Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթնաժողովը աւարտեցաւ Երեւանի մէջ

Երեւանի Մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթնաժողովը աւարտեցաւ՝ համախմբելով շուրջ հինգ տասնեակ երկիրներու առաջնորդներ եւ միջազգային կառոյցներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։

Հաւաքին մասնակցած էին Ֆրանսայի նախագահը, Մեծ Բրիտանիոյ, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Պելճիքայի, Չեխիայի, Նորվեկիայի եւ Լեհաստանի վարչապետերը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարութիւնը եւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարը։ Առաջին անգամ այս ձեւաչափով մասնակցութիւն բերած էր նաեւ Գանատայի վարչապետը։ Թուրքիան ներկայացուած էր փոխնախագահ Ջեւտեթ Յըլմազով, մինչ Ատրպէյճանի նախագահը գագաթնաժողովին միացած էր տեսակապով։

Իր բացման խօսքին մէջ Նիկոլ Փաշինեան շեշտած էր, թէ Հայաստանը կը շարունակէ աշխատիլ Ատրպէյճանի հետ՝ խաղաղութիւնը ամրապնդելու եւ զայն հաստատ հիմքերու վրայ դնելու ուղղութեամբ՝ ընդգծելով, որ երկխօսութիւնը այլընտրանք չունի։ Ան նաեւ կարեւոր նկատած էր Թուրքիոյ ներկայացուցիչի մասնակցութիւնը՝ զայն դիտելով իբրեւ սահմանափակ, բայց խորհրդանշական քայլ երկխօսութեան ուղղութեամբ։

Գագաթնաժողովի ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահը իր ելոյթին մէջ կրկին քննադատած էր Եւրոպական խորհրդարանը՝ «հայամէտ» բանաձեւերու եւ «կողմնակալ» մօտեցումներու համար։ Այս յայտարարութիւնները արձագանգ ստացած էին Եւրոպական խորհրդարանի նախագահի կողմէ, որ վերահաստատած էր կառոյցի ժողովրդավարական բնոյթը եւ անկախ որոշումներու ընդունման սկզբունքը։

Եւրոպական խորհրդի նախագահ Անթոնիօ Քոշթա իր ելոյթին մէջ կարեւորած էր Երեւանի մէջ տեղի ունեցող հաւաքը՝ զայն բնորոշելով իբրեւ պատմական, եւ ընդգծած էր, որ տարածաշրջանային երկխօսութեան որոշ առաջընթաց արձանագրուած է։ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի, որ առաջին անգամ կը գտնուէր Հայաստան, իր խօսքին մէջ կոչ ուղղած էր Եւրոպայի առաջնորդներուն՝ շարունակելու եւ ուժեղացնելու ճնշումը Ռուսիոյ վրայ՝ նոր պատժամիջոցներով, ընդգծելով, որ պատերազմը դեռ կը շարունակէ մնալ Եւրոպայի անվտանգութեան հիմնական մարտահրաւէրը։

Գագաթնաժողովի շրջագիծին մէջ տեղի ունեցած էին բազմաթիւ երկկողմ հանդիպումներ։ Հայաստանի եւ Մեծ Բրիտանիոյ միջեւ ստորագրուած էր ռազմավարական գործընկերութեան հռչակագիր, որուն միջոցով կողմերը յանձնառութիւն ստանձնած էին խորացնելու համագործակցութիւնը քաղաքական, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մէջ։ Փաշինեան հանդիպումներ ունեցած էր նաեւ Գանատայի վարչապետին, Ուքրանիոյ նախագահին, Սպանիոյ վարչապետին ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ այլ ղեկավարներու հետ, ուր քննարկուած էին երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման, տարածաշրջանային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային համագործակցութեան հարցեր։

Գագաթնաժողովի ընթացքին նաեւ յայտարարուած էր Հայաստան–Թուրքիա համագործակցութեան ծիրին մէջ Անիի պատմական կամուրջի վերականգնման վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրումը, որ ներկայացուած էր իբրեւ վստահութեան կառուցման քայլ։

Գագաթնաժողովին զուգահեռ, համալիրին դիմաց տեղի ունեցած էր բողոքի հաւաք՝ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման պահանջով։ Ցուցարարները նաեւ ուշադրութիւն դարձուցած էին արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ վերադարձի հարցին։

Եւրոպական քաղաքական համայնքը, որ հիմնուած է 2022-ին՝ Եւրոպայի մէջ քաղաքական եւ անվտանգային երկխօսութիւնը խթանելու նպատակով, կը շարունակէ ծառայել իբրեւ կարեւոր հարթակ։ Երեւանի գագաթնաժողովը ընթացած էր «Կերտելով ապագան․ միասնութիւն եւ կայունութիւն Եւրոպայի մէջ» կարգախօսով եւ ներառած էր քննարկումներ խառնածին սպառնալիքներու, ժողովրդավարութեան դիմակայունութեան եւ տնտեսական անվտանգութեան շուրջ։

Յայտարարուած է, որ յաջորդ գագաթնաժողովը պիտի կայանայ Իռլանտայի մէջ, մինչ Ատրպէյճանը պիտի հիւրընկալէ այս ձեւաչափով հաւաքը 2028-ին։