Օսմանեան Կայսրութեան Պետական Որբանոցներուն Մէջ Կիրարկուող Թրքացման Մեթոտները

ՆԱՐԻՆԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութիւնը իր ամբողջութեան մէջ ունի բազմաթիւ մանրամասնութիւններ: 1915 թիւը հայ ժողովուրդի իրողութեան մէջ անհամեմատօրէն բարձր թիւերով որբերու յայտնութեան երեւոյթ մըն է նաեւ: Այս մասին ուշագրաւ յօդուած մը, որ լոյս տեսած է «Ասպարէզ»-ի 24 ապրիլ 2019 թիւին մէջ:

Ցեղասպանութեան տարիներուն հայ որբերու նկատմամբ թրքական որբանոցներուն մէջ կիրարկուած է պատժամիջոցներու ու բռնութիւններու ամբողջ ցանկ մը: Ասիկա մէկ անգամ եւս կը փաստէ, որ կրօնափոխութիւնն ու անուանափոխութիւնը իրականացուած են բռնի միջոցներով: Որբանոց մտնելու առաջին պարտադիր պայմանը անուանափոխութիւնն էր: Իրենց յուշագրութիւններուն այս մասին կը յիշատակեն գրեթէ բոլոր որբերը:

Այնթուրայի որբանոցին մէջ շուրջ երեքուկէս տարի անցուցած Գառնիկ Բանեանը իր յուշերուն մէջ կը պատմէ, որ որբանոցը իրեն տուած է 549 թիւը եւ Ահմետ անունը: Նոյն որբանոցի սան Մելքոն Պետրոսեանին տրուած է Նեճիպ անունը եւ ութ թիւը: Յարութիւն Ալպոյաճեանը երկու անգամ անուանափոխուած է: Առաջին անգամ Տերաայի մէջ, այնուհետեւ` Այնթուրայի մէջ, ուր ստացած է Շիւքրիւ անունը եւ 534 համարը: Խորէն Գլըճեանին Հալէպէն տարած են Կ. Պոլիս, «Հարպիյէ» զինուորական կեդրոնական դպրոց: Այստեղ բոլորին պղինձէ կնիքներ բաժնած են` իրենց նոր թրքական անունով: Ան ստացած է «Ալի օղլու իսլամ» անունով կնիքը, որ տնօրէնութեան կարգադրութեամբ միշտ պէտք էր վիզէն կախուած ըլլար: Մարտինի երկսեռ թրքական որբանոցի սան Մարի Գրիգորեանը, որուն բաժին հասած էր Այշէ անունը, անուանափոխութեան արարողակարգին մասին կը պատմէ. «® Բոլորիս համար ինքնութեան թուղթեր շինուեցան, ուր, առանց բացառութեան, բոլորիս հայրերը կոչուեցան Ապտուլլահ, իսկ մայրերը` Սալիհա®»: Ատանայի որբանոցին մէջ շուրջ վեց տարի անցուցած Մեհմետ Օղլու անունը ստացած Երուանդ Փոստալճեանը իր յուշերուն մէջ կը գրէ. «Մենք` որբերս, մեր անունները չմոռնալու համար, թուղթերու վրայ գրուած, մեր վրայ կը պահէինք»:

Նորեկները կը բաժնէին ըստ դասարաններու, կը նշանակէին տասնապետ, որ պատասխանատու էր իր խումբին: Օրական քանի մը ժամ զինուորական ձեւով կը մարզուէին: Որեւէ սխալ քայլ պատճառ կը դառնար ծեծի:

Հ. Ալպոյաճեանը կիրարկուող բռնութիւններու վերաբերեալ կը գրէ. «Եթէ ոեւէ մէկը հայերէն խօսէր, զայն խստօրէն կը պատժէին` կա՛մ կը ծեծէին, կա՛մ կը ստիպէին ճաշարանի կտուրին կանգնիլ ու երեք-չորս ժամ արեւուն նայիլ: Յաճախ ուտելիքի համար որբանոցէն անտառ փախչող երեխաներն ալ 24 ժամ կը բանտարկէին ու ոչինչ կու տային ուտելու` ճաշի ժամուն բոլորին ներկայութեան ենթարկելով ֆալախայի: Ֆալախայի կիրարկման համար որբանոցին մէջ գործած է յստակ «ուղեցոյց» մը, ուր նշուած է, թէ ո՛ր «յանցանք»-ի պարագային քանի՛ անգամ պէտք է ֆալախայի ենթարկել: Դասերը տեղի ունեցած են նախատինքներով, վիրաւորական խօսքերով, պատի տակ դրուած ծանր քարեր շալկելով. այս բոլորին կը հետեւին տարբեր չափերու գաւազաններն ու ֆալախայի գործիքը:

