Վե՛րջ վհատումին, մանաւանդ՝ ինքնասեւեռումի՛ն

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Վհատում եւ ինքնասեւեռում։

Երկու մեծ ախտեր, հիւանդութիւննե՛ր նոյնիսկ, որոնց համաճարակի վերածուելուն դէմ պէտք է պայքարիլ ի գին ամեն զոհողութեան։
Ինչի՞ մասին է խօսքը։

Խօսքը կը վերաբերի երկու ահաւոր երեւոյթներու, որոնք անհակակշիռ կ՚ընդհանրանան եւ որոնք կը սպառնան մեր գոյութեան իսկ։ Մեր՝ իբր մարդու, իբր հայու, մեր՝ իբր ազգի։

Այդ զոյգ երեւոյթներուն պատճառները ծանօթ են։

Առաջին երեւոյթին՝ վհատումին պարագային, յաջորդական պարտութիւններ, հայրենական տարածքներու, յատկապէս Արցախի նման դարաւոր հայաբնակ մեծատարած ու երկրորդ պետութեան մը վերածուած, արեա՛ն գնով նուաճուած հողամասի մը կորուստ, համաշխարհային համատարած անտարբերութիւն մեր մարդկային ու պապենական իրաւունքներու ոտնակոխումներուն դիմաց, դաշնակից կամ բարեկամ կարծուած պետութիւններու վերապահ կեցուածք ու տակաւին ազգային իշխանութեան ապիկարութիւն, անճրկում եւ գուցէ կարելի է ըսել՝ կատարեալ բացակայութիւն։

Հետեւա՞նքը։ »Կը հրաժարիմ հայութենէ« պիտի ըսէր գրողը։ Ինչո՞ւ հայ մնալ, ինչո՞ւ շարունակել զուր պայքար՝ ինքզինք պահելու, ինքնութիւն պահելու, երկիր պահելու ի խնդիր։ Ամօթի զգացում, ափսոսանք, նոյնիսկ յետադարձ ակնարկով՝ դէմ յանդիման տարիներու, տասնամեակներու, նոյնիսկ դարերու վրայ երկարած մեր թափած մարդկային ու նիւթական բոլոր զոհողութիւններուն։ Անզօրութեա՛ն զգացում։ »Կեցուցէք դառնալը, դուրս պիտի գամ այս երկրագունդէն« պիտի ըսէր ուրիշ գրող մը։

Այս չէ՞ ի վերջոյ մեր թշնամիին կամ թշնամիներուն ալ ուզածը։ Զիջինք մեր տեղը, մեր հողը, մեր ինքնութիւնը, երթանք կորսուինք, ձուլուինք այլոց մէջ ու վերջ։

Թերեւս կը չափազանցեմ, բայց, այո՛, արագ տարածուող քաղցկեղ մըն է ասիկա, որմէ պէտք է ձերբազատիլ ա՛լ աւելի արագ՝ քանի դեռ ուշ չէ։ Բժի՛շկ, բեր նժդրակը։ Նժդրակը, որ մեր հոգիներէն կտրէ-վերցնէ վհատութեան այս զգացումը։ Միանգամա՛յն։ Բոլորի՛ս հոգիներէն։ Եւ վերադարձնէ մեզի մեր հպարտութիւնը։ Հայ ըլլալու, հայ ըլլալու իրաւունքին գիտակցութիւնը։ Եւ այդ գիտակցութեամբ ապրելու մեր կամքը։

Սա պէտք է ըլլայ մեր թիւ մէկ առաջնահերթութիւնը։ Մեր՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին, իւրաքանչիւր հայ մարդու, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ անոնց ղեկավար մարմիններուն թիւ մէկ խնդիրը։ Ապա թէ ոչ մնացեալ ամեն ինչը կը թուի անհեթեթ, կը դառնա՛յ անհեթեթ։
Գալով երկրորդ երեւոյթին՝ ինքնասեւեռումին, որ թերեւս նոյն այդ առաջին երեւոյթին ալ հետեւանքը կամ շարունակութիւնը կրնայ հանդիսանալ, ան ալ նոյնքան վտանգաւոր է եւ է՛ մեզ անէացման առաջնորդող այլուղի մը։

Ինքնասեւեռում՝ երկու մակարդակի վրայ։ Նախ անհատական, մեր ամբողջ ուշադրութիւնն ու ջանքերը կեդրոնացնելով սեփական անելիքներուն, սեփական նպատակներուն, սեփական շահերուն, հաճոյքներուն եւ զուարճութիւններուն վրայ, անտեսելով հաւաքականը, ազգայինը, մոռնալով համայնքը, ազգը։ Ապա, հաւաքական մակարդակով,՝ յառաջացնելով «մենք մեր մասին մտածենք», «մենք Սփիւռքի վրայ կեդրոնացնենք մեր ուժերը», «մենք Սփիւռքը զօրացնենք», «մոռնանք հայրենիքը»։ Եւ տակաւին՝ «մէկ սենթ չեմ տար այլեւս Հայաստանի համար», «ա՛լ կը բաւէ կթան կովի տեղ դրուինք» եւ նման արտայայտութիւններ, տրամադրութիւններ, կեցուածքներ։

Գիտենք նաեւ ասոր պատճառները՝ յատկապէս Սփիւռքը ծաղրելու, նսեմացնելու, ստորնացնելու, հայրենիքէն խզելու բոլոր ճիգերը, որ դժբախտաբար անհերքելի իրականութիւն են այսօր։

Սակայն կ՚անդրադառնա՞նք, թէ մեզ վհատեցնելու թէ հայրենիքէն մեկուսացնելու բոլոր փորձերը նոյն նպատակը կը հետապնդեն՝ քայքայել մեր ազգային ներուժը, ջլատել ազգային-համազգային կարողականութիւնը, տկարացնել իբր մէկ ազգ գոյատեւելու մեր կամքը։

Այս իրողութիւն մըն է, որուն հետ չենք կրնար հաշտուիլ, իսկ եթէ հաշտուեցանք՝ արդէն կորսնցուցինք մեր գոյութեան իրաւունքն իսկ։
Կը մոռնա՞նք արդեօք, որ երբ «մենք» կ’ըսենք, այդ «մենք»-ը ամբողջութիւն մըն է, որքան ալ բազմաբնոյթ, բազմաճիւղ, բազմաշերտ մասերով։ Զիրար լրացնող, իրարմով զօրացող ամբողջութիւն մը։ Այդպէս է՝ մեր պատմութեան, մեր ճակատագրին որպէս հետեւանք։

Անշուշտ զարգացնել-զօրացնել Սփիւռքը,_ եւ երկար է այդ ճանապարհը մեր առջեւ,_ բայց զօրացնել՝ միշտ հայեացքը ուղղուած Արարատին, միշտ վառ՝ «Ազատ-Անկախ-Միացեալ»-ի տեսլականը մեր աչքերուն առջեւ, մեր հոգիներուն մէջ։ Եւ գուրգուրալ, ամուր պահել այդ տեսլականը՝ զայն օր մը ի վերջոյ իրականութեան վերածելու առաքելութեամբ օծուած նշխարի պէս փոքրիկ այս հողը, ինչպէս կ՚ըսէ միւս բանաստեղծը։ Եւ քաղաքակրթութեան անկաշկանդ բերել կարենալու համար մեր ներդրումը՝ մե՛ր լեզուով, մե՛ր մշակոյթով, մե՛ր հանճարով։

Այս ալ պիտի ըլլայ թիւ մէկ առաջնահերթութիւն։ Այո, հակասական թող չթուի։ Առաջնահերթութիւն է պայքարը ընդդէմ վհատեցման, առաջնահերթութիւն է նոյնպէս պայքարը ընդդէմ ինքնամեկուսացման, ինքնասեւեռումին։

Մեր բոլոր ճիգերը իմաստ կ’ունենան այդ պայքարի յաջող ելքէն ետք միայն։

Ով ունի ունկն՝ լուիցէ։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Comments are closed.