Վաստակաշատ գանատահայ ՀՄԸՄ-ականները (Քոյր Սիլվիա Պուրսալեան)
- (0)

1996-ին Ծառայութեան շքանշանակիր
1.- Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս մուտք գործեցիք ՀՄԸՄ-ի շարքերը։
Ծնած եմ Գահիրէ, Եգիպտոս, 1947-ին։ 1963-ին ընտանիքիս հետ գաղթեցինք Գանատա, Թորոնթօ։ Ամուսնացած եմ եւ ունիմ երկու զաւակ։
Ներշնչուած ամուսինիս՝ Սեդրակ Պուրսալեանի ՀՄԸՄ Կամքի մէջ կատարած աշխատանքներէն եւ մղուած զաւակներուս սկաուտական շարքերուն անդամ ըլլալէն, 1982-ին մաս կազմեցի Մոնթրէալի ՀՄԸՄ-Կամքի սկաուտական խորհուրդին:
2.- Ի՞նչ պաշտօններ վարած էք միութեան մէջ։
11 տարի վարած եմ զանազան պաշտօններ, որոնցմէ կրնամ նշել հաշուապահի եւ գոյքապահի պաշտօնները։ Մաս կազմեցի բոլոր սեմինարներուն եւ բանակումներու իբրեւ խորհուրդի ներկայացուցիչ։
1996-ին ընտրուեցայ Մոնթրէալի ՀՄԸՄ-Կամքի վարչութեան անդամ եւ երեք տարի վարեցի գանձապահի պաշտօնը։
Հակառակ ուշ միանալուս ՀՄԸՄ-ի շարքերուն, սակայն ստեղծեցի մտերմիկ յարաբերութիւն միութենական աշխատակիցներուս հետ։
3.- Կրնա՞ք ներկայացնել դրուագ մը, զոր կը յիշէք այդ օրերէն։
Սրտի անհուն գոհունակութեամբ կը յիշեմ, երբ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքով, Սկաուտ խորհուրդի անդամներով մաս կազմեցինք դրամահաւաքի, դեղորայքի եւ հանդերձներու հաւաքին եւ փոխադրութեան դէպի Հայաստան։ Գանատայի ցուրտ օդին ներքոյ բոլորիս կատարած կամաւոր աշխատանքը ինքնին ծառայութեան լաւագոյն խորհրդանշական աշխատանքներէն մէկն է, զոր մանրամասնութեամբ կը յիշեմ մինչեւ օրս։
4.- Ի՞նչ են ձեր թելադրանքը եւ մաղթանքը ներկայ ՀՄԸՄ-ականներուն։
Անձնական տպաւորութիւնս այդ բոլոր տարիներուն ընթացքին եւ մինչեւ օրս այն է, թէ կը հաւատամ, որ ՀՄԸՄ-ը ապահով եւ կարգապահ կառոյցն է, ուր ներկայի ու ապագայի սերունդները կը դաստիարակուին հայ գաղութին ծառայելու եւ մեր հայկական ժառանգութեան հաւատարիմ մնալու առաջադրանքով:
Հարցազրոյցը վարեց ՀՈՒՐԻՆԱՆ