Այո՛, իսկ ասկէ՞ ետք… Նախագահ Պայտընի կողմէ «Ցեղասպանութիւն» բառին գործածութենէն ետք ի՞նչ ունինք ընելիք

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Նախագահ Պայտընի կողմէ «Ցեղասպանութիւն» բառին գործածութենէն ետք ի՞նչ ունինք ընելիք։ Ի՛նչ փոխեց այդ բառին գործածութիւնը, կամ բան մը փոխե՞ց ի վերջոյ, եւ ի՞նչ է մեր պարտականութիւնը։

Հայ դատի հետապնդման գործընթացին մէջ, ըստ իս, մենք պարտաւոր ենք դարձնել էջը ու լուրջ քննութեան ենթարկել մեր ռազմավարութիւնն ու մարտավարութիւնը, իսկ այդ ընելէ առաջ՝ մենք մեզի ուղղել հարցումներ ու միայն անոնց մեր տալիք պատասխաններուն հիման վրայ ճշտել մեր ընելիքը։

Ասիկա հաւաքական աշխատանք է, բայց իւրաքանչիւրս կրնայ իր մտքին լուման բերել ի խնդիր այդ պատասխաններու որոնումին։

Փորձենք ուրեմն նախ հարցումները դնել։

Մէկ դար ու աւելի մեր տարած պայքարին մէջ եթէ յաջողութիւններ արձանագրեցինք, ի՞նչ ազդակներ նպաստեցին այդ յաջողութիւններուն. գիտցա՞նք այդ ազդակները բարելաւել, ամրապնդել, բազմացնել։

Միւս կողմէ, ի՞նչ ազդակներ պատճառ հանդիսացան մեր ձախողութիւններուն, եւ կասկած չկայ, որ նա՛եւ ձախողութիւններ արձանագրեցինք. գիտցա՞նք այդ ազդակները նուազեցնել, մեղմացնել, չէզոքացնել։

Որքա՞ն յաջողեցանք կամ ձախողեցանք համախմբել մեր հաւաքական ամբողջ ներուժը, մարդկային ըլլայ ան թէ նիւթական՝ ազգային մէկ տեսլականի շուրջ, ազգային մէկ նպատակ հետապնդելու, ազգային մէկ ինքնութիւն պահպանելու համար։

Որքա՞ն ճանչցանք մենք մեր ուժերը եւ կարողութիւնները՝ բոլո՛ր մարզերուն մէջ։

Որքա՞ն ճանչցանք մեր թշնամիները, անոնց հնարաւորութիւններն ու առաւելութիւնները, մանաւանդ տկարութիւնները։

Որքա՞ն ճանչցանք մեր բարեկամներն ու դաշնակիցները, անոնց վստահելիութիւնը, մանաւանդ անկեղծութիւնը։

Կարելի է երկարել հարցումներու շարքը, սակայն այսքանն ալ բաւարար է, որպէսզի անդրադառնանք, թէ լրջագոյն պարտաւորութիւններու առջեւ կանգնած ենք։

Առանց մտնելու ակադեմական բանավէճերու մէջ՝ այստեղ կ՚ուզեմ վկայակոչել մի քանի մտածողներ, որոնք օրին պատասխանելով տողերս գրողին կողմէ տրուած նման հարցումներու, ըսած են իրենց ըսելիքը, որ այժմէական կը մնայ մինչեւ օրս։

Ահա ի՛նչ կ՚ըսէր Յակոբ Կարապենց՝ վաստակաշատ գրողը.

«Մինչ այժմ տարուած աշխատանքները, որքան էլ անհրաժեշտ, մեծ մասամբ քարոզչական ու պաշտպանական բնոյթ են կրում՝ կենտրոնախոյս ու բեկորուած, երբ յոյժ կարեւոր է Հայ դատի հետապնդման համընդհանուր մի մարմինի գոյութիւնը՝ համագաղութային իր կազմով ու կառոյցով. մի տեսակ Արտերկրի կառավարութիւն: Այս պահուս այս մասին չէինք կրնար խորանալ, երբ մանաւանդ հակաճառելու առիթ չէ տրուած այլոց: Այսքանը միայն կարող եմ աւելացնել, որ պատմական այս պահից օգտուելու համար միասնական ջանքեր են անհրաժեշտ՝ համադրելու համար համայն հայութեան մտասեւեռումները»(1)։

Մինաս Թէօլէօլեան՝ դաստիարակ, խմբագիր, գրականագէտ, կը հաստատէր.

«Հայ դատի հետապնդման «լաւագոյն ուղին» [չակերտներով՝ որովհետեւ կ՚ակնարկէ հարցադրման] կախում ունի զինական ու մարդկային հզօրանքէն, ապա՛ միայն քաղաքական եւ դիւանագիտական յարակից աշխատանքներէն, որոնց մասին խօսիլ անիմաստ է հիմա: […] «Հետապնդե՛լ»՝ Հայութեան պահանջատիրական գիտակցութիւնը ամենօրեայ կենդանի սեւեռում դարձնելու առաջադրանքով։ «Հետապնդե՛լ»՝ այդ Դատի պատմական, իրաւական, քաղաքական, ազգային ու հողային էութիւնը՝ ապրող երէց թէ կրտսեր սերունդներուն համար «մարսուած», իւրացուած եւ ազգային-քաղաքական առողջ մտածողութեան վերածուած տեսնելու հետամտութեամբ»։ Տակաւին՝ «միջազգային հանրային կարծիքը կեդրոնացնելու համար պատմա-քաղաքական այն բոլոր իրադարձութեանց, դիւանագիտական նենգութեանց եւ միջպետական շահերէ թելադրուած խաղերուն վրայ, որոնք հնարաւորութիւն ընծայեցին Օսմանեան կայսրութեան թէ Իթթիհատականներու եւ անոնց ժառանգորդներուն՝ ցեղասպանութեան ճամբով «թաղելու» Հայկական հարցը։ Վերջապէս «հետապնդե՛լ»՝ այժմեան պայմաններու եւ պահանջներու համակողմանի քննարկումով, ծրագրումով եւ հետեւողականութեամբ դարմանելու համար 1920 – 1950 երեսնամեակի մեր խարխափումներն ու վարանումները եւ, անյապաղ, Հայ դատի վրայ կեդրոնացնելու համար ուշադրութիւնը միջազգային ուսանողութեան, ակադեմականներու, պետական եւ քաղաքական դէմքերու, մամուլի, մտաւորականութեան, միջեկեղեցական կազմակերպութիւններու…»(2)։

Հայ դատի աննկուն մարտիկ, պատմաբան Վահագն Տատրեան կ՚աւելցնէր.

«Կը խորհիմ որ մեր մէջ տակաւին ակադեմական լուրջ գործերու գնահատումի վհատեցուցիչ պակաս կայ: […] Պէտք է հրաժարինք այլեւս զանգուածները քարոզչութեամբ ողողելէ, այն յոյսով, որ ատիկա որեւէ դեր պիտի ունենայ: Զանգուածները այսօր ոչ մէկ կարեւորութիւն ունին, որովհետեւ բոլոր մեծ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւններու մէջ այսօր որոշադրիչ ազդակները մասնագէտներու խումբեր են, որոնք կուլիսներուն ետեւէն կ’աշխատին, այսպէս կոչուած experts, որոնք ծանօթ են մասնագիտական առընթեր գրականութեան: Մենք պէտք է ներգրաւենք այս մարդիկը լուրջ հրատարակութիւններով:

«Երկրորդ ամենէն մեծ մտահոգութիւնս երիտասարդ ուժերու պատրաստութեան հարցն է: Հոս ու հոն հետաքրքրուած տղաք կան, որ ես կ’ուզէի օգտագործել, քովս բերել, մարզել, իրենց հետ գործակցիլ, իրենց ճամբայ ցոյց տալ: Քանի երեսուն տարի այս գործով կը զբաղիմ, բաւական փորձառութիւն ձեռք ձգած եմ եւ իմ միակ նպատակս է ապագայ սերունդներուն համար պատրաստել բոլոր ուղիները, ատաղձները, որպէսզի իմ մահէս յետոյ այս գործը շարունակուի: Ահագին ուսումնասիրական գործ կայ, չեմ ուզեր, որ իմ մահովս վերջանայ: Կան քանի մը տաղանդաւոր եւ նուիրեալ երիտասարդներ, բայց որեւէ հիմնադրամ չունինք այս նպատակին համար» (3):

Կարպիս Քորթեան՝ իմաստասիրութեան դասախօս, նոյնպէս իր ժողովուրդի ցաւերով մղկտացող մտաւորական մը, կը շեշտէր.

«Génocide ունեցող ժողովուրդ մը այսօր հարիւր հատ լաւ պատմաբան պիտի տուած ըլլար առնուազն. 50 հատ, 20 հատ: Մէկ հատ իսկ չենք տուած. անուններ չեմ ուզեր տալ։ Պատմաբաններ, որ պէտք չունէին հայութեան մասնագէտ ըլլալու, թող երթային Թուրքիո՛յ, Միջին Արեւելքի, Ռուսիո՛յ մասնագէտ ըլլային եւ լաւագոյն ամբիոնները ունենային. տես թէ այսօր ո՛վ պիտի երթար հայութեան génocide-ը մտիկ ընելու»(4):

Եւ ահա ժամանակակից մտաւորական մը՝ դաստիարակ ու գրականագէտ Իշխան Չիֆթճեան, որ կը մատնանշէր վերջերս.

«Ինծի համար դէպի ներս աշխատանքը շատ կարեւոր է եւ ես կը տեսնեմ, որ անիկա տեղի չ’ունենար հարկ եղած լրջութեամբ՝ ոչ միայն Հայ դատի վերաբերող աշխատանքներուն կապուած։ Օրինակ մը տամ այսօր հասկնալու համար Շուշիի կարեւորութիւնը, հարկ է անդրադառնալ հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցած ջարդին, ԺԹԻ դարու քաղաքին մշակութային ու առեւտրական եռուն գործունէութեան իմաստին, աշխարհագրական նշանակութեան։ Այս եւ նման նիւթեր, իբրեւ ոչ միայն անցեալի դաս կամ երազանք, այլ ներկայի իմաստ եւ ապագայի ծրագիր, [եւս] կրնան համակարգուած դասաւանդում-քննարկումի կերպարանք ստանալ։ Երկարաշունչ աշխատանքի մասին է խօսքը, ինքնապատրաստութեան ու ինքնակրթանքի, ոչ-ազգայնապաշտ ճակատի վրայ, ոչ տարեկան տօնահանդէսներու խրախի տեսքով» (5)։

Ահա այսպիսի մտքեր չեն պակսած։ Ուստի, այս հանգրուանին, ուր հասած ենք, աւելի քան պարտադիր է մեզի համար նստիլ ու վերլուծել մեր անցած ուղին ու պատրաստուիլ պայքարի մեր յաջորդ փուլին։

Անմիջապէս ըսեմ, որ այդ «մերը» կը վերաբերի մեր ամբողջութեան, համայն հայութեան, ներառելով բոլոր կողմերը ու մասնիկները։ Նկատի չունիմ միայն Դաշնակցութիւնը, որքան ալ կեդրոնական ըլլայ իր խաղացած ու տակաւին խաղալիք դերը։

Ուրեմն, ի՞նչ կ՚առաջարկեմ։

Առաջին՝ ընդունիլ, որ Հայ դատի հետապնդումը անջատելի չէ հայութեան ինքնութեան պահպանման ու ազգի գոյութեան շարունակականութեան ի խնդիր տարուելիք պայքարէն։ Նոյնիսկ պայքարի այս երեսները իրարմո՛վ կ՚ամբողջանան, իրարմո՛վ կը պայմանաւորուին։ Ուստի ռազմական ու քաղաքական բոլո՛ր աշխատանքներուն զուգահեռ պիտի տարուին հայեցի, ազգային կրթութեան աշխատանքները՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս։

Երկրորդ՝ ստեղծել այն կազմակերպական պարունակը, որ կրնայ համախմբել մեր ներուժը բոլոր մակարդակներուն վրայ եւ բոլոր մարզերուն մէջ, ներառելով պետական, կուսակցական, միութենական թէ լոկ անհատական միաւորները, որպէսզի ոեւէ ազգային չզգայ մեկուսացուած, անտեսուած։

Երրորդ՝ հասնիլ յստակ բանաձեւումի՝ մեր տեսլականէն, մեր երազներէն ու ցանկութիւններէն անդին՝ գործնական ազգային ռազմավարութեան՝ յառաջիկայ հնգամեակին, յառաջիկայ քսանհինգամեակին թէ հարիւրամեակին համար։

Չորրորդ՝ համաձայնիլ մեր միջոցները կեդրոնացնելու նոր մասնագէտ ուժերու պատրաստութեան, աշխարհը ողողելու մենք մեզ ու մեր իրաւունքները ներկայացնելու միտուած միջոցառումներով՝ մասնագիտական հրատարակութիւններով, գիտաժողովներով, արհեստավարժ գիտնականներու, արուեստագէտներու ու մարզիկներու ելոյթներով։

Եւ հինգերորդ՝ դուրս գալ մեր ինքնամեկուսացումէն, բարձրագոյն դիրքեր գրաւելով քաղաքական, կրթական, մշակութային թէ այլ ոլորտներու մէջ՝ բոլո՛ր հայաշատ երկիրներուն մէջ, նոյնիսկ ո՛չ-հայաշատ, հայկական հարցն ալ դարձնելով համամարդկային հարց՝ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեա՛ն հարց։

Այո՛, ասկէ՛ ետք շատ բան կայ ընելիք։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Յղումներ

1. ՀՈՐԻԶՈՆ, 1983-04-04. Կարապենցի հետ՝ Գընէթիքըթի լեռներուն մէջ

2. ՀՈՐԻԶՈՆ, 1982-09-13 – 1982-10-11. Պատասխանողն է Մինաս Թէօլէօլեան

3. ՀՈՐԻԶՈՆ, 1993-04-19, -26. Մեր հարցազրոյցները Անկեղծօրէն՝ Վահագն Տատրեանի հետ

4. ՀՈՐԻԶՈՆ, 1994-03-21. Մեր հարցազրոյցները – «Խելք գործածելը մեզմէ կախում ունի» Դոկտ. Կարպիս Քորթեան

5. ԴՐՕՇԱԿ, 2020-10. Ընկերական զրոյցներ «Երկու տողէն անդին». Հայ դատ, հայեցի կրթութիւն Զրոյց Իշխան Չիֆթճեանի հետ)

(Բոլորն ալ մաս կը կազմեն հեղինակի «Ոստայն 15 – Զրուցապատում» հատորին)

«Հորիզոն», 2021-05-24, -31 (2186-2187)

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.