ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ՝ «ԻՄ ՍԻՐԵԼԻ ՍՓԻՒՌՔՍ». Թ․- Լեզուն
- (0)

Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ․
Թ․- Լեզուն
Խաչատուր Աբովեան մայրենին եւ հաւատքը պահպանել պատգամած էր, եւ գրած․ «Ա՛խ լեզուն, լեզուն. լեզուն որ չըլնի, մարդ ընչի՞ նման կ’ըլնի: Մէկ ազգի պահողը, իրար միացնողը լեզուն ա ու հաւատը: Լեզուդ փոխի՜ր, հաւատդ ուրացի՜ր, էլ ընչո՞վ կարես ասիլ, թէ ո՞ր ազգիցն ես»։ Այս յօդուածին նիւթը հաւատքը չէ, այլ՝ լեզուն։ Արդ, Աբովեան լեզուն ճանչցած է որպէս յայտնիչ եւ բնորոշիչ ազգային ինքնութեան։ Այս պատգամը հասած է մինչեւ մեր օրերը։ Ատոր աւելցած էին այլազան հաստատումներ եւ ներբողական խօսքեր, որոնք եւս հասած են մինչեւ մեր օրերը։ Հաստատումներէն՝ Յովհաննէս Թումանեանի խօսքը, որ կ’ըսէ․ «Լեզուն է ամէն մի ժողովրդի ազգային գոյութեան եւ էութեան ամենախոշոր փաստը, ինքնուրոյնութեան ու հանճարի ամենախոշոր դրոշմը, պատմութեան ու հեռաւոր անցեալի կախարդական բանալին, հոգեկան կարողութիւնների ամենաճոխ գանձարանը, հոգին ու հոգեբանութիւնը»: Այս ալ մայրենիի գաղափարաբանական ընկալման մէջ ցարդ կ’արձագանգէ։
Վ․ Օշական ի՞նչ մտածած է լեզուի մասին, ընդհանրապէս․ եւ հայ լեզուի մասին, յատկապէս։
Լեզու գործիքը կարեւոր երեւոյթ մը կամ իրողութիւն մըն է (ՈՍԴ․ «Արեւմտահայերէնի Տագնապի Մասին, ԱՏՄ), բայց միակը չէ հայկական ինքնութիւն կերտելուն։ Գրած է․ «կարելի է հայկական ինքնութիւն մը ունենալ՝ առանց հայերէն լեզուին» (ՍԻՏ)։ Հայկական ինքնութեան համար կարեւորած է դերը այլ «լեզու»ներու եւս, ինչպէս նկարչութեան, քանդակագործութեան, պարարուեստի, ճարտարապետութեան եւայլն (ՈՍԴ)։ Այս «լեզու»ները «միջազգային լեզու»ներ են (նոյն), եւ հայութիւնը, մանաւանդ սփիւռքահայութիւնը՝ միջազգային իրականութեան բնակիչն է, հետեւաբար՝ անհրաժեշտ է անոնց «մասնաւոր կերպով զարկ տալ» (նոյն)։ Լեզուն իրականութիւն մը կը փոխադրէ, անիկա «վեհիգիւլ» մըն է իրականութեան մը (նոյն)։ Իբրեւ փոխադրիչ իրականութեան մը՝ անիկա այժմին ունկնդիր պիտի ըլլայ, միաժամանակ՝ իր պատմական փորձառութեան ճանապարհը իւրացնելով։
Լեզուին կարեւորութիւնը կը կայանայ նախ եւ առաջ իրողութեան մէջ, թէ «մարդիկ լեզուի մը մէջ կը ծնին, աւելի ճիշդը՝ լեզուն է, որ զիրենք կը գործածէ, իրենց ձեւ ու կաղապար կու տայ՝ իր իրականութիւնը այժմէականացնելու համար» (ՃԽ)։ Այս հաստատումը երեք տարրեր ունի․ 1) Մարդոց ծնիլը լեզուի մը մէջ – ինչպէս իրողութիւն է ֆիզիքական-վայրի կամ բարոյական-վայրի կամ այլ արժէքային վայրի մը մէջ ծնիլը, նոյնպէս իրողութիւն է լեզուական-վայրի մը մէջ ծնիլը։ 2) Երկրորդ տարրը աւելցուցած է իբրեւ «ճշդում» – «աւելի ճիշդ»ը, ըստ իս, ոչ թէ առաջին տարրը կը ճշգրտէ, այլ՝ կը յստակացնէ, «ճշդում»ը՝ յստակացում է։ «Լեզուն․․․զիրենք կը գործածէ»։ «Գործածել» բայը կը հասկնամ իբրեւ «ի գործ ածել», այսինքն՝ մարդիկը համաձայն լեզուին բերել ձեւաւորման եւ կաղապարման մէջ։ Եւ 3) Լեզուն մարդիկը կը ձեւաւոrէ եւ կը կաղապարէ՝ «իր իրականութիւնը այժմէականացնելու համար» – շատ խիտ եւ շփոթեցնող է ասիկա։ Ի՞նչ է ըսել ուզուածը։ Ինչպէս բացատրեցի, լեզուն իրականութեան եւ այժմին կը վերաբերի, առաջնահերթաբար։ Իրականութեան ժամանակը՝ այժմն է։ Ուստի, լեզուի պարագային, «իրականութիւնը այժմէականացնել»՝ կը նշանակէ լեզուն բնակեցնել եւ բանեցնել իր այժմեան իրականութեան մէջ։