Թրքական «մանկավարժութիւն»-ը կիրարկուած է հնարաւոր բոլոր ձեւերը. Մարտինի որբանոցին մէջ դասի ժամանակ նուազագոյն աղմուկը պատճառ կը դառնար, որ ուսուցչուհին «օրհնեալ գաւազանով» ծեծի ենթարկէ երեխաները, յետոյ ալ դաժան ցուրտին բակ տանի` անունները կարդալու պատրուակով:

Նման որբանոցներուն մէջ պարտադիր էին նաեւ իսլամական կրօնի դասերը: Մելքոն Պետրոսեանը իր յուշագրութեամբ քանի մը դրուագներ կը բերէ այդ դասերէն: Ֆէյզի փաշան քրիստոնէութեան մասին խօսելու ատեն նշած է. «® Ձագուկնե՛րս, ձեր կրօնը հինցած է, ինչպէս կրակապաշտութիւնը, նոյնպէս ձեր Յիսուս մարգարէն հինցած է, շապիկ մը, որ հիննայ, կը նետեն, նորը կը հագնին»: Մարտինի որբանոցին մէջ իսլամական կրօնի դասերուն պարտադիր հատուածներ սորված են Քուրանէն, անոր զուգահեռ` սորված են նաեւ իսլամական օրէնքներու համաձայն լուացուիլ ու նամազ ընել:

Որբանոցներու պարտադիր պայմաններէն եղած է նաեւ թլփատումը: Եթէ երեխաները անուանափոխութեան կամ իսլամութիւն ընդունելու փաստը որեւէ կերպ կ՛ընդունէին ու համակերպէին, թէկուզ` առերես, ապա թլփատման արարողակարգին անոնք ամենաշատը կ՛ընդդիմանային: Որբանոցներուն մէջ, երբ այդ մասին լուրեր կը տարածուէին, տղաներէն շատերը փախուստի կը դիմէին: Ատանայի որբանոցին սան Երուանդ Փոստալճեանը իր յուշերուն մէջ կը գրէ, որ որբանոցին տնօրէնը թերթի մէջ յայտարարութիւն կը հրապարակէր ու թուրք հաւատացեալներուն որբանոցին հայ երեխաներու թլփատման արարողութեան ներկայ գտնուելու կոչ կ՛ուղղէր: Խորէն Գլըճեանը կը յիշէ, որ, իրենց որբանոցի տնօրէնութեան հրամանով, բոլոր հայ երեխաները տարած են Կ. Պոլիս ու` թլփատած:

Թուրք ղեկավարները պարբերաբար այցելութիւն կը կատարէին որբանոցներ, ինչ որ միշտ կ՛ըլլար տօնախմբութեամբ ու բարձր ծափողջոյններով: Մանկական յուշագրութիւններուն մէջ այդ իրադարձութիւնը միշտ նոյնացուած է համեղ ուտելիքներու, տօնական ու կեղծ բարիդրացիական մթնոլորտի հետ: Ճեմալ փաշան քանի մը անգամ այցելած է Այնթուրայի որբանոց, Էնվեր եւ Թալէաթ փաշաները` Հարպիէի:

Որբանոցներուն մէջ երեխաներու թիւը նուազեցնելու համար եղած են նաեւ թունաւորման դէպքեր: Յաճախ «բնական ճանապարհով» թունաւորած են ջուրը, երբ դիակներ նետած են որբանոցներուն ջուր մատակարարող ջրհորներու մէջ: Մարտինի որբանոցին մէջ թունաւորման դէպքերը կապուած էին յատկապէս հացի օգտագործման հետ: 1918-ի վերջը Այնթուրայի որբանոցի թրքական անձնակազմը հեռանալէ առաջ դեղագործ Ռըզա պէյին պատուիրած է վերջին ընթրիքի ժամանակ բոլոր որբերը թունաւորել: Բայց Ռըզա պէյը չէր համաձայնած նման ոճրագործութեան: Ուշագրաւ է այն փաստը, որ Ռըզա պէյի հարցման ընթացքին ճաշարանին նստած բոլոր երեխաները յիշած են իրենց հայկական անունները:

