Պետիկ Եւ Մարօ Ֆերմանեանները 100,000 Տոլար Կը Նուիրեն Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին

8 Յունիսի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Արեւմտեան թեմի նուիրեալ բարերարներէն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական աթոռի հոգեւոր զաւակներ՝ տէր եւ տիկին Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեաններու, որոնք եկած էին առաջնորդ սրբազանին մօտ, որպէսզի բարոյականի կողքին իրենց նիւթական լիաբուռն աջակցութիւնը յայտնեն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Այս առիթով, Ֆերմանեան ամոլը սրտաբուխ կերպով Դպրեվանքին նուիրեց 100,000 տոլար:

Առաջնորդ սրբազան հայրը բարձր գնահատեց տէր եւ տիկին Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեանները, որոնք մնայուն կերպով թէ՛ բարոյապէս, թէ՛ նիւթապէս սատար կը հանդիսանան՝ ընդհանրապէս մեր գաղութի գործունէութեան եւ մասնաւորաբար Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաքելութեան: Սրբազան հայրը բարերար ամոլին ցուցաբերած հոգածութիւնը եւ նորագոյն այս նուիրատուութիւնը նկատեց յարգանքի ու սիրոյ յոյժ ողջունելի գործնական ընթացք, յատկապէս երբ անոնք կ՛ունենան բարի տրամադրութիւնը Աստուծոյ կողմէ իրենց տրուած բաժինէն նուիրելու նաեւ ազգի հոգեւոր դարբնոց՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին:

Ֆերմանեան զոյգը, իր կարգին, որդիաբար արեւշատ օրեր մաղթեց վեհափառ կաթողիկոսին՝ Արամ Ա. հայրապետին՝ հաւատալով, որ Դպրեվանքէն կը շարունակեն դուրս գալ նուիրեալ հոգեւորականներ, որոնք ի սփիւռս աշխարհի իրենց ծառայութիւնը կը բերեն մեր ժողովուրդի հոգեւոր պապակը յագեցնելու աստուածահաճոյ գործին:

Հուսկ, Ֆերմանեան ամոլը շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր՝ եզակի այս առիթը ստեղծելուն եւ առաջնորդողի դերակատարութեան համար:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.