Աղթամարի Եւ Ս. Կիրակոսի Պատարագները Առաջին Անգամ Ըլլալով Իրարու Պիտի Յաջորդեն


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ու Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ իրականացուելիք պատարագները այս տարի առաջին անգամ ըլլալով իրարու պիտի յաջորդեն, որովհետեւ առաջինը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Սեպտեմբեր 8ին, իսկ երկրորդը՝ Սեպտեմբեր 10ին:
Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցիին պատարագը պիտի կայանայ այնպէս, ինչպէս նախատեսուած է՝ Սեպտեմբերի առաջին Կիրակի օրը: Նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ մեծ թիւով ուխտաւորներ Վան պիտի այցելեն այս առիթով, որոշուած է Սուրբ Կիրակոսի մէջ կայանալիք պատարագը իրականացնել Սուրբ Խաչի պատարագէն 2 օր ետք՝ հնարաւորութիւն ստեղծելով Ս. Խաչի պատարագին մասնակցող ուխտաւորներուն, որ մասնակցին Ս. Կիրակոսի պատարագին եւս:
Նախորդ քանի մը տարիներուն Աղթամարի պատարագը տեղի ունեցած է Սեպտեմբերի առաջին Կիրակին, իսկ Ս. Կիրակոսի պատարագը՝ Հոկտեմբերին կամ Նոյեմբերին:
Միւս կողմէ, «Մարմարա» կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ Ճամբորդական գործակալութիւններու միութեան Վանայ շրջանի գործադիր մարմինի նախագահ Ապտուլլահ Թունչտեմիր դիտել տուած է, որ Աղթամար կղզիի եկեղեցւոյ ուխտագնացութեան մասին հետաքրքրութիւնը տարուէ տարի կը նուազի։ «Այս մէկը չորրորդ տարին է եւ մինչ կը սպասուէր, որ աշխարհի ամէն կողմէն հայերու հետաքրքրութիւնը հետզհետէ պիտի աւելնայ, հակառակը կը պատահի, եւ հիմա պէտք է փնտռել այս նահանջին պատճառները», ըսած է ան։ Թունչտեմիր յիշեցուցած է, թէ առաջին տարին մեծ խանդավառութիւն ստեղծուած էր, սակայն հիմա այդ նոյն խանդավառութիւնը չկայ։
«Արդեօք մե՞նք չկրցանք անհրաժեշտ ծանօթացումը ընել», հարց տուած է Թունչտեմիր եւ աւելցուցած, որ անպայման քայլեր պէտք է առնուին, որպէսզի զբօսաշրջիկներուն թիւը ամէն տարի աւելի բարձրանայ։ «Վանի մէջ ամէն մարդ իրեն վիճակուած պարտականութիւնը պէտք է կատարէ։ Մենք աշխարհի բոլոր հայերուն հրաւէր կ՛ուղղենք: Ահաւասիկ եկեղեցին վերանորոգեցինք. խաչ ըսին՝ խաչն ալ դրինք. մենք մեր պարտականութիւնը կատարեցինք։ Հիմա կը սպասենք, որ անոնք աւելի մեծ թիւով գան հոս։ Մեր միակ պակասը անոնց բացակայութիւնն է», ըսած է ան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.