Համով պաղպաղակ, անհամ «Բարբարակ». տառացի տառադարձութեան տառապանքը

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

1988 թուականին Ֆրանսայի Սէն Թրոփէ նշանաւոր ծովափնեայ աւանին մէջ հայազգի Հերի Թէնէքէճեան հիմնադրեց պաղպաղակի խանութ մը, որ շուտով պիտի դառնար Ֆրանսական ռիվիերայի ամենէն սիրուած անկիւններէն մէկը։ Իբրեւ ապրանքանիշ-անուն՝ ան ընտրեց իր ժողովուրդի լեզուի ամենէն պարզ ու բնական բառը՝ «պաղպաղակ»-ը. զայն ձեւաւորեց ֆրանսերէնի եւ արեւմտահայերէնի հնչիւնական խաչմերուկին վրայ։ Քանի որ արեւմտահայերէնի երկաստիճան բաղաձայնական համակարգին մէջ խուլ «պ»-ն կը հնչէ իբրեւ ձայնեղ b, կոկորդային «ղ»-ն կատարելապէս կը համընկնի ֆրանսերէնի քմային r-ին ([ʁ]), իսկ վերջին «կ»-ն՝ c տառին, ֆրանսական տառերով ծնունդ առաւ «Barbarac» անուանումը։

Տեղացի ֆրանսացիին կամ եւրոպացի զբօսաշրջիկին համար անիկա հետաքրքրական, տարաշխարհիկ անուն մըն է. արեւմտահայախօսերուն համար՝ ինքնատիպ ու հարազատօրէն ժպիտ առաջացնող «պաղպաղակ»-ը։ Ահաւասիկ սփիւռքեան մշակութային ճկունութեան հիանալի օրինակ մը. սեփական ինքնութիւնը ոչ-հայ միջավայրին կը ներկայացուի առանց զայն թարգմանելու կամ փոխելու, այլ՝ լեզուական նուրբ խաղով մը։

Տասնամեակներ ետք այս նոյն հաստատութիւնը իր առաջին մասնաճիւղը կը բանայ Երեւանի մէջ, եւ ահա թէ ո՞ւր տեղի կ’ունենայ վարչական մեքենականութեան, անբաւարար լեզուական գիտակցութեան եւ մշակութային խզման դառն զաւեշտը…

Այստեղ պէտք է խոստովանիմ, որ պաղպաղակը չափազանց լուրջի կ’առնեմ: Ծնողքս տարիներ շարունակ պաղպաղակի քանի մը մասնաճիւղեր կը վարէին, եւ մանկութեանս մէկ կարեւոր մասը անցած է սենեակաչափ սառցարաններու մէջ, վաճառասեղանի մը ետեւ յաճախորդներ սպասարկելով եւ՝ ամէն անգամ, որ նոր համ մը խանութ մտնէր՝ ինքզինքս անոր «պաշտօնական համտեսողը» հռչակելով։ Ընդհանրապէս, ուտելիքի նկատմամբ բաւական անտարբեր եմ. նուրբ քիմք կամ զարգացած ճաշակ չունիմ: Ճիշտ է, ուտելը շատ (եւ շատ ուտելը) կը սիրեմ, բայց ինծի համար կերակուրը զուտ սնուելու միջոց մըն է. կերակուրի հանդէպ երբեք քմահաճ չեմ եղած: Սակայն պաղպաղակի պարագային՝ ամէն ինչ կը փոխուի. անոր հանդէպ վերջին ծայր բծախնդիր եմ, եւ իսկապէս որակաւոր կամ անորակ պաղպաղակը հեռուէն կրնամ զանազանել:

Ուստի եթէ աշխարհիս վրայ կայ բան մը, որ հարազատ լեզուէս ալ աւելի (կամ առնուազն անոր չափ) կը սիրեմ, անիկա համով պաղպաղակն է…

Վերադառնանք բուն նիւթին. Հայաստանի Հանրապետութեան «Լեզուի մասին» օրէնքն ու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու կանոնակարգերը իրաւացիօրէն կը պահանջեն, որ հանրային ցուցանակներու վրայ օտար անունները ունենան պարտադիր հայերէն գրառում։ Սակայն խնդիրը կը պայթի այն պահուն, երբ գործի կը լծուի Հայաստանի պաշտօնական տառադարձական չափանիշը։ Կիրարկուող մեթոտաբանութիւնը ոչ թէ բովանդակային կամ ստուգաբանական է, այլ կոյր, տառ-առ-տառ ֆորմիւլա մը. լատինատառ B-ն անվերապահօրէն պէտք է դառնայ Բ, R-ը՝ Ր կամ Ռ։ Ոչ ոք կանգ կ’առնէ հարցնելու անունին ծագումը, շրջարկն ու պատմութիւնը (մինչդեռ կարելի է մէկ հպումով մտնել ընկերութեան պաշտօնական կայքէջը եւ կարդալ գրուած բացատրութիւնը՝ «Barbarac («glace» en arménien)»՝ այսինքն՝ «Barbarac (պաղպաղակ՝ հայերէնով)»). եւ Երեւանի սրտին մէջ հպարտօրէն կը յայտնուի անհեթեթ ու անհամ (բառախաղ չէ՛ ըրածս) «ԲԱՐԲԱՐԱԿ»-ը։
«Բարբարակ»…

