Սոփրանօ Յասմիկ Պապեանն ու դաշնակահար Նարէ Արղամանեանը ելոյթ պիտի ունենան Մոնթէ Գարլոյի մէջ

ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ. Մոնաքոյի մէջ Սեպտեմբեր 2-3-ը յայտարարուած են Հայաստանի օրեր՝ նուիրուած Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 115-ամեակին: Հայկական մշակոյթին նուիրուած այդ օրերուն նախատեսուած են շարք մը միջոցառումներ: Մասնաւորապէս, նախատեսուած է համերգ համաշխարհային ճանաչում ունեցող օփերային երգչուհի Յասմիկ Պապեանի եւ աշխարհահռչակ դաշնակահարուհի Նարէ Արղամանեանի մասնակցութեամբ: Համերգը պիտի կայանայ «Մոնթէ Գարլօ» օփերային թատրոնին մէջ:

Արմենփրեսի մամուլի սրահին մէջ տեղի ունեցած ասուլիսին ընթացքին, Հայաստանի օրերը Մոնաքոյի մէջ, «ARMENIAN COLLECTION 2018 MONTE-CARLO» խորագրով միջոցառման նախաձեռնող եւ կազմակերպիչ Վրոյր Փենեսեանը նշեց, որ վայրի ընտրութիւնը պատահական չէ:

«Ճիշդ այդ համերգասրահին մէջ էր, որ 1974 թուականին Արամ Խաչատուրեանը համերգով հանդէս եկաւ: Նախատեսուած համերգէն առաջ «Մոնթէ Գարլօ» օփերային թատրոնի նախասրահին մէջ պիտի կազմակերպուի Արամ Խաչատուրեանի լուսանկարներու ցուցահանդէս: Համերգը պիտի կրէ բարեգործական բնոյթ, որ կը միտի աջակցիլ Հայաստանի մէջ գործող «Օգնեմ» եւ «Ֆոնտ 100» հիմնադրամներուն», ըսաւ Վրոյր Փենեսեան: Երկրորդ օրը կը նախատեսուի Մոնաքոյի հիւրանոցներէն մէկուն մէջ կազմակերպել հայկական ընտիր արտադրանքի ցուցադրութիւն, ուր ներկայացուին հայկական քոնեակն ու գինին:

Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Արմինէ Գրիգորեան նշեց, որ հրաշալի հնարաւորութիւն է յոբելեանական տարուան ընթացքին մեծ երաժիշտը ներկայացնել Մոնաքոյի մէջ, շատ հետաքրքրական ցուցադրութեամբ մը:

«Ըսեմ, որ արդէն Ապրիլին նման ցուցահանդէս մը կազմակերպուեցաւ Մալթայի մայրաքաղաք Վալետայի մէջ, որ այս տարի Եւրոպայի մշակութային մայրաքաղաքն է: Այդ ցուցադրութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն առաջացուց, եւ ես շատ ուրախ եմ, որ առաջարկ եղաւ այդպիսի ցուցադրութեամբ ներկայանալու Մոնաքոյի մէջ, երկիր մը, ուր հանդէս եկած է Արամ Խաչատուրեանը», ըսաւ Արմինէ Գրիգորեան՝ ներկայացնելով հետաքրքրական պատմութիւն Արամ Խաչատուրեանի Մոնաքօ կատարած այցելութեան մասին: Երբ ան հիւրընկալուեր է Ֆրանսայի մէջ, աշխարհահռչակ թաւջութակահար Մստիսլաւ Ռոստրոպովիչի հետ, որոշեր են այցելել Մոնաքօ: Այդ ժամանակ Մոնաքոյի արքայազունը իր կնոջ հետ երկրէն դուրս եղած է, իսկ երբ իմացեր է, թէ ինչպիսի՛ հիւրեր եկեր են, իրենց այցը ընդմիջեր են եւ վերադարձեր՝ Մոնաքօ, որպէսզի ընդունին զիրենք: Այդ ժամանակ արքայազունը Արամ Խաչատուրեանին առաջարկեր է 1974 թուականին տեղի ունեցող փառատօնին ելոյթ ունենալ, եւ ստեղծագործութիւն գրել յատուկ այդ փառատօնի բացման արարողութեան համար:

Այժմ այդ նոյն բեմին վրայ հանդէս պիտի գան Յասմիկ Պապեանն ու Նարէ Արղամանեանը:

«Շատ ուրախ եմ, որ առիթը ունիմ կրկին վերադառնալու «Մոնթէ Գարլօ» օփերային թատրոն՝ հանդէս գալու այսպիսի բացառիկ համերգով: Պէտք է ըսեմ, որ այս օփերային թատրոնը ընդհանրապէս Եւրոպայի համերգասրահներուն, թատրոններուն մարգարիտներէն մէկն է: Համերգին պիտի հնչեն բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ, որոնց շարքին՝ Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները», ըսաւ Յասմիկ Պապեան: Ան «Մոնթէ Գարլօ» օփերային թատրոնին մէջ երգած է նաեւ 2009 թուականին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.