Փեթակն ու իր մեղրը
- (0)

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Մոնթրէալի Հայ կեդրոնը փեթակի մը նմանցուած է իր ստեղծման առաջին օրէն, նոյնիսկ անկէ ալ առաջ, երբ 1958-ին կը գնուէր Սենթ-Զոթիք փողոցի համեստ եկեղեցին ու հիմը կը դրուէր Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ՝ իր ներքնասրահով։
Անկէ ի վեր, անցնող աւելի քան վաթսուն տարիներուն ընթացքին այդ փեթակը նախ պիտի փոխադրուէր իր ներկայ վայրը՝ Ահունցիկ-Գարթիեվիլ քաղաքամասին մէջ, թիւ 15 ճեպուղիին եզերքը, 1973-ին կառուցելով եկեղեցին ու ակումբը՝ Ահարոնեան սրահով, հետզհետէ պիտի ուռճանար՝ 1979-ին ընդարձակուելով ու ընդգրկելով սրահին նոր բեմը, մարզասրահն ու նոր բաժինը ծաղկոցին,– որ արդէն հիմնուած էր նոյնպէս 1973-ին,– իրենց յարակից տարածքներով, ապա 1984-ին պիտի ճոխանար ճաշարանին յաւելումով։
Այդ ֆիզիքական յարմարութիւններուն մէջ իրենց գործունէութիւնը պիտի շարունակէին ու զարգացնէին 1950-ական-1960-ական թուականներուն իսկ կազմուած ՀՅԴ կոմիտէութիւնը, Պատանեկանն ու Երիտասարդականը, Հայ օգնութեան միութեան, Համազգային հայ կրթական ու մշակութային միութեան եւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան մասնաճիւղերը, աւելի ուշ՝ անոնց շրջանային մարմինները, Հայ տարեցներու միութիւնը, Հորիզոն շաբաթաթերթը։
Սակայն փեթակը իր այդ ֆիզիքական սահմաններով արդէն շատ փոքր պիտի հանդիսանար։
Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանը, 1974-ին իր հիմնադրութեան օրէն, պիտի չսեղմէր այդ սահմաններուն մէջ ու քանի մը տարի վարձուած շէնքերու մէջ զարգանալով՝ ի վերջոյ պիտի տիրանար իր սեփական ընդարձակ շէնքին ու հողատարածքին, որ Տիւտըմեն փողոցով միայն կը բաժնուի Սուրբ Յակոբ եկեղեցիէն։
Տակաւին ձեռք պիտի ձգուէր նաեւ Կեդրոն առաջնորդող Օլիվար-Ասըլեն փոքր փողոցի վրայի բնակարանային կալուածը՝ որպէս յաւելում օգտագործուելու համար մեր կազմակերպութիւններուն կողմէ։
Չմոռնանք նաեւ, որ Մոնթրէալի այս համայնքն ու համալիրը իրենց յաւելեալ ընդարձակումը ունեցան 1990-ական թուականներէն սկսեալ՝ դրացի Լաւալ քաղաքի Հայ կեդրոնի ու Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ ծնունդով։
Ի հարկէ չենք կրնար ուրանալ մեր զուգահեռ համայնքներու եւ յարանուանութիւններու ալ զարգացումը անցնող 60-65 տարիներուն՝ ամբողջ տարաշխարհի մէջ իւրայատուկ ինքնութիւն մը եւ էութիւն մը պարգեւելով մեր գաղթօճախին։
Եւ ահա Մեծն Մոնթրէալի հայ համայնքի տարեգրութեան մէջ կ՚արձանագրուի նոր նուաճում մը։
Այդ՝ Հայ կեդրոնի Ահարոնեան սրահի ու յարակից տարածքներու հիմնական նորոգութիւնն է, որ լուսաւոր կէտ մը կը հանդիսանայ Հայաշխարհի այնքան մթագնած երկինքին վրայ, համավարակի ալ այս օրերուն ու միջազգային ներկայ այնքան խառնակ իրավիճակին մէջ։
Նուաճում մը, որ աննկատ պէտք չէ անցնի։
