2019-ին Թրքական Մամուլին Մէջ Ամենաշատ Ատելութեան Խօսքը Կիրառուած Է Հայերուն Դէմ

Հրանդ Տինք հիմնադրամին կողմէ իրականացուող «Ատելութեան Խօսքը Մամուլին մէջ» նախագիծով կազմուած եւ հրապարակուած է նոր զեկոյց: Զեկոյցին մէջ ներկայացուած է 2019-ին ցեղային, կրօնական եւ այլ խումբերու մասին թրքական մամուլին մէջ կիրառուած ատելութիւն ընդգրկող կամ սերմանող խօսքի ծաւալները եւ քանակը: Զեկոյցին համար ուսումնասիրուած է մամուլի 4364 հրապարակում: Անոնցմէ 108 հրապարակման մէջ առկայ եղած է ատելութեան խօսք ուղղուած մէկէ աւելի խումբերու դէմ: Նշուած է, որ ընդհանուր առմամբ 80 տարբեր խումբերու մասին օգտագործուած է 5515 ատելութեան խօսք:

Ատելութեան խօսքի թիրախ դարձած խումբերը ըստ հերթականութեան հետեւեալներն են.

Հայեր – 803 ատելութեան խօսք

Սուրիացիներ – 760

Յոյներ (Յունաստանի) – 754

Հրեաներ – 676

Յոյներ (Թուրքիոյ, Կիպրոսի եւ այլն) – 603

Քրիստոնեաներ – 334:

Հայերը ամենաշատ թիրախաւորուած են Խոջալուի դէպքերուն ու Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթով յօդուածներու մէջ։ Ընդհանուր առմամբ ատելութեան խօսքի 51 տոկոսը հրապարակուած է տեղական, իսկ 49 տոկոսը հանրապետական ծաւալով մամուլի մէջ:

Հանրապետական նշանակութեան մամուլի միջոցներէն ամենաշատ ատելութեան խօսքը կիրառած է «Yeni Akit» ընդգծուած ազգայնական թերթը` 263 անգամ: Անոր կը յաջորդեն Yenicag (155 անգամ), Dirilis Postasi (131), Milli Gazete (123), Milat (118) թերթերը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.