Հանգանակ (մարդկային, ազգային, գրական…)
- (0)

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հանգանակ ունենալու անհրաժեշտութեան մասին շատեր անդրադարձած են, այս տողերը գրողը՝ նոյնպէս։ Եւ եթէ անգամ մը եւս բառը կը պարտադրէ, որ դարձեալ գրեմ, պատճառը այն է, որ ոմանք հարց կու տան, թէ կարիքը կա՞յ հանգանակ մը ունենալու։
Մարդիկ կ՚ապրին իրենց ուզած ձեւով, կամ կը կարծեն թէ այդպէս կ՚ապրին, մինչդեռ պարուրուած ենք բազմազան սահմանափակումներով, որոնց մեծ մասը կ՚ընդունինք յաճախ անգիտակցաբար. կ՚ընդվզինք երբեմն, սակայն ընդհանրապէս կ՚ենթարկուինք անոնց, առանց երբեք մտածելու թէ անոնցմէ շատեր կրնան փոխուիլ, կրնան ջնջուիլ կամ փոխարինուիլ մեզի աւելի օգտաբեր պայմաններով։
Մենք, առանց անպայման յստակ սահմանում մը ընելու եւ ճշտորոշելու մեր սեփական հանգանակը, մեր կեանքն ու գործունէութիւնը կը ձեւաւորենք այնպէս, որ անոնք ըլլան աւելի նպաստաւոր՝ մեր նպատակակէտերը իրագործելու, մեր նպատակներուն հասնելու համար։
Եթէ ուսանող եմ, կրնամ ուզել բարձրագոյն նիշերով յաջողիլ քննութիւններուս՝ ուսումս շարունակելու կամ լաւ վարձատրութեամբ զբաղում գտնելու նպատակով։ Սա ինքնին հանգանակ մըն է, որքան ալ անձնական նեղ ծիրի մը մէջ ըլլայ ան։ Նոյնպէս, եթէ կրնամ հետապնդել ընտանիք կազմելու ծրագիր մը, այդ եւս հանգանակ մը կրնայ դառնալ ինծի համար։
Բայց ատոնցմէ վեր կան բարոյական ըմբռնումներ, զորս կը ժառանգենք մեր ծնողներէն, մեր հաւատքէն, որ ինքն ալ ունի արդէն իր հանգանակը, մեր աւանդութիւննրէն, մեր ընթերցումներէն եւ դեռ տարբեր աղբիւրներէ, ըմբռնումներ, որոնք նոյնպէս կրնան հանգանակ հանդիսանալ։ Եթէ կ՚ուզեմ հացս վաստկիլ սեփական քրտինքովս եւ չեմ ուզեր շահագործել ուրիշին աշխատանքը, եթէ կ՚ուզեմ յարգել այլոց իրաւունքները, նոյն իրաւունքները որ ես կրնամ վայելել, նման մօտեցումներ խարիսխը կրնան կազմել սեփական հանգանակիս։
Իսկ ինչպէս ես, իբր անհատ, եւ ինծի նման բոլոր անհատները, հանգանակ կ՚ունենան նաեւ այն հաւաքականութիւնները, որ կազմուած են մեզմով։ Անոնք տարբեր բնոյթի ու տարբեր տարածքի խմբաւորումներ են, սկսեալ թաղէն, համայնքէն, քաղաքամասէն մինչեւ քաղաք, նահանգ, երկիր, նոյնիսկ ցամաքամաս ու վերջապէս արար աշխարհ։ Անոնց հանգանակները սահմանուած կ՚ըլլան օրէնքով, սահմանադրութեամբ կամ այլազան համաձայնագրերով ու վաւերաթուղթերով։ Մենք, անհատաբար, կամայ-ակամայ, ենթակայ ենք այդ բոլորին։ Ուստի մերը կը նկատուին անոնց հանգանակները, գիտակցինք կամ չգիտակցինք անոնց, համաձայնինք կամ ընդդիմանանք անոնց, մեր ներդրոումը բերենք կամ չբերենք անոնց պահպանման, բարեփոխման կամ զարգացման մէջ։
Այդպէս է, որ կը ծագի ազգային հանգանակ ունենալու հարցը։ Բարդ հարցը, քանի որ իբր ազգ համախումբ չենք ապրիր մէկ հողի վրայ։ Եւ հոս է, որ մեր ազգային կազմակերպութիւնները, մեր պետութիւնը, մեր կուսակցութիւնները պարտին ազգին համար բանաձեւել ու ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնել ազգային հանգանակը։ Ազգային մէկ ու միակ հանգանակը, այլապէս չ՚ըլլար ազգային. կրնայ այս կամ այն իշխանութեան կամ կուսակցութեան հանգանակը հանդիսանալ, բայց ոչ ազգինը։
Երբ այս տողերը կը գրեմ, չեմ կրնար չվերյիշել Նաւասարդեան Վահանի այսպէս կոչուած «քաղաքական կտակին» մաս կազմող հետեւեալ խօսքերը։ Կարելի՞ է անոնցմէ աւելի կուռ ու յստակ բանաձեւում մը գտնել.
«Արցունք ու արիւն չտեսնել հայ ժողովուրդի աչքերուն մէջ։
Հայ շինականը տէր դարձնել իր արդար վաստակին։
Հաւատացեալը ազատ ձգել անվախօրէն իր Աստծուն աղօթելու։
Խորտակել հայ մտածումին վրայ ծանրացած շղթաները։
Հայ լեզուն ազատել զինք կաշկանդող կապանքներէն։
Թոյլ տալ, որ հայ հանճարը ազատօրէն ծաղկի ու ստեղծագործէ
իր ազատ հայրենիքին մէջ։
Ազատ տեսնել հայ քաղաքացին ազատ Հայաստանի մէջ»։1
Կարելի է այս հանգանակը նկատել որեւէ ժողովուրդինը, այնքան որ համամարդկային հնչեղութիւն ունի ան։
Վերնագիրս մէկ բառ եւս կը բովանդակէ։ Գրակա՛ն։ Ինչո՞ւ կը նշեմ զայն։ Իսկ այդ բառին քով երեւցող կախման կէտը կ՚ենթադրէ գրականութենէն տարբեր մարզեր ալ։ Առաջադրանքս այն է, որ յանձնառու մարդը, գրող ըլլայ ան թէ արուեստագէտ, գիտնական թէ մարզիկ, վերջին հաշուով պիտի ունենայ նման ազգային թէ համամարդկային հանգանակ մը, եթէ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այս հետզհետէ աւելի ու աւելի վայրենացող աշխարհի մարդկայնացման ճիգին։ Ուստի, առաջին պարբերութեան մէջ նշուած հարցումը այլ ձեւով դրուելու է.
– Կարելի՞ է ապրիլ առանց հանգանակի։
- Տես ՅՈՒՍԱԲԵՐ, նուիրուած Վահան Նաւասարդեանի յիշատակին, Գահիրէ, 1957, էջ 10։