբերեալ նախկին բոլոր թերահաւատութիւնները անհիմն էին: Նաեւ նախագահի մամլոյ խօսնակը օր մը ետք ըսած էր, որ 24 Ապրիլի նախօրէին հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վերաբերեալ քաղաքական յայտարարութիւն պիտի հնչէ: Ա. Վարդանեան այս մասին խօսիլը առաւել ճիշդ կը նկատէ այդ յայտարարութենէն ետք։ Թղթակից Նելլի Գրիգորեան կը գրէ, որ՝ «ժամանակին ՀՅԴն լքեց կոալիցիան Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնայնութիւններում անհամաձայնութիւնների, մասնաւորաբար՝ հայ-թուրքական արձանագրութիւնների պատճառով»:
\n Վերջին նախագահական ընտրութիւններու նախաշեմին Դաշնակցութիւնը հրապարակեց երկիրը ստեղծուած իրավիճակէն դուրս բերելու իր տեսլականը՝ եօթը կէտով, որոնցմէ մէկն ալ արձանագրութիւններէն Հայաստանի ստորագրութիւնը վերցնելն է: Աղուան Վարդանեան համաձայն չէ նախագահ Սարգսեանին՝ պաշտպանութեան նախարարութենէն կատարած որոշ դիտարկումներուն: Անոր համաձայն՝ եթէ չըլլար «ո»չի շարժումը, ՀՅԴին ղեկավարած հասարակական ընդվզումը՝ ոչ միայն Հայաստանին մէջ, այլ նաեւ սփիւռքի, չէինք ունենար նախ՝ արձանագրութիւններու ստորագրութեան օրը հանրապետութեան նախագահին ելոյթը, ապա՝ Սահմանադրական դատարանին յայտնի որոշումը արձանագրութիւններուն վերաբերեալ: «Իսկ Թուրքիայի ընդառաջ չգնալը, չստորագրելն առաւելապէս պայմանաւորուած է այն յստակեցումներով, որ իշխանութիւնները, այդ թւում՝ Սահմանադրական դատարանը, պարզեցին կամ հաստատեցին, թէ Հայաստանն ինչ է հասկանում այս խնդիրներով: Իսկ որ Թուրքիան նպատակ ունէր նախապայմաններ ձեւակերպել, որ դրանք ձեւակերպուած էին, եւ որ շարունակելու էր նախապայմաններով խօսել՝ ակնյայտ էր, ի հեճուկս նախագահի այն դիտարկումների, որ Թուրքիան փորձեց նախապայմաններ առաջադրել, որի պատճառով էլ գործընթացը մտաւ փակուղի եւ այսօր սառեցուած է», նշած է Աղուան Վարդանեան՝ հաստատելով, որ միայն Սահմանադրական դատարանի ճշգրիտ որոշումը խնդիրը իր տեղը դրաւ: Ըստ անոր՝ վաղուց արդէն ժամանակն է, որ հանրապետութեան ղեկավարութիւնը կրկին անդրադառնայ այս հարցին, մանաւանդ՝ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաշեմին, ճիշդ ժամանակն է. «Որքանո՞վ առաջ կը գնայ Հայաստանի նախագահը: Աւելին ասեմ՝ կարող եմ ես ենթադրել, որ իրենց կողմից կատարուած քայլերի ճշմարտացիութեան մասին խօսելով՝ հանրապետութեան նախագահը թերեւս հող էր պատրաստում յառաջիկայ քաղաքական յայտարարութիւնների համար: Սպասենք՝ տեսնենք»: \n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.