Սուրիա-Թուրքիա սահմանին սուրիահայ պատանիներ առևանգուած են


 

 

Թուրքիոյ սահմանին կը շարունակուին սուրիահայերու առևանգումները: Այս մասին «Արմենփրես»-ին հաղորդեց Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի աշխատակից Զարմիկ Պողիկեանը:

 «Հուլիսի 28-ի առաւօտեան Հալէպէն դէպի Թուրքիա մեկնած է փոքր հանրային փոխադրակառք մը, որուն մէջ կը գտնուէին 3 հայ ընտանիք` 7 կին և 2 անչափահաս: Թուրքիոյ սահմանին մօտ մինիպասը կանգնեցուցած են զինեալներ եւ առևանգած են 14 և 12 տարեկան պատանիներուն, իսկ կիներուն ազատ արձակած են: Կիները այժմ Թուրքիա կը գտուին։ Հայ պատանիներուն մասին ներկայ դրութեամբ տեղեկութիւն չկայ»,- յայտնած է Զարմիկ Պողիկեանը:

  Միւս կողմէ, Յուլիս 25-ին, Հալէպի բնակիչ Մարիթա Ամիրխանեանը իր տան պատշգամին վրայ վիրաւորուած է եւ ապա մահացած։ Տարեց կինը առանձին կ՚ապրէր եւ միայն երկու օր ետք  ազգականները տեղեկացած են կատարուածին մասին։ Անոնք անհանգստանալով իր բացակայութենէն, կոտրած են տան դուռը՝ եւ գտած են զայն մահացած։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.