Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութիւնը Իր Աջակցութիւնը Կը Յայտնէ Հայ Առաքելական Եկեղեցիին Եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին

Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան հայրերը իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Հայ առաքելական եկեղեցիին եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին:

«Հայոց եկեղեցին դարեր շարունակ իր հայրապետներուն գլխաւորութեամբ, հայրենասիրական ոգիով եւ ազգանուէր ինքնազոհութեամբ առաջնորդած է հայ ազգը` նաւարկելով պատմութեան մութ ու փոթորկալից արհաւիրքներուն մէջ, հայ ազգի գոյատեւումը ապահոված է` ի հեճուկս ոխերիմ թշնամիներուն:

«Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը աշխարհացրիւ հայութեան կը ներկայանայ իբրեւ հաւատքի օրրան, յոյսի փարոս, գոյատեւման յենարան եւ կայունութեան երաշխիք:

«Մեր մշտամրմունջ աղօթքներով կը դիմենք Ամենափրկիչ Միածինին` հայցելով, որ  բարեխօսութեամբ չարախափան եւ միշտ կոյս Մարիամ Աստուածածինին, մեր հօր` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին եւ բոլոր հայրապետներուն, եւ միջնորդութեամբ Մխիթար Աբբահօր, անսասան պահէ Ամենայն հայոց հայրապետական աթոռը, իր գահակալ սրբազնագոյն կաթողիկոսին եւ հայ ազգին:

«Ամենակալ Տէր Աստուած, փրկէ մեզ չարէն եւ անոր բոլոր արբանեակներէն», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: