Սուրիահայեր Արցախ Բնակեցնելու Հարցով՝ Պաքու Կը Դիմէ ՄԱԿին


ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Չորեքշաբթի, Օգոստոս 21ին պաշտօնական նամակով մը դիմած է ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին՝ խնդրելով, որ ան կտրուկ միջոցներու դիմէ, որպէսզի դադրեցուին Ատրպէյճանի «բռնագրաւեալ տարածքներէն ներս Հայաստանի ապօրինի գործողութիւնները»:
«Հայաստանը, օգտագործելով հրադադարը՝ կը շարունակէ ջանքեր ի գործ դնել՝ Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներուն մէջ ժողովրդագրական, մշակութային ու ֆիզիքական բնոյթի ապօրինի փոփոխութիւններ իրականացնելու: Հոն բնակավայրեր կը կառուցուին, օդակայանը կը վերականգնուի, բնակելի թաղամասեր կը հիմնուին, ճանապարհներ կը կառուցուին, ապօրինի կերպով կը փոխուին աշխարհագրական անունները եւ այլն», գրուած է նամակին մէջ:
Մամետեարով իր նամակին մէջ յատկապէս կը նշէ, թէ Հայաստան կը շարունակէ իր «ապօրինի քաղաքականութիւնը»՝ Սուրիայէն հայեր վերաբնակեցնելով «Ատրպէյճանի բռնագրաւեալ տարածքներուն մէջ»:
Միւս կողմէ, պատասխանելով սուրիահայերուն ի նպաստ Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուող դրամահաւաքներուն մասին Պաքուի իշխանութեանց հարցումին՝ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Չորեքշաբթի օր յայտարարած է, թէ ամերիկեան խումբերը, որոնք դրամահաւաք կը կազմակերպեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սուրիահայեր վերաբնակեցնելու նպատակին համար, կապուած չեն Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան եւ անոր քաղաքականութեան հետ:
Ըստ ատրպէյճանական աղբիւրներու՝ Արցախի մէջ սուրիահայեր վերաբնակեցնելու համար Միացեալ Նահանգներու մէջ ցարդ հաւաքուած է 1.3 միլիոն տոլար:
«Գիտենք, որ հազարաւոր մարդիկ ստիպուած լքած են Սուրիան եւ որոշ սուրիահայեր եկած են Հայաստան: Մենք ծանօթ ենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սուրիահայեր հաստատելու մասին տարածուած տեղեկատուութեան, սակայն մանրամասն տեղեկութիւններ չունինք այդ մասին», գրուած է դեսպանատան մամլոյ ծառայութեան նամակին մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.