«Տեղահանուած ու Բռնագաղթուած Հատրութ. Մէկ Տարի Անց» Խորագիրով Հանրային Քննարկում
13 հոկտեմբերին, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Տեղահանուած ու բռնագրաւուած Հատրութ. մէկ տարի անց. հիմնահարցեր եւ մարտահրաւէրներ» խորագիրով հանրային քննարկում, որուն մասնակցեցան վերջին մէկ տարուան ընթացքին ստեղծուած հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք կը զբաղին տեղահանուած հատրութցիներու խնդիրներով, նաեւ Հայաստանի մէջ Արցախի կառավարութեան գործնական աշխատանքներու գրասենեակի պետը, Հայաստանի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչը, Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի, Ազգային ժողովի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու յանձնախումբի ներկայացուցիչները:
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան տեղեկացուց, որ քննարկման մասնակցելու հրաւէր ուղղուած է նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, առողջապահութեան նախարարութեան եւ Աշխատանքի ու ընկերային հարցերու նախարարութեան, սակայն արձագանգած եւ մասնակցութիւն ապահոված է միայն աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը:
Քննարկումի անցնելէ առաջ Գեղամ Մանուկեան խնդրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներուն յիշատակը:
Պատգամաւորը յայտարարեց, որ նման քննարկման նախաձեռնած են, քանի որ մինչեւ օրս յստակ չեն Հատրութի անկման հանգամանքները, իսկ բռնագաղթածներուն ընկերային խնդիրները լիարժէք լուծում չեն ստանար:
«Այս քննարկումը կը կազմակերպենք չափազանց բարդ իրավիճակի մէջ, երբ Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ անվտանգութեան միջավայրը աւելի փխրուն դարձած է», իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան` աւելցնելով, որ արտաքին եւ ներքին սպառնալիքները արդէն Հայաստանի սահմանէն ներս են եւ կը թակեն մեր դռները, հետեւաբար` պէտք է համապատասխան որոշումներ տալ` առկայ խնդիրները լուծելու համար:
Ան յայտարարեց, որ արդէն մէկ տարի անցած է Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումէն, բայց պետութեան կողմէ որեւէ գնահատական չէ տրուած, քանի որ պետական մարմինները արձանագրած են բազմաթիւ սխալներ եւ բացթողումներ, ուստի իշխանութիւններուն համար դժուար է սեփական գործողութիւններուն գնահատական տալ:
Ըստ Սէյրան Օհանեանի, հայկական պետութիւնները միշտ ալ գտնուած են գերտէրութիւններու ուշադրութեան ներքեւ, բայց այսօրուան վիճակը նախկինէն կը տարբերի անով, որ Թուրքիա ներխուժած է շրջան եւ կը փորձէ ազդել Հայաստանի եւ Արցախի վրայ` իր խնդիրները լուծելու համար: Պաշտպանութեան նախկին նախարարը յայտնեց, որ իշխանութիւնները աւելի շատ ներքին անվտանգութեան ուշադրութիւն կը դարձնեն, քան` սահմանին տիրող ապահովական խնդիրներուն:
Սէյրան Օհանեան դիտել տուաւ, որ իշխանութիւնները բաւարար աշխատանք չեն տանիր նաեւ պատերազմի յանցագործութիւններուն գնահատական տալու, ինչպէս նաեւ` գերիներու հարցերուն: Ան նաեւ յայտնեց, որ տեղահանուածներու խնդիրը կը յատկանշուի երկու առումով` հայրենիքի կորուստով եւ քաղաքացիներու ընկերային հարցերով:
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու առաջին պաշտպան Լարիսա Ալավերդեան ըսաւ, որ յստակ պէտք է արձանագրուի Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւուած տարածքներէն բռնի տեղահանուած արցախցիներուն թիւը: «Այսօր յայտնի՞ է, թէ քանի Հատրութցի բռնի տեղահանուած է Հատրութէն, եւ արդեօք կրած վնասներու հաշուառումը կա՞յ: Բռնի տեղահանուածներու արտագաղթը ինչպէ՞ս կը ճշդուի, դուք գիտէ՞ք, թէ անոնք ո՛ւր կ՛երթան»` դիմելով քննարկման ներկայ Արցախի կառավարութեան գործնական աշխատանքներու գրասենեակի պետ Միքայէլ Վիրաբեանին` հարցուց Լարիսա Ալաւերդեան:
Ի պատասխան` Միքայէլ Վիրաբեան ըսաւ, որ Արցախի պետական նախարարին մօտ վաղուց կատարուած էին այդ աշխատանքները:
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանն ալ Միքայէլ Վիրաբեանէն ուզեց գիտնալ, թէ տեղեա՞կ է` պետական մակարդակով տեղահանուածներու խնդիրները ձեւակերպուա՞ծ են ՄԱԿ-ի գաղթականներու վերաբերեալ ծրագիրներու ծիրին մէջ եւ ի՞նչ գործողութիւններ ծրագրուած են: Ըստ Միքայէլ Վիրաբեանի, միջազգային կառոյցներուն հետ աշխատանքի վերաբերեալ պէտք է խօսին Հայաստանի իշխանութեան ներկայացուցիչները:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արա Պուլուզեանի համաձայն, այսօր տեղի ունեցածը կը փաստէ, որ յստակ մշակուած ռազմավարութիւն չկայ:
«Եթէ այն, ինչ տուած են, իրենց համար հայրենիք չէ, այլեւս այդ հարցով ո՛չ կը մտածեն, ո՛չ ալ իրաւական հարց մէջտեղ կը դնեն: Կամաց-կամաց հարցը կը մաշեցնեն, ընկերային հարցեր կը լուծեն եւ ամէն ինչ կ՛աւարտեն: Հիմա Արցախը ի՞նչ կարգավիճակ ունի Հայաստանի համար, անկէ յետոյ կը սկսին մնացած հարցերը», շեշտեց ան:
Քննարկումի ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան հատրութցիներուն եւ առհասարակ արցախցիներուն առնչուող բազմաթիւ հարցեր: Արձանագրուեցաւ, որ առկայ են ընկերային, բնակարանային, աշխատանքային, առողջապահական խնդիրներ, առկախ մնացած է անոնց կարգավիճակի հարցը, կառավարութեան կողմէ կը բացակայի առկայ խնդիրներու լուծման վերաբերող ռազմավարութիւնը:
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ` նմանօրինակ քննարկումները դարձնել աւելի աշխուժ եւ շարունակական:
«Հայաստան» խմբակցութիւնը վստահեցուց, որ հատրութցիներու եւ Արցախի միւս բնակավայրերէն տեղահանուած բնակիչներուն խնդիրները այսուհետեւ ալ պիտի շարունակեն մնալ իր մնայուն ուշադրութեան ներքեւ, եւ խորհրդարանական բոլոր լծակները պիտի օգտագործէ անոնց լուծման ուղղութեամբ: