Հայեցի կրթութիւն – Զ. Աշակերտ

Եւ աշակերտ…

Սոյն յօդուածաշարքին վերջին նիւթն է սա, բայց իր կարեւորութեամբ՝ առանցքայի՛նը։ Ի վերջոյ որո՞ւ համար է հայեցի կրթութիւնը, եթէ ոչ՝ աշակերտի՛ն։ Ո՞վ պիտի ստանայ այդ կրթութիւնը, եթէ ոչ՝ նոյն ինքն աշակե՛րտը։

Բայց ո՞վ է այսօրուան մեր աշակերտը՝ հայկական վարժարա՛ն յաճախող աշակերտը։ Փորձենք բնութագրել զայն։

Առաջին հերթին՝ ուրկէ՞ կու գայ ան.

ա) Ծնողներէ, որոնք կը հաւատան հայ դպրոցի առաքելութեան եւ կ՚ուզեն, որ հա՛յ մեծնան իրենց զաւակները, հայերէն խօսին, կարդան ու գրեն, ճանչնան իրենց ազգային պատմութիւնն ու մշակոյթը, տէ՛ր կանգնին իրենց Դատին եւ յանձնառու ըլլան շարունակելու իրենց ժողովուրդի երթը այս երկնակամարին տակ՝ թէկուզ Հայաստանէն դուրս տակաւին ժամանակ մը եւս։ Ի՞նչ համեմատութիւն կը ներկայացնեն նման ծնողներու զաւակները մեր դպրոցներուն մէջ։ Կ՚ուզեմ հաւատալ, թէ տակաւին մեծամասնութիւն են, բայց կրնայ այդպէս չըլլալ…

բ) Ծնողներէ, որոնց համար երկրորդական է հայ դպրոցի առաքելութիւնը. հայկական վարժարանը առաւելութիւններ կը ներկայացնէ, կ՚ուզեն օգտուիլ այդ առաւելութիւններէն, սակայն իրենց համար այնքան ալ կարեւոր չեն լեզու, պատմութիւն, մշակոյթ։ Ի՞նչ համեմատութիւն կը ներկայացնեն ա՛յդպէս մտածող ծնողներու զաւակները։ Այս պարագային ալ կ՚ուզեմ հաւատալ, թէ փոքրամասնութիւն մըն են, սակայն մատներս յառաջ չեն երթար շարագրելու համար, թէ կրնայ այդպէս չըլլալ…

Թէ՛ առաջին եւ թէ՛ երկրորդ խումբին պատկանող ծնողները կրնան երկու կողմէ հայ ըլլալ, կրնան նաեւ միայն մէ՛կ կողմէ հայ ըլլալ։ Եթէ մեր վարժարաններու դռները քիչ մը աւելի լա՛յն բաց ըլլային, գուցէ երկրորդ խումբի ծնողներուն մէջ պիտի գտնուէին երկո՛ւ կողմէն ալ ոչ-հայեր, որոնք սակայն պիտի ուզէին, որ իրենց զաւակները օգտուէին մեր կրթարաններու մաքուր մթնոլորտէն, առինքնող միջավայրէն, ուսման բարձր որակէն…

Երկրորդ հարցումը, որ մենք մեզի պիտի տանք, այն է, թէ աշակերտները այդ երկու «դասակարգի» ծնողներէն ի՞նչ կը բերեն իրենց հետ, ի՞նչ ընտանեկան դաստիարակութիւն ստացած կը հասնին վարժարան։ Ոմանք պիտի գան լրիւ հայախօս, ոմանք՝ մասամբ հայախօս, ուրիշներ ալ դպրոցին մէ՛ջ պիտի սորվին հայերէն խօսիլ, նոյնիսկ եթէ առաջին խումբին պատկանող ծնողներու զաւակներ են։ Իրենց գիտցած հայերէնն ալ կրնայ ըլլալ բաւական սահուն ու մաքուր, աւելի յաճախ թերի ու աղճատ՝ ամենէն պարզ բառերն ալ փոխարինուած օտար եզրերով։ Ասիկա ալ կախում ունի իրենց ծնողներու իմացութենէն, բծախնդրութենէն ու մանաւանդ իրենց զաւակներուն լա՛ւ հայերէն սորվեցնելու նախանձախնդրութենէն։ Դժուար առաջադրանք է ասիկա, ընդհանրապէս բոլոր ծնողներուն համար, որոնք իրենց յաճախ հեւքոտ ասպարէզին կողքին նաեւ զաւակ մեծնելու պարտականութիւնն ալ ունին, բայց դժուար է մանաւանդ բաժնուած, միածնող ընտանիքներուն համար, ուր հաւանաբար լեզուական մաքրակրօնութեան տեղ չի մնար դժբախտաբար։

