Փաշինեանը Էրտողանի Յայտարարութիւններուն Մասին. «Պատրաստ Ենք Նման Խօսակցութեան»
8 սեպտեմբերին, կառավարութեան նիստին սկիզբը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման:
Փաշինեան նշեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հարցին հրապարակային անդրադարձ կատարած է Թուրքիոյ նախագահը:
«Այդ յայտարարութիւններուն մէջ մենք կը տեսնենք Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարգաւորելու, հայ-թրքական երկաթուղին եւ ճամբաները վերագործարկելու մասին խօսելու առիթ: Եւ մենք պատրաստ ենք նման խօսակցութեան: Մեծ հաշուով խօսքը մեր շրջանը արեւմուտքը արեւելքին, հիւսիսը հարաւին կապող խաչմերուկ դարձնելու մասին է», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:
Փաշինեան ընդգծեց, որ այս հոլովոյթին աշխուժ կերպով աջակցելու հրապարակային պատրաստակամութիւն ցուցաբերած է Ռուսիան: «Եւրոպական Միութիւնը, Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները նոյնպէս հետաքրքրուած են այս հոլովոյթով: Իսկ Չինաստանի ու Հնդկաստանի շահագրգռուածութիւնը հաղորդակցութեան նախագիծերու զարգացման ուղղութեամբ յայտնի է», ասաց նա:
Ըստ Փաշինեանի, շրջանի խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը Հայաստանի կառավարութեան երկարատեւ ռազմավարութիւնն է: «Եւ մենք մեզ պատասխանատու կը նկատենք այդ խնդիրի լուծման համար: Խաղաղութիւնը, կայունութիւնը, համագործակցութիւնը դիւրին յայտարարելի եւ ցանկալի նպատակներ են, բայց անոնց իրագործման համար խելամիտ, մտածուած, գործնապաշտ ջանքեր կը պահանջուին: Եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է նման ջանքեր գործադրելու», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան: