Ցեղասպանագէտներ կոչ կ՚ուղղեն Զուիցերիոյ իշխանութեանց Փերինչէքի հարցով


 

Զուիցերիոյ ամենահեղինակաւոր թերթերուն մէջ` NeueZuricherZeitung-ի եւ Le Temps-ի մէջ տպագրուած է յօդուած մը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին: Յօդուածին մէջ, մասնաւորապէս, կը խօսուի Ցեղասպանութեան շրջանին եւ անոր յաջորդած տարիներուն Զուիցերիոյ եւ այդ երկրի անհատ քաղաքացիներու` հայանպաստ դիրքորոշումներուն եւ գործունէութեան մասին:

Այնուհետեւ կոչ կը կատարուի Զուիցերիոյ իշխանութիւններուն հետամուտ ըլլալ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) կողմէ` Ցեղասպանութեան փաստը ժխտած եւ Զուիցերիոյ դատարանի կողմէ դատապարտուած թուրք գործիչ Տողու Փերինչէքի արդարացման վճռի բողոքարկման: «Արմէնփրես»-ը կը ներկայացնէ յօդուածը թարգմանաբար.

«Այս տարուան Յունուարին` Հոլոքոսթի յիշատակման միջազգային օրուան առթիւ, նախագահ Տիեպուրկհալթերը ըսած էր. «…նոյնիսկ այսօր կան մարդիկ, որոնք կը ժխտեն Հոլոքոսթի ծաւալները, այնպէս, ինչպէս որ կը ժխտեն նացիներու կողմէ կատարուած այլ յանցագործութիւններու եւ այլ ցեղասպանութիւններու ծաւալը: Մեր պարտքն է մերժել նման վերաբերմունքը եւ հակազդել անոնց` յիշեցնելով մարդոց փաստերու եւ պատմական իրականութեան մասին: Զուիցերիա եւ միւս երկիրները կը ցանկան ոչ թէ պարզապէս խօսքով ընդունիլ ատիկա, այլ յստակ գործողութիւններ ձեռնարկել»:

Այս խօսքերը լիովին համահունչ են այն ճառի հետ, որ արտասանեց հինգ անգամ Զուիցերիոյ նախագահ ընտրուած Ճուզեփփէ Մօթթան` Ազգերու Լիկայի 1922 թուականի Սեպտեմբերին. «Երբ մենք կը մտածենք այն մասին, որ այս մարդիկ երկուկէս միլիոն բնակչութիւն ունէին Թուրքիոյ մէջ, որմէ այժմ մնացած է միայն 300,000-ը…. Մենք պէտք է ոչ միայն յարգանքի տուրք եւ բարեացակամութիւն ցուցաբերենք այդ աղքատ եւ դժբախտ մարդոց հանդէպ, այլ նաեւ հաստատակամօրէն` աջակցինք անոնց մեր ուժերու ներածի առաւելագոյն չափով»:

Իրօք, Զուիցերիոյ ժողովուրդը միշտ հայանպաստ գործունէութիւն ծաւալած է` մեկնելով մարդասիրական մղումներէ: Պեռնի դաշնային արխիւին մէջ մինչեւ այսօր կը պահուի յայտնի 1896-1897թթ. դիմում-խնդրագիրը, որուն տակ ստորագրած էին գրեթէ կէս միլիոն զուիցերիացիներ (բնակչութեան 13.7 տոկոսը), եւ որ կոչ կ’ընէր Զուիցերիոյ կառավարութեան միջամտելու եւ կանգնեցնելու Օսմանեան կայսրութեան մէջ քրիստոնեաներու սպանութիւնները:

Զուիցերիացիներու ցուցաբերած օգնութիւնը հայերուն յաճախ հերոսական դրսեւորումներ կ’ունենար: 1899-1922թթ. Եաքոփ Կիւնցլերը եւ անոր կինը` Էլիզապէթը, ամէն ինչ կ’ընէին, որպէսզի թեթեւացնեն հայերու տառապանքները մահուան քարաւաններու ճանապարհներուն` Սուրիոյ անապատներուն մէջ:Կարգ մը զուիցերիացիներ նոյնիսկ իրենց կեանքը վտանգի տակ կը դնէին: Օրինակ, զուիցերիացի ճարտարագէտ մը դատապարտուեցաւ ռազմադաշտային դատարանի կողմէ, քանի որ հաց տուած էր հայ գաղթական քարաւանի կանանց եւ երեխաներուն:

