Տապանաքարերով երկիր չի Կառուցուիր

Ժան Հալլաճեան

Այս նշմարին տողերուն ընդմէջէն, չեմ ուզեր խորանալ Հայաստանի ճգնաժամային կացութեան, անոր տուն տուող պատճառներուն, վերլուծելով ու  քննարկելով ընդդիմադիր կամ իշխանամէտ թեր ու  դէմ տեսակէտները:

Իմ ընդգծումս պիտի ըլլայ այն թեման , ուր այս օրերուն շատ մը հասարակական գործիչներ եւ թղթակիցներ, կ՚անդրադառնան վարչապետ Փաշինեանի  հանրային զրոյցի այն բաժնին, ուր իր գնահատականը ներկայացուց՝  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հասցէին:

Ազգային տենչերով հասակ առած, Հալէպի ցամաք ու փոշոտ մայթերուն սառնութիւնը համտեսած, Ա.Ք.Ե. Ճեմարանի «համեստ» ու հինցած գրասեղաններու ճռնչոցի մեղեդիները վայելած ու իր ծնողաց զուլալ հայկանութիւն բուրող յարկին տակ միայն ազգային տենչերով տոգորուած, Հալէպահայ այրուձիի մէկ համեստ անդամը՝ յանձինս Աբրահամ Գասպարեանի, պիտի ներկայանար իր հեռատեսիլի ելոյթով, հնչեցնելով՝ սպասուած  տապարի հարուածի զարթնեցուցիչ ահազանգը:

Այս կուռ ու համապարփակ վերլուծումը չներկայացաւ Դաշնակցական պաշտօնական բանբերէ մը, այլ Վահագնի դիւցազնութիւնը իր մէջը ժայթքող հայորդիէ մը,  ազգի հարազատ տենչի իբրեւ ներկայացուցիչ, անկաշառ ու վէս , պատգամեց անաղարտ ու յստակ, որ պետականութեան բարձրագոյն տեղը գրաւած պաշտօնեան, հարկաւոր է դառնայ ղեկավար՝ առաջնորդ, բառին ամբողջական առումով,  իր մէջը խտացնելով այդ կոչումին վայել բոլոր ստորոգելիները, մանաւանդ բանաւոր բառապաշարը:

Իշխանափոփոխութեամբ տոգորուած հայ զանգուածները, իրաւունք ունին անկաշկանդ հարցադրելու  բոլոր «յեղափոխականաշունչ» լոզունգներու ճակատագրի մասին, որ շարունակեն զօրակցիլ փոփոխութիւններու ճանապարհի քարտէսին: Պէտք է հաստատել, որ սպասողական վիճակը, շատ արագ կրնայ կ՚երպարանափոխուիլ եւ վերածուիլ պատրանքի: «Եղափոխութեան» հետ յոյսով տարուբերուող հայը, պիտի չուզեր ի դերեւ ելլեն իր տնտեսական, կենցաղային, քաղաքական սպասումները: Ընդհակառակը, պիտի ուզեր շօշափել  յաջորդ կառուցողական  խոստացուած արարները:

Իտէալ  հանդուրժողականութեան ձեւաչափերով  ներկայացող պետական այրը, համապատասխան վայելչութեամբ, հարկաւոր է ներկայանայ համայն ժողովուրդին: հանրութիւնը կ՚ուզէ տեսնել իր ընտրեալ առաջնորդը՝ բոլորի առաջնորդը, որպէս միացնող եւ ո՛չ թէ տարանջատող  անձնաւորութիւն: Այլապէս, կը դառնայ սոսկ պետական պաշտօնեայ, բախտաւոր պարագային հատուածի մը ներկայացուցիչ:

Այն անպաճոյճ անուանարկումներու բառարանները օգտագործողները, վաղուց իրենք մտան պատմութեան աղբանոցը: Ո՞վ կը շահի երբ մթնոլորտը կը շիկացուի այս աստիճանի, երբ ազգի մարտահրաւէրները դրան առջեւ՝ դամոկլեան սուրի նման կը ճօճուին, վրան գումարած առօրեայ  խռովայոյզ ճգնաժամային վիճակները, որոնք առ աւելի պիտի ծանրացնեն քաղաքացիի կենցաղը :

Այլ թիւր մօտեցում մը նաե՛ւ պէտք է ընդգծել, որ Դաշնակցականի կերպարը կարելի չէ նոյնացնել ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ հետ: Դաշնակցականին մէջ թէեւ խտացուած պէտք է տեսնել Դաշնակցութեան վայել նկարագիր ու կենցաղ, բայց մի մոռնաք, որ դաշնակցականը պարզ մահկանացու է, խոցելի ու երբեմն սայթաքող: Կարելի չէ  նզովանքի փորձ ընել Դաշնակցական մարդու հասցէին, միեւնոյն ատեն  ե՛ւ  Դաշնակցութեան: Դաշնակցութւինը՝ սոսկ քաղաքական կուսակցութիւն մը չէ: Ան ապրող դաւանանք է, գաղափարական հնոց է, հայ ժողովուրդի հաւաքան յիշողութեան հաւատոյ հանգանակն է, եւ ինչու չէ, նաե՛ւ կենցաղ է: Անոր մէջ՝ խտացուած է հայոց պատմութիւնը, գրականութիւնը, դիւցազներգութիւնները, ազգի յոյզերը, ու գերագույն տենչերը:

Եզրափակելով,  Աբրահամ Գասպարեանի Ելոյթը գրական մասունքի համազօր է,  եւ առաջնորդող վճիտ ուղենիշ, հանրային քաղաքական գործիչներուն եւ նպատակակէտին ուղղուած համպարփակ կառուցողական ուղերձ՝ յիշեցում:

Եթէ կ՚ընդունինք, որ ճգնաժամէ կ՚անցնի հայրենիքը, անոր համապատասխան հաւաքակրող կամքի պէտք ունինք եւ ազգային միացեալ յայտարարի:

Վերջապէս, տապանաքարերով երկիր չի կառուցուիր:

Այս կապով հետեւիլ հրապարակախօս՝ Աբրահամ Գասպարեանի թիպուկ քննարկումներուն.

https://www.youtube.com/watch?v=4b7YCjfIkPI&fbclid=IwAR1cEHHpVqFLAkGG1O9wxFWHQwD-H_oywdL1MIl_WhtkkAq2BX0k0E-VHJc

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.