Լեհաստանի մէջ կազմուեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբ


 

Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշավայի մէջ, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ նախագահ Գասպար Կարապետեանի ներկայութեամբ, հիմնուեցաւ Լեհաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը, բաղկացած նուիրեալ եւ Հայ Դատի աշխատանքներուն մասնակից դառնալու պատրաստակամ անձերէ։

 Լեհաստանի Հայ Դատի յանձնախումբին հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ իր գործունէութեամբ, ջանալ ա՛լ աւելի հաղորդ դարձնել հայ ժողովուրդին բարեկամ Լեհաստանի հանրային կարծիքն ու քաղաքական ղեկավարութիւնը, մեր հիմնահարցերուն եւ մեր ժողովուրդի արդար պահանջներուն շուրջ: Նաեւ պիտի ջանայ սերտ յարաբերութիւններ հաստատել ՀՀ դեսպանութեան եւ գաղութային միութիւններուն հետ, արժանավայել կերպով հետապնդելու մեր  ազգային հարցերուն հոլովոյթը: Հայ Դատի յանձնախումբը ուրախութեամբ պիտի ընդառաջէ բոլոր մեր հայրենակիցներուն առաջարկներուն եւ տեսակէտներուն քննարկման, ակնկալելով, որ մեր համայնքը պիտի գործնական կերպով սատարէ յանձնախումբի աշխատանքներուն:

Լեհաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը կողջունէ բոլոր հայագաղութներուն մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերը, հաւատալով որ ինք ալ դառնալով այդ ազգանուէր մեծ ցանցին մէկ մասնիկը, պիտի ունենայ իր ներդրումը միասնական աշխատանքներուն յաջող իրագործման:

Լեհաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը, իր առաջին նիստին, որդեգրեց աշխատանքային հիմնական իր ուղեցոյցը եւ կատարեց ծրագրումներու շարք մը, որոնք մօտ յառաջիկային պիտի դառնան հանրութեան սեփականութիւնը:

 Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր կարգին պիտի ընձեռէ հնարաւոր բոլոր միջոցներն ու աջակցութիւնը թէ՛ Հայ Դատի յանձնախումբի կայացման եւ հզօրացման աշխատանքներուն,  թէ՛ ուր որ անհրաժեշտ է իր կողմէ առնուելիք քաղակաքան նախաձեռնութիւններուն:

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբ

Լեհաստանի Հայ Դատի յանձնախումբ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.