Սիմոն Վրացեան. Լուսանկարի մը պատմութիւնը

ՀՅԴ 1959-ի Ընդհանուր ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Գահիրէի մէջ, ի շարս այլ մեծերու, ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ (1920) Սիմոն Վրացեանը, որ կնքահայրը եղաւ նորագիրներուն՝ ՀՅԴ Օրուան առթիւ կազմակերպուած հրապարակային հանդիսութեան։ Լուսանկարին ներքեւ արձանագրուած է Հոկտեմբեր 30, 1959 թուականը։

28 Մայիս 1918ին հիմնուած Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ եւ վերջին վարչապետն էր Սիմոն Վրացեան՝ Հայաստանի անկախութիւնը կերտած սերունդին արժանաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը։

Երկար ապրեցաւ եւ մինչեւ 87 տարեկան հասակը պատնէշի վրայ մնաց Վրացեան՝ գործելով եւ պատասխանատու առաքելութիւններ ստանձնելով ամէնուր եւ այն բոլոր մարզերուն մէջ, ուր հայ ժողովուրդը պէտք ունեցաւ իրեն եւ Դաշնակցութիւնը պարտականութեան գլուխ կոչեց զինք։

՚1952ին, Լեւոն Շանթի մահէն ետք, Վրացեան նշանակուեցաւ Ճեմարանի տնօրէն եւ մեծ ներդրում ունեցաւ Համազգայինի կրթական այդ մեծ հաստատութեան տնտեսական հիմերու ամրապնդումին մէջ։ Նաեւ հրատարակութեան պատրաստեց եւ լոյս ընծայեց իր յուշերը՝ «Կեանքի Ուղիներով» վեց-հատորեակը, որ համադրումը եղաւ ազգային¬քաղաքական եւ հոգեմտաւոր իր ժառանգութեան ու պատգամին։

Եւ մինչեւ վերջին շունչ, մինչեւ 21 Մայիս 1969ի իր մահը, Սիմոն Վրացեան թէ՛ մեր մամուլի էջերէն, թէ՛ հրապարակային հանդիսութեանց բեմերէն անլռելի վկան ու պատգամախօսը դարձաւ այն պատմակշիռ երթին, որ հայ ժողովուրդը կտրեց քսաներորդ դարու առաջին քառորդին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.