Արդեօք «բա՞ր»-ն է բարակ (երեւանեան ցուցափեղկերէն ծանօթ մեր գինէ/գարեջրատո՞ւնն է (bar) նիհարցեր). կամ բարակ «բառ»-ը տառասխալո՞վ գրուած է… (ահաւասիկ բառախաղերը):
Լաւ, լրջանա՛նք. տառադարձական խիստ ուղեցոյցներ, անշուշտ, անհրաժեշտ են եւ մեծապէս օգտակար՝ փաստաթղթային քաոսը կանխելու եւ օտար անունները հանրային դաշտին մէջ համակարգելու համար։ Բայց երբ կանոնը կը կիրարկուի իբրեւ կոյր արգելք՝ զուրկ լեզուաբանական տարրական բանականութենէ եւ ստուգաբանական զտիչէ, անիկա ինքնաբերաբար կը վերածուի ինքնախաբէութեան։ Պետական վարչարարութիւնն ու ցուցանակը հաստատող մարմինները Barbarac-ը դիտեցին իբրեւ բացարձակապէս օտար, հաւանաբար փրովանսական կամ կելտական եզրոյթ մը (չէ որ իրենք կը գործածեն -ac/-ec մասնիկները)՝ բնաւ չկռահելով, որ իրենց դիմաց՝ պետականօրէն հայախօս երկրի մը մայրաքաղաքին մէջ կանգնած է հայերէն, հասարակութեան մէջ յաճախ գործածուող, հասարակ բառ մը։

Բայց մեղքը միայն պետական «չինովնիկ»-ի (պետական պաշտօնեայ) վիզը փաթթելն ալ արդար չէ. պատասխանատուութեան բաժին մը կը ծանրանայ նաեւ ընկերութեան տիրոջ եւ կամ Երեւան բերող տեղացի գործարարներուն եւ տնօրէնութեան վրայ։  Կա՛մ իրենք եւս նոյնքան անտեղեակ էին իրենց ծախած պաղպաղակին ինքնութենէն, կա՛մ ալ ցուցաբերեցին ծայրայեղ անտարբերութիւն ու ծուլութիւն՝ գերադասելով գլուխ չցաւցնել պատկան մարմինին հետ եւ առանց առարկութեան արտօնել լեզուական այս անհեթեթութիւնը։

Փոխանակ բառը ճանչնալու եւ զայն վերականգնելու իր բնական հայկական կերպարանքով՝ «Պաղպաղակ» գրելով, ստեղծուեցաւ լեզուական անհեթեթ նորաբանութիւն մը, որ հայերէնի մէջ ոչ մէկ իմաստ ունի (բացի հաւանաբար «բարբարոս» արմատի տհաճ ու պատահական արձագանգէն):

Դեռ խանութը պաշտօնապէս դռները չբացած, երբ լսեցի (եւ ուրախացայ), որ ֆրանսահայ խանութը մուտք պիտի գործէր Հայաստան՝ արդէն տառադարձութեան ճակատագրական աղէտը կը կանխազգայի։ Ընկերներուս հետ կը կատակէի ու գրաւ կը բռնէի, թէ տեսնես «մերինները» ինչպիսի՜ սարսափելի՛, ահռելի՜ տառադարձութեամբ այս անունին «մուխը պիտի մարեն»։ Եւ աւա՜ղ, կանխատեսումս չափազանցութիւն չէր:

Անշուշտ որ այս դրուագը սոսկ մէկ խանութի ցուցանակի թիւրիմացութիւնը չէ. բնականաբար, տառադարձական այս բթամտութիւնը ու տառացի կարծրամտութիւնը արդէն վաղուց է, որ ջիղերս իրար կ’անցնէ ու աչքս կը ծակէ մեր սիրելի մայրաքաղաքին մէջ։ Բայց անիկա նաեւ օրինակ մըն է աւելի խորունկ ճեղքի մը՝ արեւելահայ եւ արեւմտահայ լեզուամտածողութիւններու միջեւ։ Թէեւ ՀՀ սահմանադրութիւնը հայերէնը կը հռչակէ պետական լեզու՝ առանց որեւէ ճիւղային խտրականութեան, գործնականին մէջ պետական եւ վարչական ամբողջ մեքենան կառուցուած է բացառապէս արեւելահայերէնի եւ խորհրդային շրջանի (յետ-)աբեղեանական՝ «բարեփոխուած» ուղղագրութեան վրայ։ Արեւմտահայերէնի հնչիւնական օրինաչափութիւնները, նրբութիւններն ու անոր երկաստիճան բաղաձայնական համակարգը պետական գրասենեակներուն համար մնացած են անծանօթ ու անհասկնալի տարածք։ Ուղեցոյց մշակողներուն համար արեւմտահայ(երէն) իրականութիւնն ու սփիւռքեան մշակոյթը պարզապէս դուրս են տեսադաշտէն, կարծես անոնք կը պատկանին այլ ազգի մը։

Նոյն այս մեքենական կարծրամտութիւնն է պատճառը, որ արեւմտահայախօսը կամ Հայաստան հաստատուած սփիւռքահայը Երեւանի մէջ մինչեւ օրս պաշտօնական մակարդակով կը բախի այն նուաստացուցիչ պնդումին, թէ ինք «տառասխալով ա գրում իրա անունը», կամ թէ իր գործածած մաշտոցեան դասական ուղղագրութիւնը թերութիւն է։ Անձամբ ականատեսն ու «զոհն» եմ եղած այս զաւեշտին. քանի մը տարի առաջ, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ Աստուած գիտէ թէ այլ ինչերու այդ գեր-նախարարութեան մէջ պաշտօնեայ մը ամենայն լրջութեամբ ինծի յայտնեց, որ անունս «տառասխալով» կը գրեմ։ Այո՛, երկրի կրթութեան եւ մշակոյթի գլխաւոր գրասենեակին մէջ աշխատող մարդը կեանքին մէջ բնաւ չէր լսած «դասական» կամ «մաշտոցեան/մեսրոպեան» ուղղագրութեան մասին (կ’երեւի այդ միաձուլուած հսկայ համակարգին մէջ այդ օրը «սպորտ»-ի (մարզական) բաժինը շատ զբաղած էր, իսկ մշակոյթին ուղղակի հերթ չէր հասած)…

Երբ պետական մարմինները չունին լեզուական այնպիսի հասունութիւն, որ ճանչնայ սեփական մշակոյթի մէկ կարեւոր թեւը, անխուսափելի կը դառնայ, որ օտարացած տառը յաղթէ կենդանի իմաստին։ Ի վերջոյ, լեզուն միայն գրասենեակային կանոններու եւ տառադարձական աղիւսակներու համախումբ չէ, այլ ազգային ինքնագիտակցութեան կենդանի անօթը։ Ցուցանակի «ԲԱՐԲԱՐԱԿ»-ը միայն առեւտրական վրիպում մը չէ, այլ նաեւ ահազանգ մը, որ առանց լեզուական երկու ճիւղերու իրական երկխօսութեան, առանց փոխադարձ յարգանքի եւ լեզուական լայնախոհութեան՝ մենք դատապարտուած ենք մեր իսկ հարազատ բառերը մեր իսկ մայրաքաղաքին մէջ կարդալու իբրեւ անհասկնալի օտարութիւն։

Ժամանակն է հասկնալու, որ նոյն բաժակին մէջ մատուցուող պաղպաղակի համով երկու  գնդիկները իրարու չեն խանգարեր, այլ կը լրացնեն զիրար. չես կրնար մէկը համտեսել՝ միւսը իբրեւ անպէտք բան մէկ կողմ հրել: Այդպէս պաղպաղակը կը հալի: Տառադարձական ամենէն կատարեալ աղիւսակն անգամ երբեք չի կրնար փոխարինել պարզ տրամաբանութեան եւ սեփական արմատները ճանչնալու տարրական գրագիտութեան։

Այլապէս, որքան ալ պաղպաղակը համով ըլլայ, պաշտօնական գրասենեակներուն մէջ պատրաստուած այս լեզուական խեղաթիւրումն ու մեր երկու հատուածներուն միջեւ տիրող փոխադարձ անտեղեակութիւնը բերնիս մէջ միշտ դառն յետհամ մը պիտի ձգեն… ֍

***
Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի հոկտ. 2026 (#230) թիւին մէջ: