Վարչապետ Փաշինեանի խորհրդարանական մեծամասնութեան հարցականները

Կարօ Արմենեան

Շաբաթ մը ետք, պիտի բեմադրուի վերջին արարը և ՀՀ Ազգային Ժողովը յաջողապէս պիտի յանգի ինքնալուծարման վերջին աքթին, որմէ ետք արտահերթ ընտրութիւններու գործընթացն է, որ սկիզբ կ՚առնէ և մենք (ըստ նախատեսութեանց) կ՚ունենանք խորհրդարանական ջախջախիչ մեծամասնութիւն մը Պր. Փաշինեանի տրամադրութեան տակ։

Իսկապէս ա՞յս է, որ կ՚ուզեն Փաշինեանի հետևորդները և ա՞յս է, որ կ՚ուզէ երկիրը ժողովրդական իր մեծ զանգուածով։ Եթէ այս է ուզուածը, ՀՀ քաղաքացիական հասարակութիւնը պէտք է լրջօրէն պատրաստուի դիմագրաւելու նոր և de facto նախագահական համակարգը բոլոր իր հետևանքներով…Պր. Փաշինեան՝ ի՛նք, առաջին հերթին, պէտք է մտահոգուի իր այս «ջախջախիչ մեծամասնութեամբ»։

Դաշնակցութեան ճիգերով կեանքի կոչուած խորհրդարանական համակարգը (համամասնական ընտրակարգով) երկրորդ անգամ մը ևս պիտի խափանուի։ Առաջինը՝ Նախ. Սերժ Սարգսեանի և Հանրապետականներու մեքենայութիւններով և ահաւասիկ անգամ մը ևս՝ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի և իր Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ։ Այս ընթացքով, օրէնսդիր իշխանութիւնը լայն չափերով կը դադրի վերահսկող և հակակշռող գործօն մը ըլլալէ և կը գործէ որպէս արբանեակ՝ գործադիր իշխանութեան։ Նաև մեծապէս կը նսեմանայ դերը ՀՀ Նախագահի աթոռին։ Կը նսեմանայ մանաւանդ անկախ իրաւավիճակը դատական իշխանութեան։ Եռեակ իշխանութիւններու տարանջատութիւնը կը կորսնցնէ իր իմաստը և Սահմանադրութիւնը կ՚ըսկսի ծառայել գործադիր իշխանութեան փոխանակ ծառայելու ամբողջ ազգին։ Ասիկա այն թակարդն է, որմէ անպայման պէտք է խուսափի երկիրը այս անգամ։

Մի ամբաստանէք Սահմանադրութիւնը ձախաւերութեան յանցանքով։ Ամէն բան կարելի չէ կանոնակարգել։ Քաղաքացիական առողջ դատողութեամբ թրծուած միջավայրն է, որ կ՚իմաստաւորէ սահմանադրութիւնը։ Անհատ քաղաքացին իր անկախ մտածողութեամբ միայն կրնայ ապահովել երկրին սահմանադրական կարգերը։ Եթէ ընդհանուր գինովութեան մէջ ամբո՛խը խօսի փոխան քաղաքացիին, երկիրն է, որ պիտի հատուցէ այդ մեծ ձեռնթափութեան դաժան գինը։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.