Այսպիսով, երիտթուրքական կառավարութեան ռազմավարութիւնը նպատակ ունէր թիրախային խումբ, տուեալ պարագային` հայ երեխաները զրկել սեփական կենսաբանական բնորոշումներէն, ինքնութենէն` աստիճանաբար փոխելով անոնց իսկական ինքնութիւնը: Ան հետեւողականօրէն, ծրագրուած կերպով հետամուտ եղած է այս քաղաքականութեան մինչեւ 1918-ի Մուտրոսի զինադադարի կնքումը: Հետագային թրքական որբանոցները յանձնուած են միսիոնարական, օտար եւ հայկական կազմակերպութիւններու:

Ճեմալ փաշա որբանոց կ՛այցելէ

Հայ որբերու թրքացման գործընթացը իրականացած է քանի մը փուլով. առաջինը հաւաքագրման ու տեղափոխման հարցերու լուծումն էր: Օսմանեան կառավարութիւնը կը շտապէր զանոնք հաւաքագրել, քանի որ մտավախութիւն ունէր, որ միսիոնարական, բարեգործական կազմակերպութիւնները իրենցմէ շուտ կը յաջողին այդ գործին մէջ: Երկրորդ փուլով անոնք, հայ որբերը կեդրոնացնելով որբանոցներուն մէջ, կը սկսէին բուն գործընթացը` զանոնք անուանափոխելով, թլփատելով, իսլամութեան դասեր կազմակերպելով: Թրքական կողմը կը խուսափէր այնպիսի մանրուքներէ անգամ, որ հայ որբերուն կը յիշեցնէր իրենց անցեալը: Անոնք կը նախընտրէին երեխաներուն դիմել միայն իրենց թիւերով` զրկելով զանոնք ոչ միայն ազգային ինքնութենէն, այլ նաեւ` անհատականութենէն: Դէպքեր եղած են, երբ ղեկավարութիւնը որբանոցի աշխատակիցներ չունենալու պարագային ալ հեռացուցած է որբանոցի մէջ աշխատող հայ կիները` վախնալով, որ անոնց ներկայութիւնը որբերուն համար կրնայ հայկական ինքնագիտակցութեան խթան դառնալ:

Վախի մթնոլորտը, պատժամիջոցներու կիրարկումը առաջին հայեացքով կարծես կը յաջողին. որբերը կը դադրին իրարու հետ հայերէն խօսելէ, սակայն յուշագրութիւններուն մէջ բոլոր հեղինակները կը նշեն, որ քնանալէ առաջ վերմակին տակ միշտ խաչակնքած են, ծնողներէն լսած «Հայր Մեր»-էն հատուածներ կրկնած են, երբեմն ալ աղօթք չյիշելով` իրենց ու իրենց հարազատներուն անուններն են կրկնած` չմոռնալու համար:

Թրքական կառավարութիւնը իր այս քաղաքականութեան իրագործման ընթացքին միշտ ալ մտավախութիւն ունեցած է եւ վերապահութեամբ  մօտեցած է իսլամացած հայերուն: Նշենք, որ Կ. Պոլսէն հրաման եկած է, որով իսլամանալու թոյլտուութիւն տրուած է միայն կեդրոնական իշխանութիւններու հաւանութիւնը ստանալէ ետք կամ ալ միայն իսլամներու հետ ամուսնացած կիներուն: Որբանոցներուն մէջ աւելի դիւրին էր վերահսկել իսլամացման գործընթացին, որուն սկիզբէն կը միտէր կառավարութիւնը: Սակայն անոր քաղաքականութիւնը երկար կեանք չ՛ունենար: 1919-ի զինադադարի առաջին վեց ամիսներուն կարեւոր միջոցներու կը ձեռնարկուին` որբերը վերադարձնելու ուղղութեամբ: «Որբահաւաքի» ժամանակ հայկական եւ միջազգային կազմակերպութիւնները կը կարողանան որբանոցներէն դուրս բերել եւ փրկել թրքացման ճամբուն վրայ գտնուող բազմաթիւ հայ երեխաներ: Սակայն պէտք է նշել, որ աւելի փոքր տարիքի երեխաներու ստուար հատուած մը, չյիշելով իր ինքնութիւնը, երբեմն ալ անցեալի վերապրումները կրկնուելու վախէն, նախընտրած է լռել իր հայ ըլլալու մասին եւ այդպիսով ձուլման ենթարկուած է:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.