Ֆէտայիներու վերջին սխրագործութիւնը

Փրկութեան կոմիտէի հրամանատարական կազմը 1921 թուականին

Կարօ Արմենեան

Այսօր արդէն պատմութեան փաստերու քննութիւնը յստակօրէն կը բացայայտէ, որ1920 թուի Դեկտեմբերի 2-ին Հայաստանի խորհրդայնացումով կեանքի կոչուած բոլշևիկեան Յեղկոմը կը գործէր ծրագրուած և հեռահաս ռազմավարութեամբ մը։ Զրկե՛լ երկիրը իր բոլոր ուժականութիւններէն և զայն դարձնել ըստ ամենայնի «կառավարելի»՝ իշխանութեա՛ն մը կողմէ, որ ոչինչ ունէր հարազատ մեր ինքնիշխան երկրի անցեալին, ներկային և ապագային հետ։

Խորհրդայնացման սկզբնական շրջանի Յեղկոմի խուժդուժ քաղաքականութիւնը յաճախ կը վերագրուի «յեղափոխական» ալեկոծ օրերու ծայրայեղական հոգեբանութեան և այս մէկը ճիշտ չէ։ Բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ Մոսկուայի կողմէ ղեկավարուող Յեղկոմի ռազմավարութիւնը ունէր երկու յստակ և նախորոշուած առաջադրութիւն։ Առաջին, արմատական սեփականազրկման ենթարկել մեր աշխատաւոր ժողովուրդը անկէ խլելով ոչ միայն իր կենսական պարէնն ու գիւղացիին անասունները, այլև այն բոլոր արտադրական գործիքներն ու կենցաղային իրերը, որոնք կ՚ապահովէին ՀՀ քաղաքացիին (թէկուզ համեստ) կեանքի ամէնօրեայ լինելիութիւնը։ Երկրորդ, խորտակե՛լ հայկական զինուժի ողնայարը խլելով անկէ իր առաջնորդող ուղեղը՝ հայկական բանակի սպայից կա՛զմը, որ կը բաղկանար բացառապէս փայլուն զինուորականներէ և որոնց նմանը խորհրդային Կարմիր Բանակն իսկ չունէր։ Նպատակն էր վերջնականապէս բարոյալքել մեր երկրի ժողովուրդը և զայն հիմնովին ապաքաղաքականացնել։ Զայն վերածել հօտի և զայն դուրս բերել իր պատմական ընթացքէն։

Այս պայմաններուն մէջ է, որ երկիրը պիտի դիմէր զինեալ ապստամբութեան և 1921 թուի Փետրուարի 18-ին պիտի տապալէր Յեղկոմի իշխանութիւնը վերջ դնելով (թէկուզ ժամանակաւորապէս) բոլշևիկներու արիւնոտ վարչակարգին։

Այսօր, Առաջին Հանրապետութեան հարիւրամեակի սեմին հրապարակուած պետական յայտարարութիւնը յատուկ ճիգ կը ցուցաբերէ պատմութեան փաստերը «ողորկելու», հայ անկախ պետականութեան հիմնադրման գործընթացները աղաւաղելու, զայն հոյակերտող քաղաքական ուժին՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնարար դերակատարութիւնը նսեմացնելու, բոլշևիկեան մնայուն սադրանքը ծածկելու, Փետրուարեան Ապստամբութեան և Լեռնահայաստանի Հերոսամարտի հզօր փաստերը ստուերելու և մեր երկրին պարտադրուած Խորհրդային Հանրապետութեան անհարազատ էութիւնը հարազատագրելու (legitimize)։ Յստակ է, որ նորէն գործ ունինք մեր անկախութեան ոգիին անյարիր տարրերու փուճ մեքենայութիւններուն հետ։ Յստակ է, որ դեռ ուժեր կան մեր պետութեան առաջնորդող դիրքերուն վրայ, որոնք չեն կրցած յաղթահարել և մէկդի շպրտել անցեալի հոգեբանական լուծը։

Հետևաբար առաւել ևս կարևոր է, որ այսօր մենք ճիշտ հասկնանք Փետրուարեան Ապստամբութեան մեծ արարքին պատմական նշանակութիւնը։ Հասկնանք իր էութեամբ և մանրամասնութեամբ, որպէսզի նորօրեայ գործիչներու հաշիւներէն իսպառ ազատ կացուցենք մեր երկրի երէկն ու այսօրը։

Կասկած չկայ, որ ապստամբութիւնը ունէր իր տարերային բնոյթը։ Մեր ժողովուրդը իր բոլոր խաւերով լայնօրէն մաս կազմեց ապստամբութեան ալիքին և սակայն այդ մեծ արարքին ղեկավար ուժը հայ ազատագրական շարժման կրակներուն մէջ թրծուած և Հ. Յ. Դաշնակցութեան դրօշին տակ գործող ֆէտայի հրամանատարներու և զինուորներու փաղանգն էր։ Ճիշտ է, բոլշևիկեան Յեղկոմը ժամանակ չկորսնցուց ՀՀ բանակի սպայութիւնը զանգուածաբար «մաքրագործելու», բայց դեռ կար այն միւս սպայութիւնը՝ մեր իսկական պահեստի ու՛ժը՝ Դաշնակցութեան մատեան գու՛նդը՝ որ թէև մինչ այդ դուրս կը մնար ՀՀ զինուժի կազմակերպական ծիրէն, բայց հոն էր ան անճկելի իր հաւատքով ու նուիրումով և հայրենիքին ծառայելու իր ցկեանս յանձնառութեամբ։ Ասիկա այն բանակն էր, որ միայն Դաշնակցութիւնը ի վիճակի էր կեանքի կոչելու այդ օրերուն։ Ասիկա այն հուժկու բռունցքն էր, որուն հարուածը անսակարկելի էր և վերջնական։ Եթէ ան պահ մը լուռ էր և կարգապահութեամբ կ՚ըսպասէր իր ղեկավարութեան ազդանշանին, ան այնուամենայնիւ չէր բթացած։ Ան իր պատմական դերին մէջն էր եղած Հանրապետութեան ամենէն դժուարին օրերուն՝ սկսած անկախութեան ճակատամարտերէն ընդհուպ մինչև բոլշևիկներու մայիսեան դաւադրութիւնը Ալեքսանդրապոլի (Գիւմրի) մէջ և այլուր։ Ան իր դերին մէջն էր ըլլալու նաև այսօր։

Ֆէտայիներու այս սերունդին կը պարտինք մեր ժամանակակից պատմութեան ամենէն սխրալի էջերը։ Անոնց մեծ մասը խոնարհ հերոսներն են մեր հաւաքական գոյութեան։ Անոնցմէ շատեր մնացած են անանուն։ Անոնք ընդհանրապէս կենսագրութիւն չեն թողած իրենց ետին, բայց իրենց խիզախ գրոհով գրած են մեզմէ ամէն մէկուն կենսագրութիւնը։ Փետրուար 18-ի նախօրեակին մեր երկիրը կանգնած էր իր գոյութեան կենաց-մահու հարցականին առջև։ Սարդարապատն ու Բաշ Ապարանն ու Ղարաքիլիսան բոլշևիկեան Մոսկուայի, քեմալական Թուրքիոյ և հայ բոլշևիկներու կողմէ ենթարկուած էին լուծարքի և հետևաբար պէտք էր նոր Սարդարապատ, պատմական մէկ նոր և հրաշագործ ալքիմիա, մէկ նոր և վճռական արարչագործութիւ՛ն, որ միայն կրնար ծնիլ ֆէտայիներու տեսիլքէն։ Անոնց զէնքն էր միայն, որ կրնար տալ վերջին փրկարար լուծումը։ Անոնց սուրն էր միայն, որ կրնար կտրել գորդեան այս դժխեմ հանգոյցը։

Այսօր կարելի չէ խօսիլ Փետրուարեան Ապստամբութեան մասին ապաւինելով պատմագիտութեան վերացական եզրերուն միայն։ Կարելի չէ մանաւանդ ապաստանիլ գործը «ժողովուրդ»ին վերագրելու խուսափողական մեքենայութիւններուն։ Այդ բանը, առաջին հերթին, անարգանք է ուղղուած մեր ժողովուրդին։ Ամէն վճռական արարք հայոց պատմութեան մէջ իր յստակ տէրը ունի։ Յստակ մարդիկ են, որոնք կը բանաձևեն մտքերը, կը հաւաքագրեն ուժերը, կը բանան պայքարի ճակատները և կը խախտեն հաստատուած կարգերը։ Եւ տակնուվրայ կ՚ընեն բռնատէրերու կեանքը։

Առաջին Հանրապետութեան մայրուղիի զինուորը Դաշնակցութիւնն էր և ոչ ոք թող փորձէ իր կասկածելի լեզուամտածողութեամբ չարափոխել այս փաստը։ Փետրուարեան Ապստամբութեան ողնայարը դաշնակցական ֆէտայիներն էին։ Անոնք անգամ մը ևս գրեցին մեր անկախութեան անգիր օրէնքը։ Անոնք անգամ մը ևս հաստատեցին յարացոյցը և հաստատեցին բոլոր ժամանակներուն համար։ Անիկա ֆէտայիներու սերունդին վերջին հրեղէն կտակն էր։ Վերջին աւա՛նդը։ 1921-ի Փետրուարի 18-ին Դաշնակցութիւնը վերջնականօրէն քաշեց կարմիր գիծը բոլշևիզմին և մեր անկախ պետականութեան գաղափարախօսութեան միջև։ Եւ քաշեց այնպիսի յստակութեամբ, որ ան ի զօրու կը մնայ մինչև այսօր։ Վկայ՝ Արցա՛խը։ Վկայ՝ մեր նորօրեայ ազատամարտի հպարտ զինուորներն ու իրենց շարունակուող սխրագործութիւնը։

Այս տօնը մաքուր խղճմտանքով ապրող մարդոց տօնն է։ Ան տօնն է ֆէտայիներուն։ Տօնն է մեր ազգային հպարտութեան։ Մեր ազգային վճռակամութեան։ Մեր գերագոյն իմաստութեան։ Անողնայար մարդոց տօնը չէ ասիկա։ Մենք ազգովին պիտի արժանի ըլլանք այս մեծ տօնին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.