Սփիւռքի Նախարարութիւն՝ Ինչո՞ւ Եւ Ինչպէ՞ս, Երէկ Եւ Վաղը

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Մենք կէս,

Կէս ենք մենք,

Չլինէինք կէս՝

Հայ կը լինէինք,

Եւ ոչ թուրքահայ,

Կամ ֆրանսահայ.

Կամ Արաբահայ,

(Իսկ վաղն աստղահայ եւ կամ լուսնահայ…)

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

 

Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեան խօսած է եւ անդրադարձած իր ղեկավարած գերատեսչութեան աշխատանքին, կը յայտնէ «Երկիր»ը: Խօսուած է նախարարութեան ապագային մասին, թէեւ դեռ վերջնական որոշում չկայ գերատեսչութեան փակման կամ անոր նոր ձեւով նպատակի եւ աշխատանքի կազմակերպման համար:

Ըստ նախարարին, սփիւռքի նախարարութիւնը ունեցած է խորհրդանշական բնոյթ եւ «իր առջեւ չէ դրած ամենայաւակնոտ խնդիրները»: Հետեւելով իր միտքին, պէ՞տք է եզրակացնլ, որ ըլլալով խորհրդանշական, ան եղած է պետական անօգուտ կառոյց մը: Ան նրբօրէն կը յայտնէ այն միտքը, որ գերատեսչութիւնը առանձին նախարարութեան տեսքով չըլլայ: Նաեւ ըսած է, որ  նոր կառավարութեան կազմին մէջ «Սփիւռքի նախարարութիւնը կրնայ վերակազմաւորուիլ որպէս որեւէ նախարարութեան առանձին կոմիտէ կամ գործակալութիւն»:

Ենթադրե՞նք, որ «Սփիւռքի նախարարութիւն»ը օգտակարութիւն չունի, չէ ունեցած: Կամ պարզապէս անոր կարիքը չկայ:

Տասը տարուան գործունէութիւն ունեցած Սփիւռքի նախարարութեան աշխատանքին առարկայական հաշուեկշիռը պէտք է ընել, նաեւ՝ լսելով Սփիւռքը:

Քանի որ «Սփիւռքի նախարարութիւն»ը վերամտածելու ցանկութիւն կայ, պէտք է լսել նաեւ Սփիւռքի ակնկալութիւնները: Այս նախարարութիւնը իր նպատակով եւ աշխատանքի դաշտով միւսներէն տարբեր է, ան բաց պատուհան մըն է Սփիւռքի ներկայութեան Հայաստանի մէջ, եւ Հայաստանի ներկայութեան՝ Սփիւռքի մէջ: Ի վերջոյ, իր դերին գիտակից եւ հայ ազգին ամբողջութեան պատասխանատուութիւն զգացող Հայաստանի պետութիւնը, Սփիւռքէն ոչ միայն ակնկալութիւններ պէտք է ունենայ, այլ նաեւ անոր հանդէպ պարտականութիւններ, երկու պարագաներուն ալ արդիւնաւէտութիւնը կ՛ըլլայ երկկողմանի՝ իրաւատիրոջ մասնակցութեամբ, եւ պէտք է կրկնել՝ լսելով եւ լսուելով:

Սփիւռքի նախարարութիւնը ազգի աւելի քան կէս մոլորակային տարտղնում ունեցող համրանքին համար բաց պատուհան մըն էր Հայաստանի հետ եւ Հայաստանի մէջ: Իսկ եթէ միասնաբար մտածենք այս նախարարութեան աշխատանքի դաշտի ընդարձակման եւ նպատակներու շուրջ իրաւ համագործակցութեան մասին, ըստ այնմ վերանայելով կառոյցները, պատասխանատուութիւնները բաժնելով, ընդլայնելով մասնակցութեան հնարաւորութիւնները, ան այլապէս կրնայ ծառայել ազգի միութեան:

Արդար չէ յափափոյ եզրակացնել, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը հիմնական օգտակարութիւն չէ ունեցած: Հազարաւոր սփիւռքահայերու համար, հայրենիքի հետ յարաբերութիւնները չեն եղած եւ չէին կրնար ըլլալ այլ նախարարութիւններու ճամբով:

Փոխանակ առանձին որոշելու նախարարութիւնը պահելու-չպահելու հարցը, Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն մարդոց յանձնել հարցի քննարկումը, եղածի եւ ըլլալիքի, եւ անոնց եզրակացութեան հիման վրայ որոշում կայացնել:

Պէտք է պատասխանել հետեւեալ հարցումներուն. ինչո՞ւ ունենալ սփիւռքի նախարարութիւն, ի՞նչ ընելու համար, ինչպիսի կառոյցով:

Թող ներուի ըսել, սփիւռքի նախարարութիւնը պէտք է ստանձնէ առնուազն երկու հիմնական պատասխանատուութիւններ. Սփիւռքի ազգային նկարագրով պահպանման միջոցներու ընձեռում՝ համագործակցութեամբ, եւ նոյն հունով հայրենադարձութեան կարելիութիւններու ստեղծում: Այս համազգային եւ հեռանկարային նպատակներուն համար նախարարութիւնը կը կազմակերպուի իւրայատուկ կառոյցով մը, որ սոսկ հայաստանեան եւ պետական չ՝ըլլար, անոր ղեկավարումը եւ յանձանձումը պետութեան նախարարութիւններէն տարբեր կ՝ըլլան, նկատի ունենալով անոր առարկան, որ բազմաբնոյթ է, բազմաշերտ, ընթացիկ կաղապարներու մէջ չի մտներ: Երբեմն կը լսենք ճոռոմ արտայայտութիւն մը, որ «մենք համաշխարհային ազգ ենք», այդ անորոշ սահմանումով եւ սահմանումներով հաւաքականութիւններուն տեսական եւ իրական մէկտեղման պիտի ծառայէ սփիւռքի նախարարութիւնը, ա-ռանց ենթակայ ըլլալու Հայաստանի ներքին փոփոխութիւններուն, այսինքն ան քաղաքական տեղական մրցակցութիւններէն համեմատաբար անկախ պիտի գործէ:

Ազգի կէսէն աւելի Սփիւռքը Հայաստանի մէջ իր տանիքը պէտք է ունենայ, արդիւնաւոր աշխատանքի համար, լսելով եւ լսուելով:

Ինչ որ կը նախատեսուի, նախարարութեան վերացումն է, զայն վերածելով արտաքին գործոց նախարարութեան ստորաբաժանումի մը:

Սփիւռքի հայը եւ Հայաստանի քաղաքացին հարց կրնան տալ, թէ ինչո՞վ Սփիւռքի հետ նախարարական մակարդակով հաղորդակցութիւնը կը խանգարէ պետութիւնը, կամ ինչպէ՞ս ան աւելի օգտակար կրնայ ըլլալ:

Աւելի ճիշդ պիտի չըլլա՞ր սփիւռքի նախարարութեան ասպարէզը ընդլայնել, հոն բերելով նաեւ Սփիւռքէն բանիմաց մարդիկ, նոյնիսկ՝ հեռանիստ:

Տասը տարուան աշխատանքը, ձեռք բերուած փորձառութիւնը եւ հաստատուած կապերը անտեսելու միտումը, որ շինիչ քննադատութեան հետ չի շփոթուիր, օգտակար չի կրնար ըլլալ հայ ժողովուրդին՝ Հայաստան եւ Սփիւռք:

Սփիւռքի սերտօրէն առնչուող այս խնդիրով աւելի իմաստուն պիտի չըլլա՞ր լսել նաեւ Սփիւռքը:

Ի՞նչ պիտի փոխուի կացութենէն, եթէ նախարարութիւնը դառնայ կոմիտէ կամ գործակալութիւն: Եթէ մարդիկ չարանան, կրնան ըսել, որ Սփիւռքը կը դառնայ ի միջի այլոց բան մը, առանց նկատի առնելու, որ ան որպէս համրանք ազգի կէսէն աւելին է, որմէ ակնկալութիւններ ունի Հայաստանը, ան ալ ակնկալութիւններ ունի Հայաստանէն:

Աւելի օգտակար պիտի ըլլայ թերիները սրբագրել, ընդլայնել աշխատանքի դաշտը, պահել ձեռքբերումները, չանտեսելով փորձառութեան դասերը եւ ազգի մէկութիւնը դարձնել ոչ-զգացական իրական օրակարգ:

Նախնականութիւն է խորհիլ եւ գործել այնպէս՝ որ կեանքը, այսօր կը սկսի, որ նախապէս եղածը տետրակի սպիտակ էջ է:

Tabula rasa ընելով ինքնահաստատում չ՛ըլլար:

Պէտք է ցուցաբերել եւ ունենալ ազգ-հանրութեան միացման եւ դրական գործակցութեան հեռանկար:

Եւ առանց մանրուքներու մէջ թաղուելու ունենալ կէսերը մէկի վերածելու գաղափարական վերաբերում:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.