ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ՝ «ԻՄ ՍԻՐԵԼԻ ՍՓԻՒՌՔՍ». ԺԴ․ – «Լուսաւորչի Կանթեղ»ը/Իբր Վերջաբան

Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ․

ԺԴ․ – «Լուսաւորչի Կանթեղ»ը/Իբր Վերջաբան

Լուսաւորչի Կանթեղի զրոյցը կու գայ միջնադարէն, եւ զայն առաջին անգամ արձանագրուած կը գտնենք Վարդան Արեւելցիի (13-րդ դար) գրչով։ Զրոյցը ժամանակի ընթացքին տարբերակուած է։ Քանի մը բանաստեղծութիւններ ալ գրուած են անոր վրայ։ Եւ այն բանաստեղծութիւններէն յիշատակելի են Յովհաննէս Թումանեանի եւ Վահան Թէքէեանի գրածները։

Զրոյցը իր սկզբնական բովանդակութեան մէջ՝ ապաշխարութեան կը վերաբերի, նաեւ՝ վախճանաբանական է, այսինքն՝ ակն ունեցած է «ի գալուստն Քրիստոսի»։

Պուրճ Համուտի մէջ, Վ․ Օշական իր յոբելենական այցելութեան առիթով, ըսաւ․ «Հարկ է հաւատալ հայ ժողովուրդին։ Ձրի խօսք չեմ ըսեր։ Հարկաւ ձրի խօսք է՝ եթէ խորքէն, էութենէն չենք գար։ Ձեզի բոլորիդ ծանօթ է Թումանեանի Լուսաւորչի Կանթեղը բանաստեղծութիւնը․․․ Պռաւօ, Թումանեան, մշտավառ ջահը տեսեր է։ Զայն չեն տեսներ անոնք՝ որոնք սակարկութիւններու մէջ են։ Անոնք՝ որոնք ինկած են իրենց սակարկութիւններուն մէջ, կը յուսահատին, չեն տեսներ այն ջահը։ Էութեամբս կ’ըսեմ ասիկա, որ հակառակ իր ողբերգականութեան, թափթփածութեան՝ հայուն մէջ ուժ մը կը տեսնեմ դիմանալու, ապրելու, արժէքաւոր բան մը ըսելու կեանքէն» (ԻԱՏ)։

Արդ, այստեղ այն «Պռաւօ»-ին համար՝ կը մէջբերեմ Թումանեանի ոտանաւորը։

«Կէս գիշերին կանթեղը վառ / Կախ է ընկած երկընքից, / Լուսաւորչի կանթեղն անմար / Հայոց մըթնած երկընքից: // Կախ է ընկած առանց պարան / Արագածի կատարին, / Ու սեղանից հսկայական / Լոյս է տալիս աշխարհին: // Լոյս է տալիս երկա՜ր դարեր / Ու վառւում են միշտ անշէջ / Սուրբի մաքուր արցունքները / Իւղի տեղակ նրա մէջ: // Ոչ մարդկային ձեռ կը հասնի / Էն ահաւոր բարձունքին, / Եւ ոչ քամին կը հանգցընի՝ / Վիշապ-քամին ահագին: // Երբ պատում է մութ խաւարը / Չընաշխարհիկ մեր երկրին, / Երբ տիրում է ահն ու վախը / Թոյլ, կասկածոտ սրտերին, // Ով անմեղ է, լիքը սիրով / Ու հաւատով անսասան, / Ով նայում է վառ յոյսերով / Դէպի Հայոց ապագան, — // Նա կը տեսնի էն մըշտավառ / Ջահը կախուած երկընքից, / Ասես՝ Աստծոյ աչքը պայծառ / Հսկում է ցած երկընքից»։

Թէ՛ Յհ․ Թումանեանի (նաեւ՝ Վ․ Թէքէեանի), եւ թէ՝ Վ․ Օշականի նայուածքները զրոյցին իմաստափոխութիւններ են։ Անշուշտ հիմա այն իմաստափոխութիւններուն բաղդատականը պիտի չընեմ։ Թումանեանական գովեալ տեսողութիւնը մէջբերեցի՝ ձգելով, որ ընթերցողը ինք բաղդատականը ընէ Վ․ Օշականի մտորումներուն հետ։ Եւ կ’անցնիմ՝ մտորումներուն։

Գիտենք, որ Վ․ Օշական մարտնչած է հայկական «միթոլոժի»ին դէմ, այսինքն՝ ինքնահերոսացման ժամանակակից բոլոր ընկալումներուն եւ պատկերացումներուն։ Եւ կոչ է ուղղած անոր «փոփոխութեան, առնուազն վերատեսութեան» (ՀՄՀ)։ Գիտենք, որ ան աւանդութիւնը ընդունած է որպէս անհրաժեշտ պատուանդան՝ «սլանալու համար դէպի անծանօթը», որպէսզի կարելի ըլլայ արուեստի եւ մտածումի մնայուն եւ արժէքաւոր իրագործումներ կատարել (ՍԻՏ)։ Գիտենք, որ գրած է, թէ հայը «ինքզինք պիտի իրագործէ, իր գոյութեան իմաստը պիտի ստեղծէ՝ իր զգացած կոչումին, առաքելութեան ստանձնումին մէջ» (ԻԱՏ)։ Եւ հուսկ գիտենք, թէ հակառակ կեանքի գոյութենական անհեթեթութեան իր համոզումին՝ ան յայտնատեսութիւնը ունեցած է հայութեան հաւատքին, որ բնազանցականին վրայ մեծ վստահութիւն դրած է («Մտածումներ Նուարսակի Համաձայնութեան Առթիւ»)։ Հաւատքը անհեթեթ է, ըսուած է։ Վ․ Օշականի պարագային կարելի է ըսել, անհեթեթը ծնուցիչ է հաւատքին։ Այս հաւատքը «ազգային կրօնք»ի արմատական վստահութիւնն է։ «Ազգային կրօնք» ըսելով՝ հասկցած է «ոչ այնքան կրօնական՝ որքան հոգեբանական վստահութիւնը կեանքին, հայուն ճակատագրին» (նոյն)։ «Ազգային կրօնք»ը կամ հոգեբանութիւնը ամբողջապէս կը վստահի «գերբնականի ուժին, բարիի ուժին»։ Անոր շնորհիւ է, որ 5-րդ դարուն կարելի դարձած է «բարոյական բարձր գաղափարներու ձեւակերպումը» (նոյն)։ Եւ այն «ձեւակերպում»ով՝ դրուած է հայութեան վարդապետութիւնը, որ գոյատեւման բնազդին վարդապետութիւնն է։ Այսօր բնազդի այն վարդապետութեան կրկին պէտք է հնազանդիլ, եւ «մտածել բարեփոխելու կամ փոխելու մասին» (նոյն)։ Ինչպէ՞ս բարեփոխել կամ փոխել։ Մեր պատմութիւնը ապագայէն սկսելով, շարունակելով ապրիլ, ստեղծագործել՝ ապագային նայելով (հմմտ ԴԱ)։ Սեփական աչքերը «շատ աւելի երկար ու խորաթափանց» սեւեռելով դէպի ապագան (ՄԱՄ): Այն սեւեռումն է, որ յանդուգն, աննախընթաց ու արդիական «նոր կաղապարներ» պիտի ապահովէ։

Վ․ Օշականեան «Լուսաւոչի Կանթեղ»ը՝ անհեթեթի ճամբորդին հեքիաթային խորհրդանշանն էր, որ սկիզբէն հետը կը քալէր, եւ իր կեանքին վերջաւորութեան՝ զինք գրաւեց որպէս յայտնատեսական հրաւէր համայն հայութեան ելքին, թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ՛ բազմինքնութիւն Սփիւռքին։
Այս յօդուածարքին սկիզբը գրած էի, թէ հայ ոգեկանութիւնը Շահնշահին պէս էր, որ վերջ ի վերջոյ ձերբակալեց Վ․ Օշականի հայեացքը եւ բանտարկեց զայն՝ մինչեւ մեռնիլը․․․։ Սակայն ի տարբերութիւն հայոց թագաւորին փորձառութեան՝ Օշականեան փորձառութիւնը հզօր խորհրդաւորին գրեթէ սրտագին յանձնուիլ մը եղաւ․ յանձնուիլ մը՝ խորհրդազգածներուն նման»։ Այն բանտարկութիւնը տեսանողը յայտնաբերեց։ Զարմանալի, բայց իրաւ։