Օթթաուայի մէջ հիմնուեցաւ «Գանատայի Խորհրդարանի Արցախի ժողովուրդի բարեկամներ» խմբակցութիւնը

ՕԹԹԱՈՒԱ – Երեքշաբթի, 19 Մարտ, 2019-ին, Գանատայի մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ Գանատայի խորհրդարանէն ներս «Գանատայի Խորհրդարանի Արցախի ժողովուրդի բարեկամներ» խմբակցութեան հիմնադիր ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան շարք մը երեսփոխաններ, պաշտօնատարներ եւ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչները:

Ժողովը, որ տեղի ունեցաւ Պահպանողական կուսակցութեան անդամ՝ երեսփոխան Րէյչըլ Հարտըրի գրասենեակէն ներս, նախ ընթերցեց եւ վաւերացուց նորակազմ խմբակցութեան հիմնադիր փաստաթուղթը, որմէ ետք ընտրեց երեսփոխան Հարտըրը որպէս խմբակցութեան առաջին ատենապետ: Ժողովը նաեւ լայն օրէն քննարկեց Արցախի ներկայ իրավիճակը, մարտահրաւէրները, բանակցային գործընթացի հոլովոյթն ու խմբակցութեան մշակելիք ծրագիրները:

Ողջունելով այս պատմական իրադարձութիւնը, Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին հիմնադիր ժողովի մասնակիցներուն եւ մնացեալ անդամներուն: Հայ Դատի գործիչները շեշտեցին սոյն խմբակցոթեան կազմավորման անհրաժեշտութիւնը, յոյս յայտնելով, որ այս խմբակցութեան աշխատանքներուն շնորհիւ, Գանատայի խորհրդարանէն ներս աւելի լայնօրէն պիտի քննարկուի Արցախեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացն ու Արցախեան ժողովուրդի իքնորոշման իրաւունքի անհրաժեշտութիւնը:

Իր կարգին, երեսփոխան Հարտըր շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ Դատի յանձնախումբին՝ սոյն համագործակցութեան համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ամէն ջանք ի գործ դնելու, որ այս խմբակցութիւնը յաջողի ու զարգանայ իր առաքելութեան մէջ:

Նկարը՝ Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամները՝ հիմնադիր երեսփոխաններուն հետ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.