Հայաստանի համար շատ մեծ նշանակութիւն ունի Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը ոչ միայն այն առումով, որ հարցը կը վերաբերի տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան, այլեւ այն առումով, որ մենք ընդգծուած անհանգստութիւն ունինք մեր հայրենակիցներու անվտանգութեան հարցով: «Արմէնպրես»-ի հաղորդմամբ, այս մասին ՀՀ ԱԳ նախարարութեան մէջ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսաւ ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան:
Անոր խօսքով` Հայաստանն այս տարիներուն ընթացքին` 2011 թուականէն ի վեր, հիւրընկալած է մեր հայրենակիցները, Հալէպի մէջ գործող գլխաւոր հիւպատոսութիւնն ալ առօրեայ կարգով կ՛աշխատի եւ կը փորձէ հնարաւոր ներդրումն ընել մեր հայրենակիցներու անվտանգութեան վերաբերող հարցերուն մէջ:
«Հայաստանն առաջին անգամը չէ, որ տրամադրած է մարդասիրական օգնութիւն Սուրիա ապրող մեր հայրենակիցներուն: Իրենց անվտանգութեան հարցը կը շարունակէ մնալ մեր օրակարգային կարեւորագոյն հարցերէն մէկը, եւ այդ տրամաբանութեամբ է, որ մենք կը գործենք եւ կ՛աշխատինք մեր գործընկերներուն հետ»,- ըսաւ Մնացականեան`ընդգծելով Ռուսաստանի Դաշնութեան դերը մարդասիրական օգնութիւնն անվտանգ տեղ հասցնելու գործին մէջ: