Ի՞նչ կ’ընենք, ի՞նչ չըրինք՝ հայրենիքի տէր մնալու համար, կամ ՝ կը սպասուի պարտութիւնը մերժող ղեկավարը

Յ. Պալեան

             “Պատմութիւնը հանդիպումն է կամքի մը եւ դէպքի մը”, ըսած է  իր երկրին պարտութիւնը մերժած Զօրավար Շարլ տը Կոլ:

            Դէպքեր միշտ եղած են եւ պիտի ըլլան: Անոնց հանդիպման պատրաստ հզօր կամք պէտք է, հրապարակէն չքշուելու համար:

            Հայաստան եւ հայութիւն կը սպասեն այդ կամքը, որ երէկ ԱՐԱՄ էր: Այսօր չկայ այդ կամքը եւ ազգը կը խարխափէ: Բայց մինչեւ ե՞րբ կրնայ խարխափել, եւ ո՞ւր առաջանորդուելու համար:

             Կը հպարտանանքոր հինգհազարամեայ պատմութիւն ունինք:

            Յետոյ ի՞նչ

            Ի՞նչ ունինքի՞նչ պահած ենք : Ի՞նչ չենք կրցած պահելեւ մանաւանդ՝ ինչո՞ւ:

            Այսօր ֆրանսական ելեկտրոնային լրատուամիջոց մը խորագրած էրl’Arménie en danger de mort… Հայաստան մահուան վտանգի մէջ

            Կացութիւնը տեսնելու եւ ըմբռնելու համար միթէ՞ուրիշի կարծիքին կարիք ունինքԲայց կը շարունակենք քաղաքականութիւն խաղալինքնագոհութեամբ այս կամ այն դահլիճին մէջ գտնուած ըլլալու ինքնացուցադրւթեան կամ մեծերու հետ ձեռք թօթուելու «անմահացման« գունաւոր լուսանկարներ կը զետեղենք կայքերու վրայշարունակելով մնալ լուսանցքային  վատուժ քաղաքական դերակատարոր իր ցանկութինները իրականութիւն համարելու ինքնախաբէութեամբ կապրի, գունաւոր նկարներ փռելով համացանցի անսահմանութեան բաց պաստառին վրայ: ՀպարտութիւնԿամ մեծխօսիկութեան հանդէս կը կազմակերպենքառանց խորհելուոր առակի կաւէ կուժ ենք երկաթ կուժերու կողքին

            Չենք ուզած ՄԻԱՑՈՒՄՈՎ երկաթ կուժ դառնալ:

            Անցեալի եւ ներկայի եղածի, յաճախ չեղածի հպարտութիւնը բաժակաճառի խօսք էեթէ պատմութենէն չենք ժառանգած ներկան լուսաւորող իմաստութիւնոր տպաւորիչ եւ յուզող գեղահունչ բառերէն եւ աղմուկէն աւելին էտարբեր որակ եւ տարողութիւն ունիԱյսինքն՝  տէր ըլլալ, ըլլալ շարունակութիւն:

            Երբեմն պէտք է մտածելոր տարբերութիւն մը կայ հպարտութեան եւ սնափառութեան միջեւԵրկրորդը վնասակար փուչիկ էոր կը սնանի դատարկաբանութեամբոր կը խնկարկէ թագաւորընոյնիսկ երբ ան մերկ է… Յիշել Հանս Անտերսընի պատմութիւնը

            Որքա՜ն յուզուած ենք եւ յուզածկրկնելովոր պարտուած ենք, բայց բարոյապէս յաղթած… Յանձնառութիւն չպահանջող քաղաքական հակաիմաստութիւնոր մեզ բերած եւ հասցուցած է հոն՝ ուր որ ենք:

            Հիմա պարտութիւններ կը գումարենքբայց բաց օդին մէջ ենքխօսքերով եւ պատկերներով կը սաւառնինք մէկ կէտէ միւսըլուսանկարները որպէս յաղթանակի եւ վերականգնումի իրականութիւն եւ ինքնահաստատման փաստ համարելով եւ ներկայացնելովերբ անզօր ենք թումբ կանգնելու ներխուժողին դիմացկը գոհանանք զանազան լեզուներով ներքին սպառման ծառայող լրատուութեամբըսելով որ թշնամին հատեց սահմանը եւ ունեցանք այսքան զոհ

            Թշնամին չհատեց սահմանըԵթէ սկսէինք ըսելովոր մենք թոյլ տուինքմենք բացակայ էինք եւ թշնամին հատեց սահմանըԱյս կըլլայ իրատեսական առաջին քայլըոր կը տանի վերականգնումի:

            Ի՞նչ ըրինք եւ ի՞նչ չըրինքորպէսզի թշնամին չհատէ սահմանը եւ չունենանք զոհերՀարցումը պէտք է տանիլ իւրաքանչիւր յարկի տակ: Ուղղել իւրաքանչիւր փողկապաւորի,մեծերու  ձեռքեր թօթուելով երջանկացողի:

            Ուժը միշտ շրջանցած է բարոյականը եւ եղած է իրաւունքի պատուանդանը:

            Ազգերու փոխյարաբերութիւններուն եւ ժողովուրդներու անցեալ եւ ներկայ պատմութեան մէջբարոյական ճառը անարդարութիւնոճիր եւ իրաւազրկումներ շպարելու ծառայած էմխիթարութիւններու միակողմանի եւ յանձնառութիւն չպահանջող անզօրներու մենաւոր հաճոյքԱյսպէս է մեզ յուզող ցեղասպանութեան ճանաչումներու կրկնուող դիպաշարըոր եթերին մէջ կը խաղցուիՏեղ մը եղա՞ծ է ճանաչման յաջորդող քայլՊահանջած ենք որ ճանաչման յաջորդեն արդարութիւն եւ հատուցման վճիռՄսկոտութեամբ քաղաքականութիւն չի խաղցուիր :

            «Բարոյապէս յաղթեցինք»-ը ի՞նչ ապահոված է մեր ժողովուրդինպահա՞ծ է մեր հայրենի հողըորպէսզի ազգը տոկայ եւ տեւէտեւաբար արեան գին չվճարէԻնչպէս ըսած եմտեւաբար շեղբի վրայ մնացած ենքբայց՝ գոհքանի որ մխիթարուած ենք հաւատալով, որ դեռ ողջ ենք:

            Հայրենիքին տիրութիւն կրցա՞ծ ենք ընել:

            Մեր պարտութիւններուն եւ ձախողութիւններուն պատճառը միշտ փնտռած ենք մեզմէ դուրս:

            Մեծ իրատեսութիւն եւ քաջութիւն կը պահանջէ պատճառները նախ փնտռել մեր մէջՊատմութեան դաս եւ ուղիղ ըմբռնում եւ քաղաքականութիւն շփոթած  ենք երեւելիապաշտութեան եւ դիրքապաշտութեան հետբոլոր տեսակի ազգակերտման աշխատանքները կատարած ենք սիրողական ոճովամաթէօրիզմովՔաղաքական կոչուած բանակցութիւնները ոսկեղէն առիթ համարած ենք կալուած գնելու Հայաստանէն դուրս եւ երջանկանալու… շոփինկներով

            Քաղաքականութիւնըմեր պարագային աւելի յստակ ըլլալու համարազգ եւ հայրենատէր ըլլալու եւ մնալու համարբարոյականութիւն էգեղեցիկ խօսք եւ յուզումներփուչիկ եներբ կը բացակային ուժը եւ անոր լրացուցիչ՝ յանձնառութիւնը եւ կազմակերպութիւնըԵթէ այս հասկցած ըլլայինք՝ առանց ճապկումի եւ խուսանաւելու ուժի ստեղծման հետամուտ եղած կըլլայինքչէինք գինովնար խորհրդանշական իրադարձութիւններու «պատմական» յիշատակութեամբինչպէս՝ «առաջին Երկիրը որ քրիստոնէութիւնը ընդունած է որպէս պետական կրօն»… Ծափահարած ենք բարձր խօսողներըպոռտախօսներըտպաւորիչ տարազներըՊատահած էոր մի ոմն բեմբասաց ըսէթէ «այսօր ալ կլլեցուցինք», կամ երբ ամբոխը կըսէր «ի՜նչ լաւ կը խօսիմարդ բան չի հասկնար», «կարեւոր» ըլլալու համար ճառ խօսած ենք՝ ուրիշի գաղափարներով եւ խօսքովբեմ բարձրանալու հաճոյքին անձնատուր ըլլալովԱյսպէս ապրած ենք եւ այսպէս կը շարունակենքՅակոբ Պարոնեանի «Աբիսիողոմ»ը գերաճած է

            Հազար հինգ հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցած «Աւարայր» տօնեցինքհպարտութեամբ պոռալովոր «պարտուեցանք, բայց բարոյապէս յաղթեցինք»: Շարունակեցինք օրօրել եւ օրօրուիլ բարձրաձայնելով՝ «յաղթելու ենք»…

            Այսօր ալ ինչպէ՞ս չգիտցանքոր թուրքազերի ներխուժումը կը շարունակուիվերջնական նպատակ ունենայով Հայաստանի եւ հայութեան վերացումըցեղասպանութեան լրացումըԷրտողան կը խօսի իր «եղբայր Ալիեւի մասին»… Այս սպառնալիքին դէմ չմիացանքազգի մարդկային,  իմացական եւ նիւթական կարելիութիւնները իմաստութեամբ չօգտագործեցինքմանրուքներով զբաղեցանքԵւ այդպէս ալ կը շարունակենքՈչ ոք հարցուցթէ Հանրապետութեան միջազգային յարաբերութիւններու մշակման եւ պատրաստութեան մէջ դեր ունեցա՞ծ են պատմաբան ակադեմիկոսներըորոնք անցեալի գիտութեամբ լուսաւորեն քաղաքական ներկան եւ գալիքըինչպէ՞ս սահման կը պաշտպանելու հարցին մասին որոշում կը կայացնեն բանակ չտեսածներ երբ սպայակոյտի քարտէս կարդալ չեն գիտերԲանակ եւ պատերազմ հարսանիք չեն գիտցած զանազանելինչպէս Հայաստան հաստատուած հաւատաւոր եւ համեստ հայ մը կըսէ, ամէն բան ընդունուած է որպէս «ուտուշ-խմուշ»:

            Թշնամիին հին եւ նոր հարուածները մահասփիւռ եղան եւ ենպատճառ եղան մեր կոտրակումին եւ անոր հետեւած տարտղնումինոր ամէն առիթով շարունակուեցաւ եւ կը շարունակուիՈ՞ր ղեկավարութիւնը ուզեց եւ փորձեց առաջքը առնել յարաճուն սփիւռքին եւ անոր տարածուելով նօսրացմանԱյսօր Ազգի թէական թուական զանգուածը սփիւռք էոր բախտաւոր պարագային համայնք էՉգիտցանքչուզեցինքՀանրապետութիւնԱրցախ եւ Սփիւռք երիցս կոտորակ եւ տարբերակուած «հաւաքականութիւնները», որոնք ներքնապէս ալ շարունակած են եւ կը շարունակեն կոտորակուիլմիացնելթէեւ յանկերգի վերածեցինք միացումըհնարելով զանազան տարազներ:

            Չարենցի «պատգամը» մնաց ցանկալի դիցուհիԲարձրախօսի աղմուկ:

            Վերանկանխացման երեսուն տարիներու հաշուեկշիռին մէջՀանրապետութեան իշխանութիւններըհիները եւ նորերը, «թաւիշ»ները եւ «նախկիններ»ըքննադատողները եւ ընդդիմադիրներըի՞նչ ըրին եւ ի՞նչ չըրին ՄԻԱՑՄԱՆ համարՄիացումը գումարում էհամրանքի եւ կարողութիւններուամէն բնոյթի կարողականութիւններուպոտենցիալներու: Ան բացակայեցաւ:

Միացում չեղաւ ոչ թէ արտաքին պատճառներով, այլ մեր սխալներով:

Տեղի ունեցաւ արտագաղթ: Տեղի չունեցաւ հայրենադարձութիւն:

            Համագումար՝ ուժ չեղանքերբ գիտէինքոր մեր դրան առջեւ կանգնած էր թշնամին:

            Բայց երթեւեկեցինքլուսանկարուեցանք: Տուրիզմը դարձաւ նպատակ եւ զբաղումնոյնիսկ Եռաբլուրուր մարդիկ կռնակի եւ մէջքի ցաւ պիտի ունենան «խոնարհումներու պատճառովդիւանագիտական ձախաւերութիւն ըրին Թագուհիի մը դագաղի կողքին փառասիրական լուսանկարումով:

            Եթէ ԱԶԳի ամբողջութեան եւ գոյատեւման հեռանկար ունեցած ըլլայինքՄիացումը կը կենսագործուէրԻնչպէ՞ս, ի՞նչ ընելով:

            Եթէ ամէն բնոյթի իշխանութիւններըկրօնականքաղաքականերկրին մէջ թէ երկրէն դուրսառաջնորդուէին ղեկավարման այն առաքինութեամբ, որ իշխանութիւնը յաւելեալ իրաւունք չէ, այլ յաւելեալ պարտաւորութիւն է, նուազ կը պառակտուէինք:

            Մեր իշխանաւորները եթէ չգործէին ամենագէտի եւ ամէնակարողի յանձնապաստանութեամբ եւ ունենային լսելու առաքինութիւնոր աւելի է իրաւ կամ կեղծ համեստութենէկունենայինք իմաստուն եւ շրջահայեաց ղեկավարութիւն(ներ), ամբոխահաճական (պոպուլիստական) մեծամասնութիւնը ժողովրդավարութիւն չէինք համարերարհամարհելով արժէքներըչէինք իյնար Ֆրանսայի թագաւորի ազգ եւ ժողովուրդ արհամարհող ամբարտաւանութեան մէջոր ըսած էթէ «ես եմ Պետութիւնը»:

            Երբեմն կը մտածեմոր պատմութեան հետ մեր ժամադրութեան ներկայ չեղանք: «Ղարաբաղեան Շարժման» համազգային եւ զանգուածային ալիքը քաղաքական իրաւ յաղթանակ չսկզբնաւորեցշեղեցաւ իր նպատակէնդարձաւ մեկնակէտ տեղական եւ դիրքապաշտական փառասիրութիւններու հարթակՀարիւրհազարաւորներու անխառն ազգային գիտակցութեամբ տոգորուած զանգուածը ոչ ոք առաջնորդեց բնակեցումով հողին տիրութիւն ընելուԱյսօր կը յանկերգուի Հանրապետութեան ինքնիշխան 28.500 քառակուսի քիլոմեթր տարածքըչի խօսուիր Արցախհայրենիքի 10.000 քառակուսի քիլոմեթր տարածքի տիրութեան եւ կորուստի մասինկարծէք այդ աշխարհը հայ քաղաքական միտքին համար դադրած է օրակարգ ըլլալէՄոռցուած է պատմութեան հանգուցային հրաշք պահըերբ ՄԻԱՑՈՒՄը համաժողովրդական ըմբռնում էրչէր աղճատուած տնանկներու ապաքաղաքականացնող եւ պարտուողական ճապկումներովորոնք այլ բան չեն եթէ ոչ շարունակութիւն ըլլալէ հրաժարումոր օր մը կրնայ յանգիլզիջումներու յաջորդականութեամբ եւ գումարումովմեր հողին վրայ հիւրհպատակ ըլլալուայսինքն՝ ծառայ:

            Եթէ ԱրցախՀայաստանէն կարելի է հրաժարիլ, վասն չատագովուած խաղաղութեան եւ հաշտութեան, ընդունիլ անոր կորուստըկարելի է ընդունիլ նաեւ համակեցութեան խոստումներով յառաջանալիք նոր դրութիւն մըարդէն փոքրացած եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք կոչուած հասկացութենէն հրաժարիլհետեւելով պարտութիւններով խաղաղութեան հասնելու (չ)գոյապահպահպանմանոր ազգին եւ հայրենիքին չառընչուիրայլ՝ իմաստէ դատարկուած դիրքերու պաշտպանութեանոր կը սպասարկէ կամ պիտի սպասարկէ Աստուածաշունչի Ոսկի Հորթին:

            Հրապարակ կը վերադառնա՞ն անխառն ազգային գիտակցութեամբ հարիւրհազարաւորներըայս անգամ քալելով ընդդէմ նոյնիսկ ներսի սեփական թշնամիներու դէմնուաճելու համար անխարդախ եւ իրաւ Միացումները, , որպէսզի Ազգի եւ Հայրենիքի շարունակութիւն ըլլանք եւ մնանք:

            Հպարտ ըլլալու համար պէտք է ըլլալ հայրենատէր եւ պահել իր ամբողջական ստորագելիները պահած եւ պահող ժողովուրդմերժել մեծ կամ պզտիկ բեմահարթակներու պսպղուն լոյսերը եւ բարձրախօսներու անխվաղորդայն աղմուկըՄի՛շտ՝ ներսը եւ դուրսը:

            Պէտք չէ ընել այնպէսոր յաջորդ սերունդներըօր մըօտարներու պատին տակ ծուարածչըսենոր մեր նախորդները պատմութեան հետ ժամադրութեան պահուն բացակայեցան,, վատութեամբ կամ ապիկարութեամբ՝ նոյն արդիւնքով: Գնացքները եկան եւ անցանմեզ ձգեցին քարափինՔարափին եւ մայթին վրայ ազգ չապրիր:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.