Հայերէնը «երկար, խորտ ու բորտ» ճամբայ մը կտրած է՝ «մինչեւ մեզի հասնիլը» («Հայերէնի Հոլովոյթին Մասին)։ Իսկ արեւմտահայերէնը՝ 19-րդ դարուն Պոլսահայութեան, Մխիթարեաններու եւ Իզմիրի «գեղեցկագոյն իրագործումը» եղաւ, շնորհիւ «եփած, նրբացած, հմտացած մտաւորականութեան» մը («Արեւմտահայերէնի Հարցեր», ԱՀ)։ Եւ այն «գեղեցկագոյն իրագործում»ը փոխանցուեցաւ Սփիւռքին։ Սակայն սփիւռքեան կացութիւնը՝ արմատականօրէն տարբեր կացութիւն մըն է։ 19-րդ դարու «հրաշափառ»ացեալ հայերէնը («Լեզու Եւ Ինքնութիւն», ԼԻ)՝ այլ կացութեան մը լեզուն էր։ Սփիւռքը անկեղծանալու, լրջանալու եւ իրը կառուցելու հարկադրանքին մէջն է։ Ո՛չ թէ փոխանցուածը անկեղծ չէր, լուրջ չէր, այլ ատոր անկեղծութիւնն ու լրջութիւնը՝ ի՛ր իրականութեան եւ ի՛ր այժմին անկեղծութիւնն ու լրջութիւնն էր։ Սփիւռքը այն տեսակի լեզուով՝ չի կրնար «մասնակցիլ մարդկութեան արկածախնդրութեան, որ քալելով, վազելով, սայթաքելով կ’ընթանայ անորոշ տեղ մը» (նոյն)։
Սփիւռքեան հայերէնը կը կարօտի թարմացման, երիտասարդացման, արդիականացման, «եւ ասիկա գործ մըն է, որ լեզուաբաններու եւ գրագէտներու աշխատակցութեամբ գլուխ կը հանուի» («Եռանկիւն», Ե)։ Ինք հաւանական տեսած է սակայն, որ լեզու մը կարելի չէ «որոշումներով կամ համաձայնութիւններով փոխել, վերակազմել եւ ատակ դարձնել 20-րդ եւ 21-րդ դարերու մարդու կեանքին նորութիւններն ու բարդութիւնները արտայայտելու», չըսելու համար՝ «նոր լեզու մը ստեղծելու», որ նախորդին չափ «աներեւակայելի» է (նոյն)։ Խնդրին լուծո՞ւմ մը։ Առաջին հերթին, առաջարկած է ենթաբարբառային բառեր («արկօ» կամ «սլէնկ») մտցնել գրական բառացանկին մէջ։ Այս առաջարկը պարզելով, գրած է․ «Ոչ թէ ամերիկահայերուն սիրելի կէս-հայերէն, կէս-անգլերէն նախադասութիւններու օրինակով», այսինքն՝ «Ի՞նչ թիչ կ’ընէք», «Ես քեզի միս կ’ընեմ»։ Անհրաժեշտ է զարգացնել՝ «նոր, իրական բառեր, որոնք արտայայտեն քաղաքային միջին դասակարգի կեանքին իրողութիւնները»։ Յիշած է ամերիկայի սեւամորթները կամ «իրաւազուրկ համայնքներ»ը, որոնք ենթաբարբառային բառեր կը հնարեն (նոյն)։ Բայց նաեւ անդրադարձած է, թէ հայերու պարագային «այդ տեսակ գիւտեր»ը երեւան գալու շատ կարելիութիւն չունին, քանի որ հայերը ամէնքն ալ «ստորնախաւի կացութեան մէջ» չեն, եւ իրենց օրերը կ’ապրին «խելքը-գլուխը, քիթը գործին, օրինապահ, աշխատանքի բարոյականին կառչած», այլ խօսքով՝ «մարդու պէս» կ’ապրին։ Քանի այս առումով բառաստեղծումի կարելիութիւնը շատ քիչ է, խորհած է, թէ մեզի կը մնայ՝ 1) Վերակենդանացնել մեր գաւառաբարբառներէն բառեր՝ «որոնք կը պատշաճին արդի աշխարհին»։ 2) Ինչպէս Եղիա Տէմիրճիպաշեանը՝ ստեղծել բառեր։ Եւ 3) Հայաստանեան բառակերտումներ գործածել (պիտի ըսէի՝ որոշ բառակերտումներ), (նոյն)։