Արդարեւ, անգամ մը եւս, ու քանի՛երորդ անգամ, մեր ազնիւ հասարակութիւնը «այո՛» պատասխանեց պատասխանատու մարմիններու կոչերուն եւ ամեն ջանք ըրաւ յաջողութեամբ պսակելու համար Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ծրագիրը՝ բարեփոխելու ու բարեզարդելու համար Ահարոնեան սրահը։ Մինչեւ անոր պաշտօնական բացումը, հանգանակութեան կամ այսպէս կոչուած նուիրարշաւին իրենց լիաբուռն մասնակացութիւնը բերին արդէն 300, եթէ ոչ աւելի թիւով ազգայիններ՝ ամե՛ն տարիքի, տնտեսապէս ամենէն կարողներէն մինչեւ ամենէն համեստները, այնպիսի պատրաստակամութեամբ ու զոհաբերութեամբ, որ արդիւնքը գլեց անցաւ ամեն ակնկալութիւն ու նորոգութեան ծրագիրը ընդլայնուեցաւ ընդգրկելով այլ տարրեր եւս։
Հոս տեղը չէ անուններ յիշելու,– այդ կ՚ըլլայ արդէն ամենայն պատշաճութեամբ ու անհրաժեշտ հոգածութեամբ,– բայց տեղն է բոլորին ըսելու՝ «վարձքերնիդ կատա՛ր»։
Նշուելիք ու ծափահարութեան արժանի երեւոյթը այն է, որ այս Կեդրոնի Սենթ-Զոթիքի ծննդոցին մասնակից սերունդին իսկ զաւակներն ու թոռներն են, ու անոնց շատ աւելի ետք միացած նորեկներն են, որ այսօր կու գան իրենց պատասխանատւութիւնը վերցնելու եւ տէր կենալու մեր համայնքին։
Իսկ այս երեւոյթը սոյն փեթակին մեղրն է, մեղրի՛ն արդիւնքը։ Այսինքն՝ արդիւնքը այն ամբողջ ճիգին, որ համայնքը տարաւ ու կը տանի իր ինքնութեան պահպանման ի խնդիր։
Բայց գործը կանգ չ՚առներ այստեղ։
Դեռ շատ բաներ կան նորոգուելիք, թէ՛ կեդրոնի ու եկեղեցիին տարածքին վրայ, թէ՛ վարժարանին։ Եւ այդ նորոգութիւնները, որքան կը տեղեկանամ, օրակարգի վրա՛յ են։
Նորոգութիւններէն անդին, սակայն, շատ այլ կարիքներ կան ֆիզիքական յարմարութիւններու առումով, որոնք երկար սպասելու չեն այլեւս՝ իրենք եւս գործադրութեան փուլը անցնելու համար, ինչպէս թանգարան, աւելի ընդարձակ գրադարան, տարեցներու տուն եւ այլն, եւ այլն. մանաւանդ՝ երիտասարդական կեդրոն։ Այս բոլորին անդրադարձած եմ ասկէ առաջ, ասկէ ետք ալ կ՚անդրադառնամ։
Աւելի կարեւորը, սակայն, այդ բոլորին բովանդակութիւնն է, ու այս պարագային ուղղակի մեղրի՛ն է, որ կ՚ակնարկեմ. կայ կարիքը ոչ-ֆիզիքական նորոգումներու ու զարգացումներու, որոնց համար նոյնպէս գաղութի անդամներու գիտակցութեան ու առատաձեռնութեան պէտք է դիմուի. Յիշեմ, օրինակի համար՝ հայերէնի ուսուցիչներու պատրաստութեան հարցը, պատանիներու եւ երիտասարդներու հետ աշխատող վարիչ տարրի պատրաստութեան հարցը, մեր տեղեկատուական-լրատուական ցանցի արդիացումն ու ազդեցութեան գօտիի ընդլայնումը, Հայ դատի մասնագիտական մօտեցման մշակումը ու քարոզչութեան հասողութեան ընդարձակումը, մեր մշակութային գործիչներու զարգացումը, մեր մարզական ախոյանութիւններու բազմացումը, մեր ուսանողներու ուսման, մասնագիտացման ու ասպարէզի ձեռքբերման քաջալերանքն ու տակաւին շատ բաներ, որոնք պիտի ծառայեն մեր մեղրի որակին առաւե՛լ բարելաւումին ու ազդեցիկութեան։
Ահա մարտահրաւէրներ, որոնց իրագործման նպաստողները թերեւս իսկոյն պիտի չարժանանան մեծարման ու երախտագիտութեան, ինչպէս ամենայն իրաւամբ ու ըստ արժանւոյն կ՚արժանան շէնքերու կերտման կամ նորոգումին սատարողները,– քանի որ այդ բոլորի արդիւնքները այնքան արագ չեն տեսնուիր որքան շէնքերը,– որոնք սակայն մեր տարեգրութեանց մէջ շատ աւելի երկար ժամանակի վրայ իրենց ազգային-բարեգործական արարքին համար Գրոց յիշատակութեան արժանի պիտի ըլլան, ինչպէս կ՚ըսէր մեր պատմահայր Խորենացին…
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