Թուրքերը որոշած են ձերբակալել բանակի բոլոր հայ բժիշկները. «Հայաստան», 29 Յուլիս 1915
- (0)

Հայոց Ցեղասպանութեան վաւերագրութիւններու աղբիւր եղած է Սոֆիայի «Հայաստան» եռօրեան, որ հրատարակուած է 1915-ի Մարտէն մինչեւ նոյն տարուան Սեպտեմբերը եւ հետագային՝ 1919–1925։
Ստորեւ կը հրապարակենք 29 Յուլիս 1915-ի թիւէն կարճ լրատուութիւններ.
ԶՕՀՐԱՊԸ ՄԵՌԱԾ
Հաստատ աղբիւրէ մը կը տեղեկանանք` որ Գրիգոր Զօհրապ մեռած է Տիգրանակերտի ճամբուն վրայ, Ուրֆայի մէջ:
ՀԱՅ ԲԺԻՇԿՆԵՐԸ
Թուրքերը որոշած են ձերբակալել բանակի բոլոր հայ բժիշկները:
Անշուշտ կ’ուզեն այս մտաւորական տարրն ալ փճացնել այս կամ այն ձեւով:
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՄԸ ԿԱԽՈՒԱԾ
Շապին-Գարահիսարի սանճաքի եւ յարակից գազաներու հայ ժողովուրդը մեծ մասով ջարդուած է. առաջնորդը` կախաղան հանուած է: