ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ՝ «ԻՄ ՍԻՐԵԼԻ ՍՓԻՒՌՔՍ». ԺԱ․- Կրթական Սկզբունքներու Վերաքննութեան Համար, Եւ Նպատակադրում Մը

Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ

ԺԱ․- Կրթական Սկզբունքներու Վերաքննութեան Համար, Եւ Նպատակադրում Մը

1978-ին, Վ․ Օշական կրթական հարցի մասին յօդուած մը գրած է, տիտղոսը՝ «Եռանկիւն»։ Անիկա նախ հրապարակուած է «Հայրենիք» պարբերականի 4, 11 Նոյեմբերի թիւերուն մէջ, ապա նոյն տարուան 17 Դեկտեմբերի թիւին մէջ «Ազդակ Շաբաթօրեակ»ի։ Սոյն պարբերականին մէջ վերահրատարակութեան առիթով՝ խմբագրական վերնագրութիւնը «մէկէ աւելի երեսներով» շահեկան գտած է յօդուածը, ուստի՝ արժանի համարած «աւելի լայն ուշադրութեան, ուստի նաեւ՝ հրապարակային խոր քննարկման»։

Այս հրաւէրին ինծի ծանօթ միակ ընդառաջումը՝ Սարգիս Զէյթլեանէ է, որ քննադատական երկու յօդուած է գրած։ Առաջինը՝ «Ներքին Կորիզը, Ընտրանին» տիտղոսով (ԱՇ, 25 Փետրուար 1979). Երկրորդը՝ «Յոգնած Ճամբորդը – Հայ Լեզուն» (նոյն, 18 Մարտ 1979)։ Ինք Վ․ Օշականի միտքերը քննադատած է, զանոնք «կարգ մը խոր թիւրիմացութիւններու» հետեւանք համարելով։

Բայց ի՞նչ է ըսածը Վ․ Օշականի։

Ան յօդուածին սկիզբը ակնարկած է «հանրային հարցեր»ու, եւ զանոնք տեսած «տեղքայլ»ի մէջ, որ «անհասցէ վայր»ի մը մէջ՝ կը սպասէ «լուծումներու, որոշումներու, հրահանգներու»։ Ապա անմիջապէս անցած իր բուն նիւթին, որ կրթական հարցն է, եւ անոր նպատակադրումը ապագայ ընտրանիի պատրաստութեան։

Յետ այնու, յայտնած է, թէ իր յօդուածը պիտի խորհրդածէ «երեք հիմնական գաղափարներու շուրջ»։ Այն գաղափարներն են․
1.- Արեւմտեան արտասահմանի (այն ատեն, իր մօտ դեռ «Սփիւռք» բառին նախանձախնդրութիւնը շեշտուած չէր) վարժարաններուն մէջ հայ լեզուի, գրականութեան ու պատմութեան դասընթացքներուն միանգամընդմիշտ ջնջում, եւ անոնց փոխարինում՝ հայ ֆոլքլորի, իմացական պատմութեան ու ինքնութեան կազմութեան դասերով։

2.- Հայ դպրոցի յղացքին, կազմակերպութեան ու պաշտօնին իբրեւ կեդրոնական առանցք համարում ո՛չ թէ աշակերտը, այլ՝ ուսուցիչը։
3.- Կրթութեան նպատակի վերածում՝ աշակերտութեան հարիւրէն տասնին, այսինքն՝ ընտիրներուն պատրաստութիւնը միայն, եւ ուստի՝ հրաժարում «ժողովրդավար սկզբունքներէն», որպէսզի կարելի ըլլայ ստեղծել ղեկավար ընտրանի մը։

Ետքը թէեւ այս «գաղափարներ»ը հինգ «գաղափար»ներով պարզաբանած է, սակայն անոնք՝ ամփոփելի են երեք «հիմնական»ներուն մէջ։
Երեքին արձանագրումէն յետոյ, աւելցուցած է թէ՝ անոնք «շատ հաւանաբար անգործնական ու դժուար իրագործելի» համարուին, նոյնիսկ վրդովիչ՝ «ազգային աւանդութեան տեսակէտէն»։ Երկուքը «շատ ալ կարեւոր» չէ նկատած, եւ արձանագրած՝ թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը տիրէ «արկածախնդրական, փորձառական ոգին», որմէ խիզախութիւնը՝ «անծանօթ ապագան դրմագրաւել»ու։ Արդ, կենսական է «քաջութիւն»ը ունենալ, եւ «դժուար, անժողովրդական որոշումներ» տալ, կամ՝ «առնուազն նոր գաղափարներու հանդէպ դրական կեցուածք բռնել»։ Այլապէս, խորհած է, թէ իր այս գրութիւնը կ’ուղղուի 2000 թուականի հայոց։

Առաջին «հիմնական» գաղափարով ըսածը։

Հայերէնը արդէն տակաւ փոխուելու վրայ է, եւ ըլլալու՝ «հայերու կողմէ խօսուող լեզուի մը»։ Ուստի, լեզուի ուսուցումը, ինչպէս գրականութեան եւ պատմութեան՝ կարելի չէ շարունակել նախկին ծրագրերով։ Նախկին ծրագրերը այժմն ու միջավայրը անտեսելու մէջ էին։ Եւ կը ջամբուէին «ճնշումին տակ, սպառնալիքներու եւ վարձատրութիւններու հրմշտուքին մէջէն»։ Անոնք նաեւ կ’անտեսէին աշակերտներու «ներքին թաքուն, մտերիմ կեանք»ը, անոնց «գիտակցութեան ստեղծած աշխարհ»ը, եւ «մտքի այլ գործողութիւններ»ը։ Անոնց անմիջական լեզուն ալ՝ Դանիէլ Վարուժանի կամ Սիամանթոյի հայերէնը չէին արդէն։ Անոնց անգլերէն լեզուի փորձառութեան մէջ՝ լեզուն կենցաղական առարկայ մըն էր, եւ ոչ՝ աւելին։ Ուստի՝ հայերէնն ալ կ’ընկալուէր իբրեւ կենցաղական առարկայ մը։ Անշուշտ ինք խռովիչ բանաձեւումներով իր միտքը արտայայտած է․ այդ ալ թէ՛ իր մարտավարութիւնն էր, թէ՝ ոճը, որմէ կ’ախորժէր։ Այս վիճակը պէտք է ընդունիլ, եւ հրաժարիլ ամէն տեսակի «միթոլոժի»է։ Աշակերտներուն պէտք է սորվեցնել միայն քերականութեան հիմնական տարրերը․ բառամթերք մը, որ 2000 բառեր ունենայ․ հայերէնի պատմութեան գլխաւոր տարրերը։ Այս բոլորը այնքան՝ որ անոնք կարենան իրենց զգացածը, ապրածը, տեսածը, մտածածը արտայայտել։

Գրականութեան եւ պատմութեան դասընթացքներուն տեղ՝ ջամբել հայ ֆոլքլորի, իմացական պատմութեան ու ինքնութեան կազմութեան դասեր։ Այստեղ չեմ ներկայացներ իր առաջարկած տախտակը․ հետաքրքրուողներուն վրայ յոյսս ստոյգ է։

Երկրորդ «հիմնական» գաղափարով ըսածը։

Հայ դպրոցի «ըմբռնումը հինցած է, հինցած»։ Սփիւռքը, ըստ իրեն, աշխարհաքաղաքացիութեան տարածք է, բայց մենք դեռ մնացած ենք պահպանողական մտայնութեան մէջ, մինչդեռ հարկ էր որ ըլլայինք «ծայր աստիճան» ճկուն, արկածախնդրական եւ յանդուգն։ Հայ կրթական գաղափարաբանութիւնը «հիմնական փոփոխութեան կը կարօտի»։ Հայ դպրոցը պէտք չէ ծառայէ թութակներ հրապարակ նետելու, այլ ծառայելու է միտք, արկածախնդրական ոգի, յանդգնութիւն, ըմբոստ խառնուածք կրթելու, մշակելու, ապագային պատրաստելու։ Կեանքը փոթորիկներու տեղն է, եւ յուզական կամ գերյուզական, «երեւակայութեան հրահրում»ի «հռետորական ցասում»ի, եւ ասոնց մասերով դաստիարակութիւնը՝ դատապարտուած է ցնդելու «կեանքի առաջին լուրջ փոթորիկ»ին հետ։ Նորաշունչ հայ դպրոցը իր նոր գաղափարաբանութեամբ «կեդրոնական առանցք» ընդունելու է հայ ուսուցիչը, եւ ոչ՝ աշակերտութիւնը։ Աշակերտութեան վերածումը «կեդրոնական առանցք»ի՝ պատճառ է եղած, որ ուսուցչական առաքելութիւնը տուժէ։ Եւ առաքելութիւն մը՝ մասնագիտութիւն մըն է։ Ուսուցիչները գլխարկ փոխելու մէջն են։ Մասնագիտութիւններն են սակայն, որ իրենց գործէն կը հասկնան։ «Դպրոցական տարիները ճակատագրական են պատանիի մը իմացական ու նկարագրային աճումին մէջ․ եւ այդ ամբողջով բուն շահագրգռուածը (մասնագէտ) ուսուցիչն է», գրած է։

Երրորդ «հիմնական» գաղափարով ըսածը։

Գրած է․ «Կրթութեան նպատակ դարձնել՝ աշակերտութեան հարիւրէն տասնին, այսինքն՝ ընտրանիին պատրաստութիւնը միայն, այսինքն՝ հրաժարիլ ժողովրդավար սկզբունքներէն ու լոկ ղեկավարութեան մը, ընտրանիի մը ստեղծումին ձգտիլ»։ Ասիկա աշակերտներուն միջեւ խտրութիւն դնելու առաջա՞րկ մըն է։ Վստահաբար՝ ոչ։ Անոնք ամէնքը անհրաժեշտ է, որ դաստիարակուին «մեռած ու մեռնող կաղապարներ»էն ազատագրուելու ոգիով, եւ սորվին նետուիլ կեանքին մէջ, դիմանալ, ստեղծել ու ամրանալ։ Ուսուցիչին համար՝ դպրոցը «ամէնէն խիստ գոյութենական նշանակութիւնը ունի»։ Անոր կոչումն ու ասպարէզը կը պահանջեն, որ ան իր աշակերտներուն փոխանցէ յեղափոխական գաղափարներ, կամ առնուազն՝ սկզբունքները վերաքննելու գաղափարներ։ Ասիկա իբրեւ ընդհանրական մօտեցում։ Բայց ուսուցիչին, ինչպէս ուսուցչական կազմին պատասխանատուութիւնն է նաեւ աջակցիլ, որ դպրոցը կարենայ «բուռ մը արթուն, մտքի բացառիկ պայծառութեամբ ու երեւակայութեամբ օժտուած, տաք խառնուածքով (…) արտակարգ կարողութիւններով, եւ հետաքրքրութիւն ունեցող» աշակերտներ ընտրել, ջոկել, պատրաստել, քանի որ բախտին կարելի չէ ձգել ապագայի «ղեկավար տարր»ին կամ ընտրանիին կազմութիւնը։

1978-էն ասդին՝ ինչե՜ր փոխուեցան․․․։ Բայց Վ․ Օշականի յօդուածը 2000 թուականի հայերուն ալ բան մը չըսաւ։ Միջին Արեւելքի հայութիւնը նուազած է եւ նուաղած։ Արեւմտեան աշխարհին մէջ, իրավիճակները եւ պահանջքները ստիպած են, որ կրթական սկզբունքները վերատեսութեան ենթարկուին այնպէս՝ որ կռնծին։ Ընտրանիի Օշականեան «գաղափար»ը (զիս չի հետաքրքրեր ընտրանիի համար իր գծած բնաւորութիւնը․ կ’երազեմ Ոսկեդարեան տիպը) ի սկզբանէ ձայն բարբարոյ յանապատի իսկ չէր, որովհետեւ մեր մօտ իրապէս ամէն ինչ իր բախտին ձգուած է․․․