Հայ Սկաուտական Շարժումին Ծնունդը

45 տարի առաջ Լիբանանի մեր պաշտօնակից «Ազդակ» օրաթերթին մէջ հրատարակուած այս յօդուածը կը պատկանի «Հորիզոն»ի աշխատակից Յակոբ Եափուճեանի գրչին, որ այս տարուան ընթացքին առյաւէտ բաժնուեցաւ մեզմէ։ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեայ յոբելեանին առթիւ կը հրատարակենք հաւատաւոր ՀՄԸՄ-ականին յօդուածը։

«Ազդակ», 13 Յունուար 1973

Յակոբ Եափուճեան

Սկաուտական շարժումին արձագանգը տակաւին եւրոպական բազմաթիւ երկիրներէ ներս չթափանցած, հայ ֆիզիքական ու մտային կեանքի կարգ մը մշակներ կրցան ըմբռնել այդ շարժումին կարեւորութիւնը եւ դարձան անոր գաղափարախօսները մեր մէջ:

Պոլսոյ մէջ, առաջին անգամ սկաուտական շարժումին արձագանգը կը հանդիսանայ Շաւարշ Քրիսեանի ամսագիրը՝ «Մարմնամարզ»: Այս ամսագրի 1912 Յունուարի թիւին մէջ, Շաւարշ Քրիսեան կը ստորագրէ յօդուած մը «Տղայոց գումարտակներ» վերնագրով, ուր կարճ եւ ամփոփ տեղեկութիւններ կու տայ Անգլիոյ մէջ տղոց կազմած հսկայ կազմակերպութեան մասին, միաժամանակ առաջարկելով.

«Որքան փափաքելի պիտի ըլլար, որ զանազան հայ վարժարաններու աշակերտներ, պատասխանատու մեծի մը ընկերակցութեամբ, պարբերաբար պտոյտներ կազմակերպէին զանազան բացօթեայ վայրեր: Եթէ կ“ուզէք տղայոց մէջ բարոյականը վառ պահել, անոնց սորվեցուցէք բնութեան սէրը եւ անոր գեղեցկութիւնները»:

Սկաուտական հոյակապ ծրագրէն «Մարմնամարզ» բնութեան մէջ ապրելու մասը կ“իւրացնէ միայն ու կը թելադրէ Պոլսոյ հայ վարժարաններու աշակերտութեան:

Սկաուտական շարժումը այս ձեւով հաղորդելէ ետք, այս հարցին շուրջ որեւէ գրութեան չենք հանդիպիր «Մարմնամարզ»ի մէջ, մինչեւ 1912 Մայիսի թիւը, ուր հայ դաստիարակ մը՝ Յ. Թ. Հինդլեան առաջինը կը հանդիսանայ «Մարմնամարզ»ի էջերուն մէջ մեկնաբանելու սկաուտական շարժումին էութիւնը, ստորագրելով «Պօյ Սկաուտը եւ իր կեանքին նպատակը» անուն յօդուածաշարքը: Այս յօդուածին մէջ Յ. Թ. Հինդլեան ո՛չ միայն սկաուտիզմի լուրջ վերլուծումը կ“ընէ, այլ կը փորձէ նաեւ սկաուտական շարժումի պատշաճեցումը մեր ազգային պայմաններուն, մատնանշելով մեր քաղելիք օգուտը այս շարժումէն:

Հինդլեան կը գրէ.

«… Ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ այս ձեռնարկին կարեւորութիւնը… Բոլոր քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ, բարեկեցութեան զարգացումը կը վտանգէ բարոյական հաւասարակշռութիւնը եւ քաղաքացիական արժէքները: …Մտաւորականներու, արուեստագէտներու, քննադատներու սերունդներ կ“արտադրէ ան, բայց գործելու, ճգնելու, վտանգը դիմագրաւելու եռանդը երթալով կը պակսի, նկարագիրը կը փճանայ… աւելի կը սիրենք վայելել, քան ստեղծել…

«… Հիմակուհիմա, ես պիտի փափաքէի, որ Պէյտըն Փաուլի հիմնած սկաուտներու ակումբին նման ակումբ մը հիմնելու ետեւէն չըլլայիք, այլ ձեր բարքերուն մէջ մտցնէք այդ ձեռնարկին ոգին, որ կը հաւատամ, թէ շատ յարմար է ազնուացնելու մեր ցեղը, եւ գիտէք թէ մեր ցեղը որքան պէտք ունի ազնուանալու»:

Կը տեսնենք, որ Քրիսեանի նման Յ. Թ. Հինդլեանի ալ մտքէն հեռու է սկաուտական ընդհանուր կազմակերպութեան մը հիմերը դնելու գաղափարը, զայն նկատելով մեզի համար չափազանց յանդուգն բան մը, այլ միայն խորհուրդ կու տայ մեր տղոց բարքերուն մէջ այդ ձեռնարկին ոգին մտցնել:

Սակայն պէտք է ընդգծել, որ հայ սկաուտական շարժումին մէջ շահագրգռուող տարրը հայ տղան, անմիջապէս ըմբռնեց ու զգաց շարժումին կարեւորութիւնը, զայն դարձնելով անմիջական պահանջ, եւ ստիպեց, որ անոր հաւանական առաջնորդները գործի անցնին:

1913 Յունուարի թիւին մէջ, Շաւարշ Քրիսեան աւելի քան վճռական է: Ան չի բաւականանար դպրոցական տղոց միայն պտոյտներ թելադրելով, այլ հայ սկաուտական կազմակերպութեան մը իրականացումը հասարակական գործիչի իր ծրագրին մէջ մտցուցած էայլեւս: Խօսքով ու գրիչով վճռականօրէն հետապնդած իր նպատակը հայ պատանեկութենէն կազմուած մէկ եւ ընդհանուր կազմակերպութեան մը ստեղծումն է:

Գործնական ըլլալու համար, Քրիսեան հրապարակաւ ու գիտակցօրէն իր սկաուտական երդումը կ“ընէ, դառնալով առաջին հայ սկաուտը, այսպիսով մղելով որ ուրիշներ եւս հետեւին իրեն:

Քրիսեանի այս քայլը առիթ կ“ըլլայ, որ «Մարմնամարզ»ի խմբագրութեան շուրջ հաւաքուին սկաուտական շարժումին համակիրները: Շարժումը կը ծաւալի, հայ «Պօյ սկաուտ»ներու հիմնական կանոնագրութիւնը մաս առ մաս լոյս կը տեսնէ թերթին մէջ, Յ. Թ. Հինդլեանի նախորդ տարուան յօդուածաշարքը հրապարակ կ“ելլէ առանձին գրքոյկով, որուն կը կցուին նաեւ կանոնագրական յօդուածներ՝ իբրեւ առաջարկ, որոնք պիտի ենթարկուէին կազմակերպութեան առաջին ընդհանուր ժողովի վաւերացումին:

Քրիսեան իր դասախօսած վարժարաններուն մէջ նոր շարժումը կը բացատրէ իր շունչով, տաք, համոզիչ ու վստահ խօսքերով:

Իրիկուն մը, 1913 Մարտ 16-ին, Քրիսեան կը հրաւիրուի Սկիւտար՝ «Յառաջդիմական»ի սրահին մէջ խօսելու սկաուտիզմի մասին: Հաւաքոյթը կազմակերպական բնոյթ կ“առնէ, երկսեռ ներկաներու մեծ թիւ մը ինքզինք հայ սկաուտիզմի օժանդակ անդամ կը հռչակէ եւ ծնունդ կու տայ «Հայ սկաուտներու առժամեայ Տնօրէն Ժողովին», ուր կ“որոշուի.

1.- Ընտրել հայ սկաուտիզմի տնօրէն ժողովը:

2.- Ընտրել Սկիւտարի հայ սկաուտիզմի տեղական ժողովը:

3.- Հայ սկաուտիզմի ընդհ. ժողով գումարել:

4.- Տնօրէն ժողովին յանձնելմշակումը հայ սկաուտիզմի վերժնական ծրագիր-կանոնագրին:

Առժամեայ տնօրէն ժողովի անդամ կ“ընտրուին տիկիններ Նիկողոսեան, Բարսեղեան, Շահրիկեան, պր. պր. Նիկողոսեան, Հինդլեան, տոքթ. Ուզանեան, Շ. Քրիսեան, Գ. Շահրիկեան եւ ուրիշներ:

Սկիւտարի տեղական մարմնի անդամ կ“ընտրուին օր. օր. Տայեան, Տէր Սահակեան, Պուչաքճեան, պր. պր. Ուշագլեան, Կէօզիւպէօյիւքեան, Հ. Ճիզմէճեան եւ Տէր Աւետիսեան:

Հոս, ինչպէս կը տեսնուի, գործնական քայլեր կ“առնուին դէպի սկաուտական կազմակերպութիւնը եւ նկատելի է, որ ընտրուած մարմինները երկսեռ են, ինչ որ առիթ պիտի տայ սկաուտական շարժումին զուգահեռ նաեւ արենոյշներու խումբերու ստեղծումին:

Քրիսեանի յաջորդ քայլը կ“ըլլայ Լոնտոնէն ապսպրել սկաուտական հագուստներ Պոլսոյ «Նոր Դպրոց»ի աշակերտներուն համար, այսպիսով հիմը դնելով առաջին հայ սկաուտական խումբին իր եւ Զարմայր Այճեանի հսկողութեան տակ:

Մինչ նոր դպրոցի աշակերտութենէն «Պոլսոյ եւրոպական եզերքի Ա. Գունդի» առաջին միաւորները կը կազմուին, Սկիւտարի «Հրատ» մարզական միութեան անդամ խումբ մը պատանիներ, Գարլօ Շահինեանի առաջնորդութեամբ, հիմը կը դնեն «Ասիական եզերքի Ա. Գունդին», տալով երկու խումբեր. Առիւծ եւ Արծիւ:

Տարազները կը հասնին 1913-ի Ապրիլին, «Նոր դպրոց»ի սկաուտները կ“ունենան խաքի շապիկ եւ կապոյտ տաբատ, իսկ «Հրատ»ի սկաուտները կապոյտ շապիկ եւ խաքի տաբատ եւ առաջին անգամ 1913-ի հայկական ողիմպիականը կ“ողջունէ հայ սկաուտները, որոնք օրուան ամէնէն հաճելի եւ աչքառու նորութիւնը կ“ըլլան:

Նոյն տարուան աշնան, Սկիւտարի «Հայ Մարմնամարզ»ն ալ կը կազմէ իր սկաուտական խումբը, Գրիգոր Յակոբեանի նախաձեռնութեամբ եւ Յ. Յակոբեանի ղեկավարութեամբ:

Եթէ, առաջին առթիւ գոյութիւն ունեցող այս երեք խումբերուն դասաւորումը կատարել ուզենք, սկաուտական դաւանանքի եւ իտէալի տեսակէտով՝ առաջնութիւնը պէտք է տալ «Նոր Դպրոց»ի եւ «Հրատ»ի սկաուտներուն՝ իբրեւ առաջին արտայայտութիւն հայ տղուն հոգեկան պահանջին եւ տեսլապաշտ հակումներուն: Իսկ թեքնիքի եւ մարզական գերակշռութիւնը անվիճելիօրէն պէտք է ընդունիլ, որ կը պատկանի Յակոբեանի ձեռքին տակ պատրաստուած «Հայ Մարզարան»ի տղոց:

Ահաւասիկ կարելի սահմաններուն մէջ հայ սկաուտական շարժումին սկիզբի օրերու պատկերը, որ կարելի է անուանել հայ սկաուտական պատմութեան նախաշրջանը, որուն ընթացքին հայ մարմնակրթական շարժումին ջատագովները յանձին Քրիսեաններու եւ Հինդլեաններու իրենց առաջադրանք ունէին ցեղ մը ամբողջ առաջնորդել դէպի առողջ ու երջանիկ կեանք: Այս նպատակին հասնելու վճռականութեամբ հրապարակ իջած սերունդը, հանգրուանէ հանգրուան, աւելի հաստատաքայլ յառաջացաւ, միշտ յաջողութիւն արձանագրելով: Ներքին կազմակերպչական կեանքին զուգահեռ, ան կազմակերպեց մրցումներ, դասախօսութիւններ, դաշտահանդէսներ եւ ողիմպիական խաղեր, դնելով սաղմերը հայ մարմնամարզական շարժումի 1918-1922-ի փառաւոր եւ արգասաւոր շրջանին:

 

Յակոբ Եափուճեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.