Հայաստանի Գրողներու Միութեան Նախագահ Լեւոն Անանեան Ոչ Եւս Է


ԵՐԵՒԱՆ.- Մահացած է Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Լեւոն Անանեան: Ըստ տեղեկութիւններուն՝ մահուան պատճառը քաղցկեղն է:
Լեւոն Անանեան ծնած է 13 Հոկտեմբեր 1946ին՝ Տաւուշի մարզի Կողբ գիւղը: 1964ին աւարտած է Կողբի միջնակարգ դպրոցը, 1968ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը:
1990ին ընտրուած է «Գարուն» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր:
2001ին ընտրուած է Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ եւ կը պաշտօնավարէր մինչ օրս:
Լեւոն Անանեան գրած, կազմած եւ խմբագրած է բազմաթիւ գիրքեր, հարիւրաւոր հրապարակախօսական յօդուածներ, յառաջաբաններ:
26 Մայիս 2008ին անոր շնորհուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչի պատուաւոր կոչումը:
Լեւոն Անանեանի յուղարկաւորութիւնը կազմակերպելու համար կազմուած է կառավարական յանձնաժողով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.