«Լեզուներն ալ, մարդոց, կրօններու կամ քաղաքակրթութիւններու նման կը ծերանան, կը զառամին, եւ օր մըն ալ՝ կը մեռնին», գրած է (նոյն)։ Հայերէնն ալ կը ծերանայ, կը զառամի, եւ օր մըն ալ՝ կը մեռնի։ Ժամանակէ մը ասդին հայերէնը կը նահանջէ։ «Բայց ո՞վ ըսաւ, թէ կարելի չէ կասեցնել ու արգիլել, որ խուճապի փոխուի, ու մեզ ալ իր հետ կորստեան տանի», գրած է։ Նախորդ պարբերութեան մէջ թուարկեցի Վ․ Օշականի առաջարկները, բայց նաեւ պէտք է արձանագրել իր կոչը՝ հրաժարելու լեզուին տալէ ազգապահպանման պաշտօն (նոյն), որովհետեւ այդ պաշտօնը՝ լեզուն կը սրբացնէ, անձեռնմխելի եւ անփոփոխելի կը դարձնէ, եւ ատիկա՝ «ահաւոր վտանգ» է, «մահն իսկ է լեզուի նման յարաճուն, յարափոփոխ իրողութեան» (նոյն)։ Այդ պաշտօնն է, որ հայերէնին կու տայ «սառած շքեղութիւն» մը (նոյն) եւ զայն կը զրկէ իր «նպատակին ծառայել»է։ Հետեւա՞նքը։ «Անմիջապէս» նետուիլը կամ թափուիլը, եւ փոխարինուիլը այլ լեզուով մը (ԼԻ)։
Թէեւ տակաւին ամէնուր չէ նետուած կամ չէ թափուած հայերէնը, բայց այլ լեզուներուն փոխարինումը՝ աւելի տարածուն է արդէն։ «Վարդանանց պատերազմը վերջ չէ գտած տակաւին, ու կը շարունակենք դիմանալ պարտուելով, փիղերն ու վարձկան զինուորները մեզ կը կոխկռտեն, սակայն դեռ ողջ ենք։ Ահաւոր է գինը այս յամառութեան։ Առաջին զոհը՝ նոյնն է, միշտ ու միշտ – լեզուն», գրած է (նոյն)։ Անկասկած, Վարդանանց պատերազմին առաջին զոհը լեզուն չէր։ Ապացոյց՝ Եղիշէի «Վասն Վարդանայ եւ Հայոց Պատերազմին» երկը, որ ցարդ ոգեկան զօրութեամբ կը բանի հայ գիտակցութեան մէջ, եւ լեզուականօրէն ուսանելի մեծ իրագործում մըն է։ Բայց հիմա իր ըսածը խնդրականացնելով չզբաղիմ։ Ոչ ալ ճիգը ընեմ ըսածը այլաբանականօրէն մեկնաբանելու, ըստ որուն՝ բոլոր ազգային պատերազմներուն առաջին զոհը միշտ լեզուն էր, եւ է։ Վստահաբար, ազգային ինքնութեան պահպանման պատերազմի մէջ ենք, եւ լեզուն՝ առաջին զոհերէն մէկն է։ Սփիւռքի մէջ, հայերէնը շատոնց սկսած էր փոխարինուիլ այլ լեզուներով։ Եւ ասիկա՝ թէ՛ խօսակցական մակարդակի վրայ եւ թէ գրական։ Լեզուին զոհ դառնալը եւ փոխարինուիլը այլ լեզուներով, որքան ալ ահաւոր իրականութիւն մըն է, բայց ինք զայն ուզած է տեսնել իբրեւ կիրարկում «վերապրումի բնազդ»ին, ուստի՝ «առաքինութիւն» մըն է, եւ անպայման «հայկական որակ»ին խաթարում չի նշանակեր։ Ինք համոզուած է, թէ օտար լեզուով ալ «հայկական որակ»ը կրնայ «մաքուր» մնալ (ՍՀ)։ Այս համոզումով ալ, օրինակի համար, ամերիկահայ անգլիալեզու գրականութեան նախահայր ճանչցած է Ոիլիըմ Սարոյեանը, եւ դրական հայեացքով արժեւորած է ոչ-հայալեզու այն գրականութեան մշակումը՝ որպէս այլընտրանք «հայկական որակ»ի ստեղծագործ յարատեւման։
Իր յորդորը․ «Պահել լեզուն, որքան որ կարելի է, անկասկած։ Հակառակ պարագային, հայ գրականութիւնը օտար լեզուով զարգացնել։ Մե՛րն է այն գրականութիւնը, որ մեր ժողովուրդի տագնապը կ’արտայայտէ, ու անոր լուծում կը թելադրէ, մեր թեմաներն ու խորհրդանշանները կը գործածէ» (ՈՍԴ)։