Քիւրտ կրօնապետ Շէյխ Սայիտ դէմ էր հայերը տեղահանելու եւ ջարդելու թրքական ծրագրին

\n

 

\n

«Թարաֆ» թերթի Ապրիլ 20-ի թիւին մէջ Իպրահիմ Սէտիեանի Ֆրանքֆուրթէն կը գրէ, որ 1915ի օրերուն կային Քիւրտ մտաւորականներ, որոնք հրովարտակներ հրատարակելով, բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուած էին հայերու դէմ գործադրելի բռնութիւններուն դէմ։ Ասոնց կարգին էին Շէյխ Սայիտ Էֆէնտին, եղբայրը՝ Շէյխ Մէհտի Էֆէնտի, Շէյխ Ապտուլլահ Էֆէնտի եւ ուրիշներ։

Շէյխ Հասան Էֆէնտի Բալուի քիւրտ կրօնապետն էր։ Ան կառավարութեան դէմ հրովարտակ մը հրատարակեց, սաստիկ հակառակեցաւ կառավարութեան կողմէ առնուած հայերու տեղահանութեան որոշումին, ըսաւ թէ իրենց կրօնքին հակառակ է մեծ, մանուկ, չափահաս բնաջնջել։ Ըսաւ թէ ճիշդ չէ այն ընդհանուր մտածողութիւնը թէ հայ ժողովուրդի կեանքին վերջ տալ եւ անոնց ինչքերուն տիրանալ հալալ է։

Իսլամ կրօնքին համաձայն, ինչ ուզէ ըլլայ մարդ արարածին ծագումն ու ցեղային պատկանելիութիւնը, բոլորին կեանքը, ապրանքը, պատիւը կառավարութեան կողմէ ապահովութեան տակ պէտք է առնուի։

Այս հրապարակումներուն համար Շէյխ Սայիտ 1915ին Բիրան աքսորուեցաւ։ Զայն աքսորելէ ետք է որ սկսան հայկական տեղահանութիւնները։ Թերթը կը գրէ որ Շէյխ Սայիտի կողմէ հայոց ցեղասպանութեան դէմ եկող հրովարտակի բուն օրինակը ներկայիս կը գտնուի Հայոց Պատրիարքարանի մէջ։Փաստաբան Մուհամմէտ Տարա Աքար յայտնած է որ այս հրամանագիրը մէկ քանի անգամ պահանջած են Պատրիարքարանէն, սակայն Պատրիարքարանը չէ յանձնած այդ հրամանագիրը։ Արամ Սրբազան ըսած է որ գիտեն եւ կ՚ընդունին որ Շէյխ Սայիտ Էֆէնտի զուլումներուն վճռաբար դէմ եկած է, եւ այդ մասին իրենց մօտ է հրամանագիրը։ Հրամանագրին համաձայն, Շէյխ Սայիտ Էֆէնտի մէկ կողմ թողունք ցեղասպանութիւնը, տեղահանութիւնն իսկ ընդունելի չէ նկատած:

Շէյխ Սայիտի գլխաւորութեամբ քրտական ցեղախումբերը ապստամբեցան քեմալական կառավարութեան դէմ: Սկզբնական շրջանին յաղթանակներ արձանագրած քիւրտերը, վերջաւորութեան պարտութիւն կրեցին, իսկ Շէյխ Սայիտ սպաննուեցաւ:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.