Լոյս տեսաւ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026 թուականի չորրորդ թիւը

Լոյս տեսաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ՝ «Դրօշակ»-ի 2026 թուականի չորրորդ թիւը, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին։

«Հայ Դատ» խորագիրը կրող թիւը կը ներկայացնէ 111 տարի առաջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող բազմաբնոյթ նիւթեր՝ ներառեալ մամուլի արձագանգներ, ինչպէս նաեւ իրաւական եւ քաղաքական հարթութիւններու վրայ ընթացող գործընթացներու անդրադարձ։ Շեշտուած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման հարցը կը շարունակէ մնալ անաւարտ՝ իբրեւ մարդկութեան պատմութեան առաջին ցեղասպանութեան ամբողջական լուծում չստացած խնդիր։

թիւը նաեւ կը դիտարկէ Արցախի մէջ վերջին տարիներուն տեղի ունեցած զարգացումները՝ որպէս 1915-ի ցեղասպան քաղաքականութեան շարունակութիւն։ Այս ծիրին մէջ, Մարի Յովհաննիսեան կը ներկայացնէ 1992 թուականի Մարաղայի կոտորածը՝ ընդգծելով գործուած բռնութիւններուն եւ մէկ դար առաջուան եղեռնին միջեւ առկայ յստակ ընդհանրութիւնները։

Միւս կողմէ, մշակութաբան Արմինէ Տիգրանեան իր ուսումնասիրութեան մէջ կը կեդրոնանայ Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման վրայ՝ զայն բնորոշելով որպէս «սպիտակ ցեղասպանութիւն»։ Ան կը շեշտէ, որ տեղի ունեցողը միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն կրնայ դիտուիլ որպէս պետական մակարդակի վրայ իրականացուող ցեղասպանական քաղաքականութիւն։

Հրատարակութեան մէջ տեղ գտած են նաեւ վերլուծական նիւթեր, ուր հեղինակները կը քննադատեն Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու մօտեցումները՝ նշելով, որ անոնք լռութիւն կը պահպանեն հայկական ինքնութեան դէմ ուղղուած գործողութիւններու նկատմամբ եւ կը փորձեն հասարակութեան մէջ ստեղծել կեղծ խաղաղութեան տպաւորութիւն։

«Դրօշակ»-ի ապրիլեան թիւը կը ներառէ նաեւ այլ բազմաբովանդակ եւ հետաքրքրական հրապարակումներ։