Կը Պահանջեմ, Որ Իմ Ժողովրդավարական Իրաւունքներս Ճանչցուին. Արամ Սրբազան


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ս. Ծննդեան տօնը Երկուշաբթի, Յունուար 6ին դարձեալ աւանդական շուքով նշուեցաւ Պոլսոյ հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, որոնք բերնէ բերան լեցուեցան հաւատացեալ ժողովուրդով։ Հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս, սկսելով Շաբաթ իրիկուան Ճրագալոյցի արարողութեամբ՝ լիացաւ Կիրակիի շքեղ արարողութիւններով եւ եկեղեցիներու երդիքներուն տակ կամ ընտանեկան բոյներէն ներս հնչեցուց օրուան պատգամը: «Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս պատրիարքարանը ընդունեց յարանուանութեանց ներկայացուցիչներուն շնորհաւորական այցելութիւններն ու մեր ազգային հաստատութիւններուն ներկայացուցիչները։ Մեր ազգայինները, եկեղեցիէն ետք փութացին Գումգաբու, շնորհաւորելու համար պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ սրբազանի ու մեր հոգեւորական դասուն Ս. Ծնունդը։ Միւս եկեղեցիներէն ներկայ էին Յունաց Պարթոլոմէոս պատրիարքի ներկայացուցիչը, ասորիներու առաջնորդ Եուսուֆ Չեթին, Հայ կաթողիկէ վիճակաւորի աջակից Խազումեան սրբազանը, Մխիթարեան միաբանութենէն հայր Յակոբոս Չօփուրեանը, Սահակ եպս. Մաշալեանը եւ մեր հոգեւորականներու ամբողջական կազմը։ Սրահը ամբողջովին լեցուն էր մեր համայնքի ներկայացուցիչներով եւ օտար այցելուներով։ Առաջին ելոյթ ունեցողն էր Պարթոլոմէոս սրբազանի փոխանորդը։ Պարթոլոմէոս սրբազան կը դարմանուի հիւանդանոցի մէջ եւ այդ իսկ պատճառով, տեղակալը եկած էր շնորհաւորելու հայոց Ս. Ծնունդը։ Ան փոխանցեց Պարթոլոմէոս սրբազանի բարեմաղթութիւնները», կը գրէ «Մարմարա»։
Ապա խօսք առին Եուսուֆ Չեթին ու Խազումեան սրբազանը՝ շնորհաւորելով հայ համայնքին Ս. Ծննդեան տօնը։ Խօսք առաւ նաեւ Աթէշեան սրբազանը, որ շնորհաւորեց Ս. Ծնունդը եկեղեցական ամբողջ դասուն ու յայտնեց. «Ես իննսուն տարիէ ի վեր անհանգիստ եմ այն բանով, որ հայ համայնքը երկրորդ կարգի հայրենակիցի վերաբերում տեսնելէն չէ փրկուած։ Մեր կալուածները մեր ձեռքէն առնուած են։ Պատրիարքարանի բարոյական անձնաւորութեան իրաւունքը ջնջուած է ու մէկ տարիէ ի վեր չկրցանք նոր ընտրութիւններ ընելու արտօնութիւն ստանալ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ բարոյական անձնաւորութիւն չունինք )Թիւզել Քիշիլիք)։ Այս խնդիրին մէջ եթէ նոյնիսկ մեր մէջ ալ կան ինքնագլուխ գործող յամառներ ու ընդդիմախօսներ, ապա ես կառավարութեան կը հարցնեմ ահաւասիկ՝ ե՞րբ պիտի արտօնուի, որ ընտրութիւններ ընենք։ Եթէ կրօնից տեսուչը մզկիթներու նկատմամբ պատասխանատու չէ, ես ալ կը լռեմ ու չեմ խօսիր։ Մեր պատրիարքարանը գործադիր ուժ չունի, մինչդեռ պէ՛տք է ունենայ։ Մեր դպրոցներու աշակերտներուն համար որեւէ օժանդակութիւն չի կատարուիր։ Մեր բռնագրաւուած կալուածներուն միայն շատ փոքրիկ մէկ մասը մեզի վերադարձուեցաւ։ Ատոր փոխարէն՝ հիմա ամէն մարդ ազատ է իր կրօնքը փոխելու, ինչ որ բարելաւում մըն է։ Բարելաւում է նաեւ մեր կալուածները շահագործելու իրաւունքի ճանաչումը։ Ասոնց համար շնորհակալ ենք։ Բայց անպայմա՛ն պէտք է վերադարձուի պատրիարքարանի բարոյական անձնաւորութեան հանգամանքը։ Ատենօք ունէինք Երեսփոխանական կամ Ազգային ժողով, ազգային որոշումները հո՛ն է որ կ՛առնուէին, որեւէ թաղային խորհուրդ իր սեփական որոշումով կալուած ծախել կամ կարեւոր ծախսեր ընել չէր կրնար»:
Արամ սրբազան ապա խօսք ուղղեց հիւր քաղաքագէտներուն եւ խնդրեց, որ անոնք ականջ տան մեր այս ցաւերուն՝ ըսելով. «Մենք այս հողերուն հաւատարիմ հայրենակիցներն ենք: Երկրի մշակոյթին, արուեստին, երաժշտութեան, թատրոնին, ոսկերչութեան մէջ փոքրամասնութիւնը իր բաժինը ունի։ Մենք Թուրքիոյ Հանրապետութեան հողերուն վրայ մեր բոլոր պարտականութիւնները կատարած ենք եւ պիտի շարունակենք կատարել։ Ես Թուրքիոյ Հանրապետութեան հայրենակիցն եմ ու կը պահանջեմ, որ իմ ժողովրդավարական իրաւունքներս ճանչցուին։ Մեր ցաւերը չեն դարմանուիր հոս խօսելով։ Կը խօսիմ, որպէսզի մեր մեծամեծները լսեն, որովհետեւ քու ցաւդ իմ ցաւս է, այլեւս այս երկրին մէջ մէկ թիւ, երկու թիւ, երեք թիւ ըլլալ չե՛մ ուզեր, չե՛մ ուզեր, որ մէկը անունս ցանկագրէ։ Երկու տարիէ ի վեր կը զբաղիմ Սանասարեան խանը ետ առնելու խնդիրով։ Ատիկա պատրիարքարանին ապրանքն է։ Դատավարութիւնը կը շարունակուի։ Կը յուսամ, որ այս խնդիրը մեր միջեւ կը լուծենք, կը վերջացնենք ու չենք ստիպուիր խնդիրը դուրս ցոլացնել»։
Այս սրտցաւ խօսքերէն ետք, Արամ սրբազան շնորհաւորեց մեր համայնքայիններուն Ս. Ծնունդը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.