Սակայն հայերէնի մակադակը աշակերտները իրարմէ տարբերակող միակ յատկանիշը չէ։ Կան նաեւ կենցաղային տարբերութիւններ, որոնք կը յառաջանան ծնողներու նիւթական պայմաններէն ու իրենց ազդեցութիւնը կ՚ունենան զաւակներու դաստիարակութեան վրայ, ներառեալ հայեցի՛ դաստիարակութիւնը։ Արդէն ա՛յդ կրնայ ըլլալ հայկական վարժարանէ զրկուած աշակերտներէն շատերու պարագան։ Սակայն ծնողներու տնտեսական հնարաւորութիւններուն համաձայն աշակերտներէն ոմանք կրնան վայելել աշխարհաճանաչողութեան առաւել կարելիութիւններ (թանգարան այցելութիւն, համերգ ու թատրոն եւ այլն, ինչպէս նաեւ ճամբորդութիւններ), ոմանք՝ նուազ, թէեւ ասիկա միայն նիւթականի կապուած հարց մը չէ, այլ գիտակցութեան եւ կրթուածութեան ալ։ Իսկ այդ առիթները կը նպաստեն լեզուի ու լեզուամտածողութեան ալ զարգացման, ներառեալ հայերէնը, որուն իւրացուած բառապաշարը կը ճոխանայ։

Կայ նաեւ ընկերային կեանքի զարգացման հարցը, որ առաջին հերթին պիտի կատարուի ընտանեկան միջավային մէջ, եւ որքան այդ միջավայրը բացառաբար հայկական ըլլայ, այնքան աշակերտին լեզուն հայերէնը պիտի ըլլայ, ունկնդրած երաժշտութիւնը՝ հայկականը եւ այլն։ Բայց ընկերային կեանքը պիտի շարունակէ զարգանալ նաեւ ընտանիքէն դուրս, ակումբէն ներս, միութիւններու շարքերուն եւ խումբերուն մէջ, եթէ ծնողները գիտակցին ատոր կարեւորութեան ու ամենէն մատղաշ տարիքէն իրենց զաւակներուն այդ հնարաւորութիւնն ալ ընծայեն։ Հնարաւորութիւն հայերէ՛ն խօսելու, իրենց սորված հայերէնը գործածելո՛ւ։

Կայ սակայն ուրիշ իրողութիւն մը, որ ներկայ աշակերտութիւնը կը զանազանէ նախորդ սերունդներէն։ Այդ՝ համացանցի առկայութիւնն է, անոր փորձառութիւնը, որ մեր զաւակները, թոռներն ու ծոռերը ձեռք կը ձգեն իրենց ամենէն վաղ տարիքէն։ Անոնք իրենց ծնողներէն իսկ աւելի ճարտարօրէն, կարծէք բնազդաբար կը սորվին գործածել նորանոր հրաշագործ սարքերը ու ընդլայնել իրենց իմացական աշխարհը։ Երբեք մտքէս չ՚անցնիր թելադրել, որ համացանցէն խզուած ապրին անոնք։ Բայց պիտի գիտակցինք, թէ անոնք կը վարժուին իրենց որոնած տեղեկութիւնը կամ խաղը եւ այլն այնքան արագ ձեռք ձգել ու գոհացում ստանալու, որ որոնման յաւելեալ ճիգը, նիւթի մը մէջ խորանալու ցանկութիւնը եւ ուշադրութեան տեւողութիւնը մեծապէս կ՚ազդուին այդ սարքերէն։

Ահա այս բոլորին ու շատ այլ ազդակներու ալ գիտակից պիտի ըլլան մեր վարժարաններն ու մանաւանդ մեր ուսուցիչները, երբ նոր սերունդի դաստիարակութեամբ կը զբաղին, մասնաւորաբար հայեցի, բայց նաեւ ընդհանո՛ւր դաստիարակութեամբ։

***

Դպրոց (ներառեալ համայնք, պատկան մարմիններ ու տնօրէնութիւն), կրթական ծրագիր, դասագիրք ու այլ միջոցներ, ուսուցիչ, ծնողք ու աշակերտութիւն կը կազմեն ամբողջութիւն մը, եւ միայն այդ բոլորին մասնակցութեամբ կամ այդ բոլորը նկատելի առնելով կրնայ զարգանալ հայեցի կրթութեան ազգային ռազմավարութիւն մը մեր այս նոր դարու արդէն իսկ երկրորդ տասնամեակի աւարտին հասնող այս տարիներուն եւ անկէ անդին։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

(շար. 6 եւ վերջ)

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.