Սուրիական բանակի զինուոր Մասիս Խաչատուրեանի մահուան գոյժը երեք ամիս ետք կը հասնի ծնողներուն


 

 

 

Սուրիական բանակի զինուոր՝ Գամիշլիի ծնունդ Մասիս Խաչատուրեան որպէս բանակային զինուոր կը ծառայէր Հալէպի մէջ, երբ Մայիսին գործուղղուած է Տէր Զօր եւ նոյն ամսուան 20-ին այնտեղ զոհուած է ու տեղափոխուած Դամասկոս։ Այս մասին կը յայտնէ Եռագոյն կայքէջը։

Ծնողները Մասիսի նահատակութեան մասին իմացած են Օգոստոս 10-ին։ Ան ունի եօթ եղբայր եւ երկու քոյր։ Օգոստոս 12-ին զոհուած զինուորի մարմինը Դամասկոսէն պիտի տեղափոխեն Գամիշլի։  Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 14-ին։

Նշենք, որ Մասիսը Գամիշլիի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբի անդամ էր։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.