Ցեղասպանութիւնը իր հետեւանքներով շարունակուող ոճիր է

Հայութեան վրայ ի գործ դրուած ցեղային բնաջնջման արարքէն ետք սկիզբ առած պահանջատիրութիւնը, անցնող տասնամեակներու ընթացքին անցած է դժուարին հանգրուաններէ, յաճախ զրկուած ըլլալով ազգային-պետական քաղաքական նեցուկէ։

Հայութեան պահանջատիրական դատը զոհ գացած է թուրք-սովետական քաղաքական հաշիւներուն՝ յատկապէս հողային պահանջատիրութեան գծով, արդար հատուցման պահանջի արծարծումը խափանուած է Խորհրդային Միութեան կողմէ։

Իսկ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, առաջին իշխանութիւններուն օրով 1991-1998 ժամանակահատուածին, ամբողջ սերունդ մը դաստիարակուած է այսպէս կոչուած «Բլէյանական» վարդապետութեամբ«, որ կը նպատակադրէր լռեցնել Պարոյր Սեւակի »Անլռելի Զանգակատուն«ի ղօղանջները՝ յանուն հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման։

Բարեբախտաբար, ՀՀՇ-ական վարչակարգի փլուզումէն ետք, 1998-էն ի վեր սկիզբ առած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին առանցքային տեղ տալու գործընթացը։

Պէտք է ըսել, որ պահանջատիրութեան գծով, յատկապէս 21-րդ դարու առաջին 16 տարիներու ընթացքին, նկատառաելի է, որ արձանագրուած է միջազգային պետական մակարդակի ճանաչման 30 պարագայ, որ ինքնին կը փաստէ, որ ճանաչման գծով հայրենի պետութիւն-Սփիւռք համագործակցութիւնը արձանագրած է յաղթանակներու պատկառելի շարք մը։

Իր կարգին, Թուրքիան ոչ միայն կþուրանայ իր եղեռնական արարքը, այլեւ, ցեղակից իր դաշնակիցին՝ Ատրպէյճանի հետ կը խեղաթիւրէ պատմութիւնն ու փաստերը, կը կաշառէ պատմաբաններ, փորձագէտներ եւ ակադեմական հաստատութիւններ։

Ներկայ հանգրուանին, Անգարայի համար յստակ է, որ ճանաչման գծով տեղեկատուական պատերազմի իր զինանոցը արդէն սպառած է եւ անհրաժեշտ է անցնիլ ինքնապաշտպանութեան իր վերջին փորձին՝ հատուցման դէմ պայքարին։

Քարոզչական առճակատման այս նոր հանգրուանին Անգարա պիտի փորձէ օգտագործել հաղորդակցական, գիտարուեստի եւ մարդկային ներուժի ամբողջական պահեստային ներուժը, բոլոր մակարդակներու վրայ, որպէսզի ուրացման ճանապարհով երկարաձգէ հատուցման դէմ իր ճակատումը։

Հայկական կողմը, անցնող տասնամեակին յաջողած է ապահովել Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացի անշրջելիութիւնը՝ շնորհիւ հայրենի պետութեան եւ Սփիւռքի մէջ գործող լոպպիյիստական կազմակերպութիւններու սե՛րտ համագործակցութեան։

Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի եւ Թուրքիոյ կողմէ հատուցումի պահանջները կը կազմեն հիմքը հայ ազգային ռազմավարութեան եւ հետեւաբար առանցքը՝ յաջորդող հայ սերունդներու գոյատեւելիութեան։

«Հորիզոն» ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.