2007-ին Լոզանի ոստիկանական դատարանին կողմէ Թուրքիոյ քաղաքացի մը դատապարտուեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը «միջազգային սուտ» անուանելու համար: Զուիցերիոյ դատարանները մերժեցին վճռի բողոքարկման երկու դիմումները` նշելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը, այնպէս, ինչպէս Հրէական ցեղասպանութիւնը, ապացուցուած փաստ է եւ ճանչցուած է զուիցերիական օրէնսդրութեան կողմէ: Այնուամենայնիւ, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) 17 Դեկտեմբեր 2013-ին, բեկանեց վճիռը` յղում ընելով խօսքի ազատութեան սկզբունքին: Որոշման թերութիւնը, սակայն, խօսքի ազատութիւնը չէ, բան մը, որուն հետ մարդոց մեծամասնութիւնը կը համաձայնի: Խնդիրը այն է, որ ՄԻԵԴ-ը չափազանց վիճելի ձեւակերպումներ կը պարունակէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որոնք Դատարանի իրաւասութեան շրջանակէն լիովին դուրս կու գան:

Դատարանը, նշելով որ ինքը կոչուած չէ որոշում կայացնելու ոչ հայկական կոտորածներու իսկութեան, ոչ ալ այդ գործողութիւնները «ցեղասպանութիւն» որակող իրաւական գործողութիւններու իրաւաչափութեան շուրջ, այնուամենայնիւ կը հաստատէ իր կասկածը առ այն, թէ արդեօք այս հարցին շուրջ կրնայ ընդհանուր համաձայնութիւն ըլլայ: Այսպիսով, դատարանը, անտեսելով հրատարակուած ծաւալուն փաստերը, անիմաստ կերպով կասկածի տակ կը դնէ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը:

Դատարանը կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, որ ցեղասպանութիւնը յստակ սահմանուած իրաւական հասկացութիւն է, որ կիրառելի է միայն, եթէ յստակօրէն հաստատուած է միջազգային դատարանին կողմէ:Փաստօրէն, ՄԻԵԴ-ը կ’անտեսէ հսկայածաւալ իրաւագիտական գրականութիւնը, որ կը բնորոշէ հայկական դէպքը որպէս ցեղասպանութիւն:

Դատարանը այնուհետեւ կը շարունակէ, որ` «1915թ. իրադարձութիւններու ժխտումը որպէս ցեղասպանութիւն ինքնին հայ ժողովուրդի հանդէպ ատելութիւն չի սերմաներ», եւ կարիք չկար, որ Զուիցերիան պատժէ մարդ մը ռասայական խտրականութեան մեղադրանքով այս իրաւական բնորոշումը կասկածի ենթարկելու համար: Միեւնոյն ժամանակ ՄԻԵԴ-ը կը նշէ` «Հոլոքոսթի ժխտումը այսօր հակասեմականութեան սկզբունքային շարժիչ ուժն է»:

Փաստացի, Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու ընկերակցութիւնը ուժեղ փաստարկ կը բերէ, որ այս պարագային առկայ է ռասիզմի դրսեւորում: Անոնք կը գրեն. «Մենք անմիջական ականատեսն ենք, թէ ինչպէս Փոքր Ասիոյ մէջ հայերու եւ այլ քրիստոնեայ ազգութիւններո հանդէպ իրականացուած ցեղասպանութեան ժխտումը սկիզբէն պատճառ հանդիսացած է հակաժողովրդավարական համակարգի ստեղծման համար, որ թոյլ կու տայ ռասայական ատելութիւն, ատոր հիման վրայ կատարուող յանցագործութիւններ, ազատ արտայայտման արգելք եւ մարդու իրաւունքներու խախտում ընդհանրապէս… Ասիկա ճանապարհ կը բանայ, որպէսզի հանրապետական ժամանակահատուածին հայերուն Թուրքիոյ մէջ վերաբերին որպէս «հինգերորդ շարասեան», խտրականութեան ենթարկեն, իսկ անոնք ապրին մշտական վախի պայմաններու մէջ եւ բռնութիւններու թիրախ դառնան կարգ մը ազգայնական յուզումներու եւ ջարդերու ընթացքին»:

Ժխտումը կը համարուի ցեղասպանութեան վերջին փուլը: Ատիկա կ’անպատուէ զոհերը եւ անոնց ժառանգները` համարելով անոնց կարեկցանքի ոչ արժանի եւ կը շարունակուի անոնց զոհի կարգավիճակը` այն հոգեբանական վէրքի միջոցով, որ պէտք է լուռ տանիլ շարունակուող անարդարութիւնը: Այսպիսով, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը մեծ վնաս կը հասցնէ ամբողջ աշխարհի հայերուն:

Եթէ ՄԻԵԴ-ի որոշումը մնայ, ան միանշանակ կերպով Թուրքիոյ մէջ եւ այլուր պիտի ուժեղացնէ հակահայկականութիւնը, եւ հաստատապէս 3/10/2014 Աշխարհի ցեղասպանագէտները կոչ կ’ընեն Զուիցերիոյ չըլլալ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դիտորդը, որ կը քաջալերէ ռասիզմը: Համաձայն Զուիցերիոյ օրէնսդրութեան, իւրաքանչիւր գործողութիւն, որ կը ժխտէ, կը փոքրացնէ կամ կ’արդարացնէ ցեղասպանութեան փաստը, կը համարուի ռասիզմի դրսեւորում:

Նախագահ Պուրկհալթերը ճիշտ է, երբ կոչ կ’ընէ յստակ գործողութիւն ձեռնարկել: Զուիցերիական կառավարութիւնը բարոյական պատասխանատուութիւն ունի բողոքարկելու այս որոշումը եւ պաշտպանելու իր հակառասիստական օրէնքները: Զուիցերիան դիտորդ չէ եղած Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն, այդպիսին պէտք չէ ըլլայ նաեւ այժմ` ժխտողականութեան հանդէպ:

Փետրուար 16-ին մարդու իրաւունքներու եւ ցեղասպանագիտութեան ոլորտի խումբ մը գիտնականներ բաց նամակ յղած են Զուիցերիոյ արդարադատութեան նախարարին. «Մենք չենք համարեր, որ այս հարցը կապ ունի խօսքի ազատութեան հետ, բան մը, որ գիտնականները կը համարեն բաց ժողովրդավարական հասարակութեան հիմնական բնորոշ տարրերէն մէկը: Միեւնոյն ժամանակ, մենք խորապէս մտահոգուած ենք դատարանի բացատրութեամբ, որ կը հակասէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմական վաւերագիրներուն եւ փաստերուն, կը հակասէ ժխտողականութեան էթիկական տարրական ընկալումներուն… Մենք կը հաւատանք, որ կարեւոր է, որ Զուիցերիոյ կառավարութիւնը ներկայացնէ դատարանի որոշումը բողոքարկող դիմում»:

Թաներ Աքչամ, Քլարկ համալսարան

Մարկարիթ Լաւինեայ Անտըրսըն, Քալիֆորնիոյ համալսարան Պերքլի

Ճոյս Ափսել, Նիւ Եորքի համալսարան

Եայիր Աուրոն, Իսրայէլի Բաց համալսարան

Պիթըր Պալաքեան, Քոլկէյթ համալսարան

Անետ Պեքըր, Փարիզի համալսարան

Մաթիաս Պեօռնլունտդ, Արտասահմանի մէջ ուսուցման դանիական ինստիտուտ

Տոնալտ Պլոքսհամ, Էտինպուրկի համալսարան

Պրոֆ. Համիտ Պոզարսլան, EHESS տնօրէն, Փարիզ

Քեթի Քարութ, Քորնելլ համալսարան

Ֆրենք Չալք, Մարդու իրաւունքներու հետազօտութեան Մոնրէալի ինստիտուտ

Իսրայէլ Չառնի, Ցեղասպանագէտներու Միջազգային ընկերակցութեան նախկին նախագահ

Տեպորա Տուորկ, Քլարկ համալսարան

Հելեն Ֆէյն, անկախ հետազօտող

Մարսելօ Ֆլորես, Սիենայի համալսարան

Տոննա-լի Ֆրիզէ, Տիքըն համալսարան

Տեյվիթ Կաունթ, Սոտերթորն համալսարանական քոլէճ

Վոլֆկանկ Կուսթ, անկախ հետազօտող, armenocide.com.de կայքի տնօրէն

Հերպերթ Հիրշ, Վըրճինիայի Համագործակցութեան համալսարան, Genocide Studies International-ի խմբագիր

Մարիան Հիրշ, Քոլումպիա համալսարան

Թեսսա Հոֆման, Արեւելեան Եւրոպայի ուսումնասիրութիւններու ինստիտուտ

Ռիչըրտ Յովհաննիսեան, Քալիֆորնիոյ համալսարան, Լոս Անճելըս

Ռայմոնտ Գէորկեան, Փարիզի համալսարան, Սեն Տենի

Հանս-լուքաս Քիսեր, Ցիւրիխի համալսարան

Մարք Լեւըն, Սաութհեմփթընի համալսարան

Ռոպըրթ Ճէյ Լիֆթոն, Նիւ Եորքի Սիթի Համալսարան

Տեպորա Լիպշտատ, Էմորի համալսարան

Վենտի Լոուըր, Քլերմոնթ Մկքէնա Քոլէճ

Ռոպըրթ Մելսըն, Թուրտիւ համալսարան, Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան նախկին նախագահ

Տոնալտ Միլլըր, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարան

Ա. Տիրք Մոզես, Եւրոպական համալսարանի Ինստիտուտ, Ֆլորենսիա

Ճեյմս Ռասըլ, Հարուարտի համալսարան

Ռոճըր Սմիթ, Ուիլիըմ եւ Մերի Քոլէճ, Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան նախկին նախագահ

Լէօ Սփիթցըր, Տարմութ քոլէճ

Կրեկորի Սթենթոն, Ճորճ Մէյսըն համալսարան

Իվես Թեռնոն, պատմաբան, ցեղասպանագէտ

Անրի Թէրիօ, Ուորչեսթըր պետական համալսարան

Եռագոյն


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.