Իւնէսքօ կը մոռնա՞յ Ջուղայի հայկական խաչքարերու քանդման իրողութիւնը… ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ 5 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ ԻՒՆԷՍՔՕ-ին


 

 

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնուհին՝ տիկին Իրինա Պուքովա եւ Ատրպէյճանի Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարը՝ Էպուլֆէյզ Քարաեւ համաձայնագիր մը ստորագրած են:

Համաձայնագիրը կը նախատեսէ միջազգային այս Կազմակերպութեան հետ գործակցութեան սերտացում բոլոր բնագաւառներուն մէջ, բայց մանաւանդ՝ ատրպէյճանական 5 միլիոն տոլարի նուիրատւութիւն մը: Համաձայնագրի կնքումի արարողութիւնը տեղի ունեցած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնատեղիին մէջ, Իլհամ Ալիեւի կնոջ՝ Մեհրիպան Ալիեւայի ներկայութեան, որ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի բարի կամքի դեսպանուհին է…

Այսպէսով, Նախիջեւանի խաչքարերու քանդումի թղթածրարը գոնէ տասնամեակ մը, եթէ ոչ վերջնականապէս, թաղուած պէտք է համարել։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.