Քոփիրքին. «Ռուսիա որեւէ ձեւով չէ հրաժարած Հայաստանի նկատմամբ ունեցած պատասխանատուութիւններէն»

Ապահովութեան ոլորտին մէջ Ռուսիոյ և Հայաստանի համագործակցութիւնը կը մնայ երկու երկիրներու փոխգործակցության առանցքային ոլորտներէն մէկը։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս», Armeniatoday-ին տուած հարցազրոյցին այս մասին ըսած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին։

Քոփիրքին յայտարարած է, որ Ռուսիա որեւէ կերպ չի հրաժարիր այն պարտաւորութիւններէն, որ ունի երկու երկիրներու միջեւ համապատասխան համաձայնագրերով։

«Կը շարունակէ գործել 102-րդ ռազմական կայանը, աւելցած է մեր սահմանապահներուն թիւը, դիտակէտեր կան հայ-ատրպէյճանական սահմանի հատուածներուն մէջ։ Իհարկէ, տարածաշրջանային ապահովութեան համար կարեւոր գործօն է մեր խաղաղապահ զօրախումբը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Ցաւօք, ժամանակ առ ժամանակ զօրախումբի հասցէին կը հնչեն քննադատական ​​արտայայտութիւններ, սակայն ատիկա չի չեղարկեր այն ​​փաստը, որ ասիկա առանցքային գործօն է Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ապահովութեան եւ ապրելակերպի ապահովման համար։ Նոյնիսկ հիմա, երբ միջանցքը փակ է, խաղաղապահները շատ կարևոր դեր կը խաղան մարդասիրական ճգնաժամը կանխելու, այնտեղ կենսապահովման պարագաներու և սնունդի առաքման համար օժանդակելու հարցով։ Կարելի է ինչ-որ պահանջներ յայտնել Ռուսիոյ դէմ, ռուսական խաղաղապահ խումբին դէմ, բայց այն, որ ռուսական ներկայութիւնը եղած է և կը մնայ ապահովութեան և իրավիճակի սրումը կանխելու շատ կարևոր գործօն, դա, իմ կարծիքով, չի պահանջեր ապացոյցներ», ըսած է Քոփիրքին։

Comments are closed.