Թուրքիոյ մէջ կ՚ապրի 4 միլիոն հայ. Հայկազուն Ալվրցեան

Լուսանկարը՝հայ հաւատացեալներ Տիարպեքիրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ, 2015-ին։ Լուսանկարիչ Պրայըն Տէնթոն, The New York Times 

Թուրքիոյ կրօնափոխ հայերուն, անոնց խնդիրներուն եւ տեսանելի վտանգներուն մասին «Ապառաժ»-ը բացառիկ զրոյց ունեցած է Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնգիտահետազօտական հիմնադրամի տնօրէն, հայագետ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Հայկազուն Ալվրցեանի հետ:

Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնգիտահետազօտական հիմնադրամ

Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնգիտահետազօտական հիմնադրամը ստեղծուած է 2006 թ. ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ։

Կեդրոնին հիմնական նպատակն է ծանօթանալ Արեւմտեան Հայաստանի եւ այնտեղ ապրող հայութեան խնդիրներուն եւ զանոնք հասու դարձնել հայ ու օտարերկրեայ հանրութեան:

Կեդրոնը ունի հայալեզու (http://akunq.net/am/) եւ թրքալեզու (kunq.net/tr/) կայքեր, որոնց միջոցաւ կը հրապարակուին Արեւմտեան Հայաստանի եւ արեւմտահայութեան կեանքի բոլոր բնագաւառներուն վերաբերող տեղեկութիւններ, ուսումնասիրութիւններ եւ լուրեր:

Թուրքիոյ կրօնափոխ հայերը

Թուրքիոյ կրօնափոխ հայերը իրենց հայկական անցեալին նկատմամբ տարբեր վերաբերմունք ունին եւ ըստ այդմ ալ կը բաժնուին երկու հիմնական խումբերու.

Առաջին խումբի հայերը 1915 թուականէն ի վեր կը շարունակեն ապրիլ քիւրտերու կամ թուրքերու կողքին՝ որպէս մուսուլմաններ: Ասոնց զգալի մասը մահմետական ընտանիքներու մօտ դաստիարակուած հոգեզաւակներու սերունդներն են: Եթէ նոյնիսկ տեղեակ են իրենց հայկական ծագման մասին, առանձնապէս հակած չեն վերադառնալու այդ ինքնութեան: Ասոնք հաշտուած են կատարուած իրողութեան հետ եւ չեն փորձեր իրենց համար բարդութիւններ ստեղծել:

Երկրորդ խումբի հայերը նույնպէս իսլամացած են, սակայն ասոնք կը գիտակցին իրենց ազգային պատկանելիութեան, եւ զայն գաղտնի կերպով կը փոխանցեն սերունդէ սերունդ, իրենց ընտանիքներուն մէջ կը պահպանեն որոշ հայկական ազգային սովորութիւններ, ծէսեր, աւանդոյթներ եւ մշակութային տարրեր, ասոնք կը խուսափին օտարներու հետ ամուսնութենէն: Անոնք կ’ամուսնանան իրենց պէս ծպտեալներու հետ եւ պատեհ առիթներու մկրտութեամբ կը վերադառնան հայկական ինքնութեան: Ասոնք առաւելաբար ծանօթ են որպէս գաղտնի կամ ծպտեալ հայերու խումբ:

Ընդհանուր առմամբ իսլամացածներուն թիւը կը հասնի 3,5-4 միլիոնի, բայց ընդունելու ենք, որ անոնցմէ մօտ 1,7-2 միլիոնն է, որ որոշ չափով հաւատարիմ մնացած է իր անցեալին, ակունքներուն եւ հայկական ինքնութիւնը վերականգնելու ձգտումներ ունի:

Հայերուն ծածկագիրը՝ 2

Թուրքիոյ մէջ ապրող բոլոր ազգային փոքրամասնութիւնները ունին ծածկագիր: Ու թէեւ իսլամացման գործընթացը հազարաւոր հայեր փրկեց ցեղասպանութենէն, սակայն Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը երբեք չմոռցաւ, որ անոնք հայեր են:

1915 թ. հայերու իսլամացումը իշխանութիւնները կանգնեցուց անսպասելիօրէն ծագած խնդիրներու դէմ յանդիման: Անոնք բնականաբար պէտք է տեղաշարժուէին, ճամբորդէին, բայց իշխանութիւնները անոնց չէին վստահեր: Անհրաժեշտութիւնը զգացուեցաւ կրօնափոխներուն անձնագիրներուն մէջ կատարել անոնց հայ ըլլալը հաստատող գաղտնի նշում: Ի դէպ՝ նոյնը կ’ընէին նաեւ այլ փոքրամասնութիւններու պարագային: Հետագային գաղտնի վերահսկման համակարգը կատարելագործուեցաւ: Այսօր կրօնափոխ յոյներուն անձնագիրներուն մէջ գաղտնանշուած ծածկագիրն է 1, հայերունը՝ 2, հրեաներունը՝ 3, որոնցմով անոնք կը վերահսկուին երկրի ողջ տարածքին:

Տեսանելի վտանգներ

Տարբեր հարցումներով ակնյայտ դարձած է, որ Թուրքիոյ բնակչութեան 46-48 տոկոսն է, որ ինքզինք թուրք կը համարէ. բնակչութեան կէսէն աւելին ազգայինկրօնական փոքրամասնութիւններն են, որոնց թիւը 50-էն աւելի է։

Թէեւ սահմանադրութեամբ կը յայտարարուի, որ Թուրքիոյ բոլոր բնակիչները թուրքեր են, սակայն ակնյայտ է, որ այսօր պետութեան ամենախոցելի կողմը ազգային փոքրամասնութիւններու հարցն է, որքան ալ իշխանութիւնները փորձեն զայն «չնկատելու» տալ: Բաւարար է նշել, որ փոքրամասնութիւն կը համարուին նաեւ աւելի քան 20 միլիոն քիւրտերը:

Դէպի Եւրոմիութիւն արեւելումի ճանապարհին վերջին տարիներուն Թուրքիոյ իշխանութիւնները ստիպուած էին կարգ մը հարցերով կատարել ԵՄ պահանջները: Անոր հետեւանքը եղաւ՝ խօսքի, մամուլի որոշ ազատութիւն, ազգայինկրօնական հարցերու եւ մարդկային իրաւունքներու արծարծում, քեմալիզմէն եւրոպամէտ ժողովրդավարներու եւ կառավարող իսլամիստներու աստիճանական հեռացում եւ այլն:

Սակայն Օսմանեան կայսրութեան երբեմնի հզօրութեան վերականգնման՝ Ռեճեպ Թայիպ էրտողանի նկրտումները, երկիրը կը տանին յետընթաց ճանապարհով, որ իր մէջ կը պարունակէ բազմաթիւ վտանգներ՝ նաեւ ազգային զարթօնք ապրող փոքրամասնութիւններու համար:

Վերջին տարիներուն լայնօրէն կ’արծարծուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Թուրքիոյ մէջ եւս որոշ մտաւորականներ ու լրագրողներ, յատկապէս քրտական կուսակցութիւնները, սկսած են Հայոց ցեղասպանութեան (նաեւ՝ յոյներու, ասորիներու, եզիտիներու եւ այլ ժողովուրդներու) մասին շատ խօսիլ, գրել, յիշատակել այդ օրը: Այս ամէնուն մէջ թրքական իշխանութիւնները կը տեսնեն լուրջ վտանգ եւ անպայման կը փորձեն կասեցնել սկսուած գործընթացները: Անոր նախադրեալները ակնյայտ են. Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած «յեղաշրջման» յաջորդած հալածանքներէն ու հետապնդումներէն զերծ չմնացին նաեւ հայերը: Ճնշումը երթալով կը մեծնայ. վտանգաւոր ժամանականեր կը սպասուին։

Հայերուն խօսափողը

Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերուն պարագային միայն հայկական արմատներ ունենալու գիտակցութիւնը բաւարար չէ ինքնութեան վերադառնալու համար: Հարկաւոր են պայմաններ, անվտանգութեան զգացում, հանդուրժողականութեան մթնոլորտ, գործընթացները ուղղորդող ղեկավարներ՝ հոգեւոր թէ աշխարհիկ:

Այդ գործընթացը սկիզբ առաւ երջանկայիշատակ պատրիարք Շնորհք արքեպիսկոպոս Գալուստեանի գործունէութեամբ: Աշխարհիկ գործիչներէն պէտք է յատկապէս նշել Հրանդ Տինքը, որուն կեանքն ու գործունէութիւնը թրքական իշխանութիւնները կասեցուցին նենգաբար: Ան ցեղասպանուածներուն եւ բռնի իսլամացածներուն դատի նուիրեալն ու աննահանջ պաշտպանն էր: Ի դէպ՝ Հրանդ այն կարծիքին էր, որ եթէ Թուրքիան օր մը ժողովրդավար երկիր դառնայ, հայերուն թիւը 2 միլիոնով կաւելնայ։ Սակայն այս գործընթացը անշրջելի է. այսօր ականատես ենք հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի վճռական գործունէութեան խորհրդարանական մակարդակի վրայ. այս մէկը Թուրքիոյ հայութեան եւ միւս փոքրամասնութիւններուն իրաւունքներուն համար մղուող պայքարի որակապէս նոր շրջան է: Ան Հրանդ Տինքին արժանի հետեւորդն է։

Թուրքիայէ՞ն Հայաստան, թէ՞ Հայաստանէն Թուրքիա

Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ այլ բնակավայրերուն մէջ ապրող հայերուն զանգուածային հոսք դէպի Հայաստան չկայ երկու պարզ պատճառներով. անոնք կ’ապրին իրենց հայրենիքին մէջ, իսկ տնտեսապէս Թուրքիան Հայաստանէն առաւել բարւոք վիճակի մէջ կը գտնուի:

Հայաստան տեղափոխուողներուն թիւը հատուկենտ է, մինչ Հայաստանէն Թուրքիա գացողները աւելի շատ են. այս մտահոգուելու առիթ պէտք է տայ Հայաստանի իշխանութիւններուն: Հայաստանէն Թուրքիա տեղափոխուած հայերուն զգալի մասը կ’աշխատի արտադրական ձեռնարկութիւններու մէջ. Թուրքիայէն Հայաստան ներարկուող հագուստեղէնի ու կօշիկի մեծ մասը անոնց արտադրանքներն են։

Հայերը Հայաստանի մէջ չէի՞ն կրնար հագուստ ու կօշիկ կարել։ Հայաստանի հողերուն միայն 30 տոկոսն է, որ կը մշակուի։ Մնացածը խոպան է։ Հայաստանը դարձաւ խոպան, իսկ մեր հայրենակիցները խոպանճի՝ ուրիշի երկրին մէջ :

Կա՛մ մենք պէտք է հաշտուինք այն գաղափարին հետ, որ յոգնած ազգ ենք եւ այլեւս ընելիք չունինք այս աշխարհի վրայ՝ ուժեղներու կողքին, կա՛մ ազգը պէտք է սթափի եւ իրավիճակը փոխէ

Նախիջեւանի ապագան ենթադրող Ջաւախք

Հայաստանը արտաքին աշխարհին հետ կապող 60-70 քիլոմեթրնոց Ջաւախքը Նախիջեւանի ճակատագրին կ’արժանանայ։ Ջաւախահայերուն սոցիալտնտեսական խնդիրներուն այսօր փոխարինեց այլ աղէտ մը՝ ՎրաստանԱտրպէյճանԹուրքիա ռազմավարականդաշնակցային յարաբերութիւնները։ Վրաստան բացած է իր բոլոր դռները Թուրքիոյ առջեւ. թուրքերը հեղեղած են Ջաւախք։

Ջաւախքի մէջ չլսուած, չտեսնուած բաներ կը կատարուին. հասարակաց տուներ բացուեր են, եւ եթէ առաջ Ջաւախքի մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդները կը խօսէին միայն հայերէն, ապա այսօր յաճախ կը լսես թրքերէն։ Այս մէկը շատ վտանգաւոր է, իսկ վրացական իշխանութիւնները կ’աջակցին թուրքերուն` չգիտակցելով, թէ հետագային ի՛նչ աղէտ կրնայ ըլլալ նաեւ իրենց համար։ Աճարիան, Ջաւախքն ու Վրաստանի ատրպէյճաբնակ Գարդաբանի եւ Մառնելուի շրջանները, որոնք սահմանակից են Ատրպէյճանի, կը սպառնան վերածուելու Թուրքիան Ատրպէյճանի կապող կամուրջի: Այս մէկը փաստօրէն փանթուրքիզմի նոր ճանապարհն է:

Չմոռնանք, որ Պարսկաստանի հետ սահմանին նոյնպէս 18-20 միլիոն թուրք կ’ապրի։ Եւ եթէ Ջաւախքը հայաթափուի, Հայաստանի շրջափակումը թրքական մահուան օղակով կ’ամբողջանայ:

Ժամանակին չազատագրեցինք մինչեւ Կուռ գետ ինկած հայկական պատմական տարածքները՝ մենք զմեզ այս շրջափակումէն ապահովագրելու համար, իսկ այսօր ականատեսն ենք այդ սխալին ծանր հետեւանքներուն, որոնք կը սպառնան վերածուելու վտանգաւոր ապագայի, որուն սկիզբը դրուեցաւ 1994-ի զինադադարին կնքումով:

Միացեալ Հայաստանի խորդուբորդ ճանապարհին

Մեր աշխարհասփիւռ ազգը երբեւէ պիտի չհրաժարի իր պետականութիւնը վերականգնելու գաղափարէն։ Միացեալ Հայաստան կերտելու ճանապարհին մենք նուաճեցինք առաջին յաղթանակը՝ Արցախը։ Այսօր կայծեր կը ցոլան Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։ Պէտք է քաղաքական բարենպաստ պահ ստեղծուի, խորանան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, եւ մենք, որպէս պետութիւն, պատրաստ ըլլանք այդ կայծերը կրակի վերածելու։

Հայկական հարցը, Հայ Դատը, Միացեալ Հայաստանը կերտելը հնարաւոր կ’ըլլայ նախեւառաջ այդ գաղափարին համար ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական յենք ստեղծելով։ Այդ յենքը հզօր պետութիւնն է։ Աշխարհի վրայ եւ տարածաշրջանին մէջ պէտք է ունենանք մեր գնահատելի կշիռը։ Իսկ երկիրը կարելի է հզօրացնել միայն երկրին նուիրուած, երկրին մէջ աշխատանք ունեցող, լաւ ապրող քաղաքացիներով եւ այս ներուժը ճիշդ ղեկավարող իշխանութեամբ:

Միացեալ Հայաստանի կերտման ճանապարհին մենք նախ պէտք այս հարցերուն լուծում տանք։ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններն են համայն հայութեան ապագան, իսկ Սփիւռքը միայն մէկ պարագայի կրնայ հզօրանալ. երբ անոր ուժը ուղղորդուի դէպի Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացումը։

Լուսինէ Թեւոսեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.