Ֆրանսայի Դիմադրական շարժման «Մանուշեանի խումբ»ին վերջին անդամ Արսէն Չաքարեանը ոչ եւս է

Միսաք Մանուշեանի եւ անոր ընկերներուն անունով անուանակոչուած են փողոցներ եւ հրապարակներ Փարիզի, Մարսէյլի, Վալենսի եւ Երեւանի մէջ։

Բ. Աշխարհաշարտին, Ֆրանսայի գրաւման ժամանակ նացիներու դէմ ընդյատակեայ պայքարող ֆրանսահայ Միսաք Մանուշեանի դիմադրական խումբի վերջին անդամ Արսէն Չաքարեան կեանքէն հեռացաւ 101 տարեկանին, կը յայտնէ Le Monde–ը։

Ան մահացած է Շաբաթ օրը Ուիլժիւիֆ քաղաքի (Փարիզի հարաւային արուարձան) գտնուող Փօլ Պրուսի հիւանդանոցին մէջ։

Արսէն Չաքարեան Դիմադրութիւն մարտիկներու խումբի անդամ էր, որոնցմէ 22-ը գերմանացիները բռներ եւ մահապատիժի ենթարկած էին 1944 թուականի Փետրուարին Մոն Վալերիէնի մէջ (Փարիզի արուարձան)։

Ինչպէս կը նշէ պարբերականը, Չաքարեան մինչեւ իր կեանքի վերջը հարիւրաւոր հանդիպումներ ունեցած է դպրոցներու, զինուորականներու եւ քաղաքացիական ծառայողներու հետ, խորհրդատուութիւններ կատարած, ելոյթներ ունեցած է հեռուստատեսութեամբ, ռատիոյով եւ ի հարկէ՝ տօնակատարութիւններու ժամանակ։

Ֆրանսայի Nouvelles d’Armenie հայկական պարբերականը իր հերթին կը գրէ, որ պատմաբան ըլլալով, ան կը կարծէր, որ պատմութեան մասին խօսիլը` լաւագոյն միջոցն է նման յանցագործութիւններու կրկնութիւնը կանխելու համար։

Պարբերականը կը պատմէ, որ Թուրքիա ծնած Արսէն Չաքարեան ցեղասպանութենէն փրկուած է՝ փախելով Պուլկարիա, իսկ 1930 թուականին տեղափոխուած է Փարիզ, ուր դերձակութեամբ զբաղած է մինչեւ Երկրորդ Աշխարհամարտի սկիզբը:

Ժողովրդական ճակատի ցոյցերուն մասնակցելով ան կը հանդիպի Միսաք Մանուշեանին։ 1937 թուականէն ֆրանսական բանակ անդամագրուած ըլլալով, ան 1942 թուականին կը միանայ Դիմադրութեան։

Չաքարեանի մահուան կապակցութեամբ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոտը Twitter–ի իր էջին մէջ Լուի Արագոնի «Կարմիր պաստառ» բանաստեղծութենէն (որ նուիրուած է Մանուշեանի խումբին) հատուած մը հրապարակած է:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.