Քոչարեան հիւանդանոցէն տեղափոխուած է դատարան. Իշխանութիւնը կը պահանջէ անոր կալանաւորումը

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի երկրորդ նախագահ եւ «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան օգոստոս 26-ին հիւանդանոցէն ուղղակի տեղափոխուած է Հակակոռուպցիոն դատարան, ուր պիտի քննուի անոր նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու՝ Հակակոռուպցիոն կոմիտէի միջնորդութիւնը։

Քոչարեանի փաստաբան Արամ Օրպէլեան յայտնած է, որ նախկին նախագահը ներկայացուած է դատարան։ Հակակոռուպցիոն կոմիտէի մամուլի քարտուղար Մարինա Օհանջանեան եւս հաստատած է, որ առանձնապէս խոշոր չափերով փողերու լուացման, պաշտօնական լիազօրութիւններու չարաշահման եւ կաշառք ստանալու մեղադրանքներով Քոչարեանի կալանաւորման միջնորդութիւնը փոխանցուած է Հակակոռուպցիոն դատարան։

Պաշտպանական կողմին տակաւին չէ տեղեկացուած, թէ գործը ո՛ր դատաւորին մակագրուած է։

Քոչարեան կը գտնուէր «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնին մէջ։ Անոր ինքնազգացողութիւնը վատացած էր Հակակոռուպցիոն կոմիտէին մէջ հարցաքննութեան ընթացքին, որմէ ետք շտապ տեղափոխուած էր հիւանդանոց։

Քոչարեանի որդին՝ Լեւոն Քոչարեան, յայտնած էր, որ շուրջ երկու շաբաթ առաջ իր հայրը սրտի վիրահատութեան ենթարկուած է։ Անոր համաձայն՝ բժիշկները նախորդ օրը չէին արտօնած երկրորդ նախագահին դատարան տեղափոխումը։